ՀԱԿԱՌԱԿ ՄԵԾ ՏԱԳՆԱՊԻՆ, ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐԸ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ՉԵՆ

Ընդամէնը ժամեր մեզ կը բաժնեն նոր տարեմուտէն։ Մերձաւոր Արեւելեքի կտրուածքով բախտառիթ տարի մը չեղաւ ոչ միայն ինն տարիէ ի վեր տագնապի մէջ տապլտկող Սուրիոյ, այլ նաեւ՝ արդէն իսկ տնտեսական բարդ դրութեան մատնուած Լիբանանին համար։

Իմ ընթերցողները՝ որոնք կը հետեւին այս սիւնակին, կարողացան ոչ միայն հետեւիլ Պէյրութի մէջ կատարուող զարգացումներուն (որոնք յաճախ ունեցան անսպասելի եւ անհաւանական ընթացքներ), այլ նաեւ տիրապետեցին ընդհանուր շրջանին մէջ տիրող մթնոլորտին ու քաղաքական պատկերին։

Լիբանանցիք անշուշտ չէին ընտրած երկիրը տակնուվրայ ընելու կամ նոյնիսկ քաոսի մատնելու գործընթացը, սակայն շատերու վկայութեամբ՝ անոնք փողոցէն զատ այլընտրանք չունէին։

Ընկերային վիճակը, տնտեսական ծանր լուծը, ապրուսի դժուարութիւնը ու այս բոլորի կողքին երկրին առնուազն երեսուն տարիէ ի վեր իշխող վերնախաւին հանդէպ առկայ անվստահութիւնը ստեղծած էին մեծ տարողութեամբ վիհ մը, որուն պատճառով ալ լիբանանցիները միաբերան կ՚աղաղակէին, թէ այսօր երկիրը կառավարող բոլոր գործիչները, կամ որպէս ղեկավար հանրութեան ներկայացող անհատները պարտաւոր են արագօրէն լքել իրենց պաշտօնները ու հեռանալ։

Ամէն պարագայի, աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ շուրջ 70 օրեր փողոցային պայքարի շրջանէն ետք, դժգոհ հասարակութիւնը տակաւին չէ հանդարտած, որովհետեւ չէ հասած իր հեռաւոր նպատակներուն։ Ճիշդ է, որ վարչապետ Հարիրին հրաժարական տուաւ ու ճիշդ է նաեւ, որ երկիրը ունի նոր վարչապետ՝ յանձին Հասսան Տիապի, սակայն այդ չի նշանակեր, որ անոնք մօտեցած են լուծումներու ընդհանուր փուլին։

Այս բոլորի ներքոյ մեզի համար իւրայատուկ արժէք եւ իմաստ կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ ապրող հայութիւնը՝ լիբանանահայութիւնը, որ ամէն պարագայի տակ ալ կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, որպէս կազմակերպուած հայ համայնք եւ միջինարեւելեան ընդհանուր աւազանի հայկական կարեւոր գործօն։

Այս բոլորի կողքին եւ աւելի յստակ պատկերացում մը կազմելու նպատակով յաջողեցայ համապարփակ զրոյց մը ունենալ Լիբանանի Այնճար հայկական աւանի բնակիչներէն՝ Սեւան Աբէլեանին հետ, որ հակիրճ տողերու մէջ կարողացաւ մեզի հետ բաժնեկցիլ այսօր Այնճարի եւ առհասարակ Լիբանանի հայութեան ընդհանուր խնդիրները, ապրած առօրեան եւ առկայ դժուարութիւնները. միշտ յուսալով եւ շեշտելով, որ այսօրուան դժուարութիւններն ու Լիբանանի երկնակամարին վրայ կուտակուած մոխրագոյն ամպերը գնայուն են եւ վաղուան, ապագայի յոյսն ու լոյսը անկասելի են։

ՏԵՍԱԿԷՏ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ

Թարմ տուեալներ Լիբանանէն. Սեւան Աբէլեան պատմեց համայնքի ընդհանուր վիճակին եւ դժուարութիւններուն մասին։

-Այնճարի հայութիւնը ի՞նչ մթնոլորտի մէջ կը պատրաստուի դիմաւորել տօնական օրերը:

