ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ
«Ներողութիւնը Աստուծոյ կողմէ թողութիւնն է ժամանակաւոր պատիժին՝ այն մեղքերուն համար, որոնց յանցանքը արդէն ջնջուած է։ Լաւ տրամադրուած հաւատացեալը այս թողութիւնը կ՚ընդունի որոշուած պայմաններով եւ ներգործութեամբ Եկեղեցւոյ, որ փրկչագործութեան իբր մատակարար Քրիստոսի եւ սուրբերուն հատուցումներուն գանձի իր իշխանութեամբ կը բաշխէ եւ կը տնօրինէ։ Ներողութիւնը մասնակի է կամ լիակատար՝ ըստ մեղքերուն պատճառած ժամանակաւոր պատիժին մասնակի կամ ամբողջական արձակումին» (Պօղոս Զ. Առաք. Սահմ. 1967)։
Արդարեւ, ներողութեան բնոյթը ըմբռնելու համար, հարկ է նկատել մեղքին զոյգ հետեւանքները։
«Ծանր մեղք»ը, նախ կը զրկէ մարդս Աստուծոյ հետ հաղորդութենէն եւ այս պատճառով՝ ան անկարող կը դարձնէ մարդը յաւիտենական կեանքին։ Յաւիտենական կեանքին արժանի չըլլալ՝ մեղքին յաւիտենական պատի՛ժն է։ Երկրորդ՝ ամէն մեղք, նոյնիսկ «ներելի», մարդս կը մղէ արարածներուն ապառողջ կոչումի մը՝ որ մաքրազտուելու կարիքը ունի, ըլլա՛յ այս աշխարհի վրայ, ըլլա՛յ մահէն ետք՝ երկնային կեանքի մէջ։
Մաքրազտումը մարդը կ՚արձակէ մեղքին «ժամանակաւոր պատիժ» կոչուած վիճակէն։
Այս երկու տեսակ պատիժները պէտք չէ ըմբռնել իբրեւ տեսակ մը «վրիժառութիւն», այլ զանոնք հասկնալ իբրեւ նոյնինքն մեղքին բնութենէն բխող պատիժ։ Ուրիշ բացատրութեամբ մեղքին ինքնեկ, բնական հետեւանքն է պատիժը։ Ուստի հոն՝ ուր մեղք կայ, հոն կայ անոր յաջորդող պատիժ մը։
Ջերմագին սէրէն բխող «հոգեփոխութիւն» մը կրնայ յանգիլ մեղաւորին ամբողջական մաքրազտումին՝ ջնջելով ամէն պատիժ։ Այս իմաստով, ներումը՝ մեղքին յաջորդող պատիժին ջնջումն է։ Այն պատիժը որ ներուած է, այդ կը նշանակէ որ պատիժը ջնջուած է՝ որ պատիժին նախընթաց մեղքէն ծնած է։ Արդարեւ, մեղքերուն ներումը եւ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան վերահաստատումը յառաջ կը բերեն մեղքին յաւիտենական պատիժներուն ջըն-ջումը։ Բայց կը մնան մեղքին ժամանակաւոր պատիժները։
Քրիստոնեան պիտի ջանայ ամէն նեղութիւն եւ չարչարանք համբերութեամբ տանելէ ետք՝ երբ օրը հասնի մահը խաղաղութեամբ դիմաւորելէ յետոյ, մեղքին ժամանակաւոր պատիժները իբրեւ «շնորհք» ընդունիլ։ Ան պիտի ձգտի ողորմածութեան եւ եղբայրասիրութեան գործերով, ինչպէս նաեւ աղօթքով եւ ապաշխարանքին զանազան հրահանգներով, «հին մարդ»ը ամբողջովին մերկանալ եւ «նոր մարդ»ը զգենուլ։ (ԵՓՍ. Դ 24)։
Եւ այն քրիստոնեան, որ հետամուտ է ինքզինք իր մեղքէն մաքրելու եւ Աստուծոյ՝ իր Արարչին եւ Նախախնամին շնորհքին օգնութեամբ ինքզինք սրբացնելու՝ մաքրելու, երբեք առանձին չի մնար։
Սուրբերուն հաղորդութեան մէջ ուրեմն գոյութիւն ունի սիրոյ հաստատուն կապ մը եւ ամէն տեսակ բարիքներու առատ փոխանակում մը այդ հաղորդակցութեան մէջ։ Եւ այս սքանչելի՜ փոխանակութեան մէջ՝ մէկուն սրբութիւնը օգտակար է միւսին, շատ աւելի մեծ չափով քան վնասը, զոր մէկուն մեղքը կրցաւ պատճառել միւսին։
Այսպէս, սուրբերուն հաղորդութեան դիմելը՝ թոյլ կու տայ զղջացեալ մեղաւորին աւելի՛ շուտ եւ աւելի՛ արդիւնաւոր կերպով մաքրուիլ եւ սրբուիլ մեղքին պատիժներէն։ Այսինքն այս կերպով ջնջել պատիժները՝ որոնց պատճառն է մեղքը…։
Ներողութիւնը կ՚ընդունուի Եկեղեցիին միջոցով, որ Յիսուս Քրիստոսի տուած «կապելու եւ արձակելու» իշխանութեամբ, քրիստոնեայի մը ի նպաստ կը միջամտէ եւ Քրիստոսի եւ սուրբերուն «արժանիքներուն գանձ»ը անոր կը բանայ, որպէսզի իր մեղքերուն համար արժանացած ժամանակաւոր պատիժներուն ներումը՝ գթութիւններու Հօրմէն ընդունի։ Արդարեւ, Աստուած մարդուն տուած է իր մտածածէն եւ խնդրածէն աւելին եւ «Աստուծոյ պարգեւները եւ կոչումը առանց զղջանալու են» (ՀՌՈՄ. ԺԱ 29)։ Այսինքն իր հոգին եւ ծրագիրները երբեք պիտի չփոխուին իր արարածներուն՝ որպէս Հայր՝ Իր որդիներուն հանդէպ։ Քանի որ Ան ընտրած է զանոնք որպէս իր հարազատ որդիները, որպէսզի անոնք ըլլան իրեն պէս «աշխարհի լոյսը եւ երկրի աղը»։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է նշանակութիւնը մարդուն Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նման ստեղծուած ըլլալուն, հօր մը եւ որդիի մը բնական նմանութեան։
Աստուած կը յայտնէ իր Ամենազօրութիւնը եւ Ամենակարողութիւնը մարդս դարձի բերելով իր մեղքերէն եւ շնորհքին միջոցով զայն վերահաստատելով Իր բարեկամութեան, մտերմութեան եւ անշուշտ նախախնամութեան մէջ։ Արդարեւ, Աստուած, Ի՛նք կու տայ Իր ամենազօրութեանը, ամենակարողութեանը եւ նախախնամութեանը գերագոյն ապացոյցը, երբ կը համբերէ, կը գթայ, կ՚ողորմի եւ կը ներէ՛։ Եւ առանց հաւատալու, թէ Աստուած Իր սիրով Ամենազօր է, ի՞նչպէս հաւատալ, թէ Հայրը կրցաւ մարդս ստեղծել, Որդին՝ փրկել եւ Սուրբ Հոգին զինք սրբացնել։ Ուստի Աստուծոյ ներումը Իր անսահման սիրոյ, Իր հայրութեան եւ Իր նախախնամութեան բացայայտ ապացո՛յցն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 31, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024