-Արդէն իսկ բոլորին ծանօթ է, որ երրորդ ամիսը ըլլալով Լիբանանի մէջ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին: Անշուշտ Այնճարն ալ որպէս Լիբանանի մէկ մասնիկը ունի նոյն հարցերը։ Երբ մարմնիդ մէկ անդամը ցաւի, ամբողջ մարմնիդ վրայ կ՚ազդէ: Նոյնն է նաեւ իրավիճակը Այնճարի համար: Թէեւ Այնճարի մէջ ցոյցեր տեղի չեն ունենար: Նոր տարուայ կարգ մը գործունէութիւններ ջնջուած են երկրին մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով, սակայն յոյսով ենք, որ 2020 տարին աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Բայց եւ այնպէս, այս բոլորը չեն նշանակեր, որ Տէր Յիսուսի Ծնունդը կամ Ամանորը պիտի չտօնենք: Վստահաբար, ամէն մարդ գոնէ համեստ ձեւով պիտի տօնէ երկու տօներն ալ: Կիրակի՝ 22 դեկտեմբերին, Այնճարի կենսոլորտի յանձնախումբը կազմակերպած էր հաւաք մը, Պօղոս Ղուկասեանին պարտէզին մէջ, օդը պայծառ էր, բայց ցուրտ, սակայն ժողովուրդի ներկայութիւնը գնահատելի։ Այս յանձնախումբի աշխատանքը սկսաւ ամրան ընթացքին, երբ անոր անդամները նպատակ դրին ժողովուրդին վարժեցնել, որպէսզի գործածեն ապակիէ գաւաթ կամ պնակ եւ ձերբազատուին կերպընկալէ գաւաթներու ու պնակներու գործածութենէն: Օդը պայծառ էր, սակայն ցուրտ, բայց ներկայ էին գիւղի ժողովուրդէն մաս մը:

Տարիներու աւանդութիւն դարձած է Նոր տարուայ գիշերը ժամը 12.30-ին հաւաքուիլ գիւղի հրապարակը, ուր ներկաներ կը շնորհաւորեն իրարու Նոր տարին: Իսկ 5 յունուարի գիշերը Աւետարանական եւ Առաքելական համայնքի երիտասարդաց խումբերը տունէ-տուն երթալով կ՚աւետեն Տէր Յիսուսի Ծնունդը: Արդէն իսկ խումբերը պատրաստութեան մէջ են:

-Մասնաւորապէս ձեր դպրոցի պարագային, ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ եւ ի՞նչ կատարեցիք, որպէսզի տօներու շունչը զգացուի:

-Այնճարի Հայ աւետարանական դպրոցի պարագային մենք ալ մօտաւորապէս տասնհինգ օրեր դպրոցը փակ պահեցինք, սակայն աւելի ուշ սկսանք բնական կերպով շարունակել եւ «կորսուած» օրերուն փոխարէն շաբաթ օրերը շարունակել դասաւանութիւնը:

Արդէն իսկ դպրոցէն ներս ունեցանք մեր ամանօրեայ յատուկ դարձած յայտագիրները: Կաղանդ պապուկը այցելեց մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններ, բերելով իրենց ուրախութիւն: Այստեղ կ՚արժէ յիշել, թէ կիրակնօրեայ դպրոցը կիրակի, 15 դեկտեմբերի առաւօտեան, եկեղեցւոյ պաշտամունքի ընթացքին ներկայացուց Ս. Ծննդեան խորհուրդը ունեցող թատերակ մը եւ փունջ մը Ծնունդի հոգեւոր երգեր, ապա տեղի ունեցաւ տօնական հաւաքոյթ: Որքան ալ դժուար ըլլայ երկրին վիճակը, իւրաքանչիւր լիբանանցի մանուկ՝ ըլլայ հայ կամ տեղացի, պէտք չէ զրկուի իր պատանեկան ուրախութենէն:

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը ունի իր գիշերօթիկի բաժինը (սփիւռքի մէջ միակ հայկական դպրոցն է, որ ունի գիշերօթիկ աշակերտներ): Այս աշակերտները իրենց արձակուրդներուն տուն կ՚երթան, թէեւ երբեմն իրենց ընտանեկան պայմանները դժուար վիճակի մէջ են: Դպրոցէն եւ գիշերօթիկէն ներս մեր կարելին կ՚ընենք բոլոր մանուկները ուրախ պահելու համար։

-Այսօր Այնճարի մէջ ի՞նչ են գլխաւոր դժուարութիւնները:

-Այնճարի ժողովուրդին մեծ մասը կը զբաղի հողագործութեամբ եւ արհեստաւորներ են: Սակայն՝ ներկայ պայմաններուն Լիբանանի տնտեսութիւնը դժուարութեան մէջ է եւ այս մէկը կ՚ազդէ ժողովուրդին առօրեայ կեանքին վրայ։ Երբ հողագործը չի կրնար իր բերքը ծախել, նեղութիւն կ՚ունենայ իր ապրուստը հոգալու եւ յաջորդ տարուան համար դժուար կ՚ըլլայ ցանքը կազմակերպելը։ Երբեմն այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ ընտանիքներ եւ երիտասարդներ քաղաք փոխադրուին ու հոն որեւէ գործ ճարեն, որպէսզի իրենց ապրուստը հոգան: Գիւղը որպէսզի զօրաւոր մնայ, պէտք է աւելի գործի կարելիութիւններ ստեղծուին։ Կեանքը անիւ մըն է եւ մարդիկ իրարու կապուած են, որպէսզի կարենան գոյատեւել:

-Որոշ ժամանակ առաջ բողոքի ցոյցերու հետ կապուած լաւատեսութիւնը կը շարունակուի՞, թէ ոչ:

-Բողոքի ցոյցերը արդէն այսօր թեւակոխեցին իրենց երրորդ ամիսը։ Այս հարցերը մէկ օրուայ մէջ չպատահեցան, այլ տարիներու վրայ կուտակուած հարցեր էին: Եւ յանկարծ ժողովուրդը պոռթկաց: Լիբանան յաճախ պատերազմներ տեսած երկիր մըն է եւ յոյսով ենք որ այսօրուան դժուարութիւններն ալ պիտի վերջանան: Սակայն ժամանակի կը կարօտի: Շատեր լաւատես են եւ յոյսով են, որ այս դժուար օրերէն վերջ լաւ օրեր պիտի ունենանք: Բայց կան մարդիկ, որոնք յոռետես են իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին գոհանալ չեն գիտեր, միշտ պատրաստ են գանգատելու: Այս տեսակ անձերը իրենք իրենց կեանքէն գոհ չեն եւ միշտ ժխտական կը մօտենան բոլոր հարցերուն, նաեւ բոլորին մտքերը կը խանգարեն: Կը խորհին, որ ուրիշ երկիրներու մէջ աւելի դիւրին է կեանքը:

-Ձեր կարծիքով, ի՞նչ զարգացումներու կը սպասուին Լիբանանի մէջ եւ այսօր ի՞նչ է ամենէն մտահոգիչ երեւոյթը։

-Բազմաթիւ խօսակցութիւններ կան, շատեր կ՚ըսեն, որ այս դժուար օրերէն վերջ Լիբանան շատ լաւ պիտի ըլլայ: Գիտեմ, որ ներկայիս շատեր դժուար պայմաններու մէջ կ՚ապրին, սակայն երբ չես յուսահատիր եւ գիտես, որ Աստուած բոլոր նեղութիւններուդ մէջ քեզի կ՚օգնէ, անպայման դուրս կու գաս քու դժուար պայմաններէն: Լիբանանի մէջ այս ցոյցերը երկար տարիներ «լռելու» եւ «այո» ըսելու արդիւնք են։ Վստահ ենք, որ մէկ օրուան մէջ պիտի չշտկուի, մարդիկ պէտք է համբերող ըլլան ու յոյս ունենան: Երիտասարդները սթափեցան, որ կեանքի պայմանները տարբեր են եւ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է երկրին շահը առաջնակարգ նկատէ, որպէսզի երկիրը դարձեալ ոտքի կանգնի։ Հակառակ տիրող մթնոլորտին՝ տակաւին զբօսաշրջիկներ կու գան Այնճարի բերդը այցելելու, ինչ որ տեղ մը յոյս ալ կը ներշնչէ ժողովուրդին:

-Լիբանանահայութիւնը ապագայ ունի՞ այդ երկրին մէջ:

-Լիբանանահայութիւնը պէտք չէ մոռնայ, որ երբ մեր մեծ հայրերը եւ մայրերը 1915-ի աղէտէն վերջ Լիբանան եկան, տեղացի ժողովուրդը հակառակ իր դժուարութեան օգնեց անոնց, հակառակ որ երկիրը ինքն ալ պատերազմի մէջ կը գտնուէր, սիրով ընդունեցին մեր նախահայրերը։ Ներկայիս, երբ Լիբանան ինք ալ դժուարութիւններ ունի, մենք ալ իբր լիբանանահայեր պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք մեր այս հայրենիքին եւ նեղութեան պատճառով չգաղթենք օտար ափեր: Որպէս լիբանանահայ պէտք է համբերենք եւ սորվինք, որ սեւ ամպերէն վերջ պայծառ արեւը պիտի ծագի: Երբ մեր ընկերը կամ հայրենիքը նեղութեան մէջ է, մեր լաւագոյնը ընենք օգտակար դառնալու անոր։ Ներկայիս՝ ամբողջ աշխարհը նեղութեան մէջ է եւ դժուարութիւնները անպակաս են: Երբ կ՚ապրինք երկրի մը մէջ, ուր կ՚ունենանք դժուարութիւններ, եթէ զայն թողունք ու երթանք ուրիշ տեղ, ո՞ւր կը մնայ մեր հաւատարմութիւնը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2019