ԻՐԱՆՑԻ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ԱՆԿՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ. ԱՄՆ ՍՊԱՆՆԵՑ ԶՕՐ. ՔԱՍԸՄ ՍԻՒԼԷՅՄԱՆԻՆ
Այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ անցեալ ուրբաթ առաւօտ, անսպասելի չէր։ Անսպասելի չէր, որովհետեւ վերջին շաբաթներուն շրջանին մէջ տիրող տրամադրութիւնները, նաեւ ատոր զուգընթաց ամերիկեան յայտարարութիւններն ու յատկապէս Իրաքի «Հաշտ էլ շահպի»ի («Ժողովրդային դիմադրութիւն») երկու կարեւոր դիրքերուն ուղղութեամբ (Իրաք-Սուրիա սահմանային գօտիին մերձ) կատարուած ամերիկեան օդային հարուածները ցոյց կու տային, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նպատակ ունի մինչեւ օրս առկայ խաղի կանոնները փոխել։
ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ
Ուրբաթ, 2 յունուարին, Պաղտատի միջազգային օդակայանէն նոր դուրս եկած իրանեան բանակի «Էլ Քուտս» ջոկատի ընդհանուր հրամանատար զօր. Քասըմ Սիւլէյմանին դէպի մայրաքաղաք փոխադրող շարասիւնը կ՚ենթարկուէր յարձակման։
Դէպքէն ժամեր անց յայտնի կը դառնար, թէ երկու ինքնաշարժներէ բաղկացող շարասիւնին մէջի անձերը (բոլորն ալ իրաքցի եւ իրանցի ռազմական պատասխանատուներ) կը սպաննուէին։
Պարզ կը դառնար նաեւ, որ զօր. Սիւլէյմանիի կողքին զոհուած է Իրաքի «Ժողովրդային դիմադրութեան» թիւ երկու առաջնորդը՝ Ապու Մեհտի էլ Մուհանտէսը։
Դէպքին տարողութիւնը, «ժամկէտ»ը եւ զոհուածներուն բարձրաստիճան գործիչ ըլլալու փաստը մեծ աղմուկ կը ստեղծէր, ոչ միայն իրանեան կամ իրանամէտ շրջանակներուն մէջ, այլ նոյնիսկ ամերիկեան կողմի շարք մը պատասխանատուներու իսկ վկայութեամբ՝ եղածը պիտի դառնար Միջին Արեւելքի ընդհանուր դրութիւնը ձեւափոխող կամ առկայ բոլոր «կարմիր գիծեր»ը խախտող ու խաղի նոր կանոններ բերող իրադարձութիւն։
Զօր. Սիւլէյմանի սովորական զօրավար մը, զինուորական պատասխանատու մը չէր ի վերջոյ, ան «Էլ Քուտս» յատուկ ջոկատի առաջնորդի իր հանգամանքով կարողացած էր դառնալ շրջանային ազդեցիկ գործիչ եւ անձնաւորութիւն։
Կազզէէն, Պէյրութ, ապա Դամասկոս եւ Հալէպ ու աւելի վերջ Պասրա եւ Նաճաֆ՝ Սիւլէյմանի կը համարուէր ռազմական խմբակներ ստեղծող եւ դիմադրութիւն կազմակերպող անձնաւորութիւն մը, որ նաեւ կը կարողանար Իրանի եւ իրանամէտ «դիմադրութեան ճակատ»ին երեւելի ու ծանրակշիռ յաջողութիւններ ձեռք բերել։ Այդ պատճառով էր նաեւ, որ անոր սպանութիւնը կը դառնար ոչ թէ բռնի ուժի միջոցաւ ամերիկեան «թեթեւ ձեռք»ով եղած տնօրինում, այլ վերջին մէկ տարուան ընթացքին բարձր լարումի բոլոր կէտերը հատած Իրան-ԱՄՆ «պաղ պատերազմ»ին բարձրակէտը, ինչպէս նաեւ թերեւս այդ տագնապը աւելի խորացնող ու նոյնիսկ ռազմական բնոյթի հակամարտութիւն մը կերտող ելակէտ մը։
Նոյնը կարելի է ըսել Ապու Մեհտի էլ Մուհանտէսի մասին (բուն անունով՝ Ճեմալ Մուհամմէտ Ճահֆար), որուն անցած ճանապարհն ու Սատտամ Հիւսէյինի նախագահութեան շրջանին ապրած ոդիսականը, պայքարն ու ապա դէպի Իրան ինքնակամ աքսորը, կը դառնային մարդը կարեւորող հանգամանք։ Աւելի ուշ վերջինիս եւ իր համախոհներուն ճիգերով Իրաքի շիիներով կազմը-ւած եւ բաւական մեծ արդիւնքներ տուած «Հաշտ էլ շահպի»ն կը դարձնէին ոչ միայն ներիրաքեան կարեւոր խաղացող, այլեւ ամէն կերպով օգտակար կը դառնային, որ Իրաքի մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող իրանեան ազդեցութիւնը աճի եւ ամրանայ։
ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Վերջին ամիսներուն աւելի քան երեւելի սկսած էր դառնալ, որ Իրան-ԱՄՆ «մեծ ճակատում»ը տեղի կ՚ունենայ եւ կը կատարուի Իրանի սահմաններէն բաւական հեռու։
Ի դէպ, կայ տեսութիւն մը, թէ այսօրուան «մեծ կայսրութեան»՝ ԱՄՆ-ի տնօրինումով եւ «հասկացողութեամբ»՝ Իրանի դէմ տարուած պայքարը աւելի նպատակայարմար է մղել Իրանէն հեռու։ Գըլ-խաւոր պատճառը այդ մօտեցումին՝ անշուշտ Ամերիկան, որուն ռազմական որոշ ստորաբաժանումները արդէն իսկ կը գտնուին Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ, հաւանական որեւէ մակարդակի արիւնահոսութենէ հեռու պահելն է։ Ասոր կողքին անշուշտ ԱՄՆ-ի համար Իրանի ունեցած արտաքին ազդեցութեան «թեւեր»ն ու օրկանները վնասազերծելն է։ Իբր այդ ալ, մենք այդ պայքարի տարբեր դրսեւորումները նկատեցինք թէ՛ Պէյրութի եւ թէ յատկապէս Իրաքի մէջ։ Ճիշդ է, որ Պէյրութի մէջ ստեղծուած տագնապը ունէր ներքին բնոյթ, սակայն ամէն պարագայի այդ պայքարի, ընդհարումի զանազան փուլերուն ալ երեւելի դարձաւ իրանեան «Հիզպուլլահ»ը թուլացնելու, տկարացնելու միտումները։ Իրաքի պարագային հարցը աւելի խորքային էր ու մենք տեսանք, թէ ինչպէս հազարաւոր իրաքցիներ փողոց իջան. ոչ միայն անոր համար, որ դժգոհ էին իրենց կառավարութեան մօտեցումներէն, այլ նաեւ անոր համար, որ անոնք այդ կառավարութիւնը կը համարէին իրանամէտ եւ Իրանի շահերը պաշտպանող կառավարութիւն մը։ Այս պատկերին վրայ ալ Իրաքի համար տարին կը փակուէր բաւական լարուած մթնոլորտի մը մէջ։
31 դեկտեմբերին հազարաւոր ցուցարարներ «կը պաշարէին» Իրաքի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը, պահանջելու համար ամերիկեան զօրքերուն Իրաքէն հեռացումը։
Առանց այս դէպքերուն ալ Իրաքի մէջ դրութիւնը լարուած էր, սակայն ամերիկեան ներկայութեան դէմ բողոքի ալիքը մեծ թափ կը ստանար այն օրէն ետք, երբ ԱՄՆ կը հարուածէր Իրաքի «Ժողովրդային դիմադրութեան» երկու կարեւոր դիրքերը, ուր տեղացի զինեալներու կողքին կը զոհուէին իրանցի զինուորականներ։
Ու այսպէս կը կազմուէր նոր օրակարգ եւ Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումը՝ «Հաշտ էլ շահպի»ն կը յայտարարէր, որ Իրաք գտնուող ամերիկեան ուժերու հեռացումը պիտի տանի խորհրդարան։
«ԳՐԱՒՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ» ՈՒՐՈՒԱԿԱՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՇՐՋԻ...
Դեսպանատուներու խնդիրը բաւական նուրբ, բաւական զգայուն խնդիր է ամերիկացիներուն համար ու մէկէ աւելի ամերիկացի գործիչներու իսկ վկայութեամբ՝ Պաղտատի ԱՄՆ-ի դեսպանատան առջեւ ստեղծուած իրավիճակը անոնց կը յուշէր 1979 թուականի Թեհրանի ամերիկեան դեսպանատան «գրաւման» տեսարանը։ Եթէ նոյն գրաւման տեսարանը կրկնուէր, կրնար պատճառ դառնալ ներամերիկեան քաղաքական լուրջ զարգացումներու, որոնք կրնայ մեծ վնաս պատճառել նախագահ Թրամփին։
Եւ այս բոլորի կողքին ուրբաթ օրուայ այգաբացին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնը մի քանի առումներով կը համարուէր ծանրակշիռ եւ նոր հարթութեան կը բարձրացնէր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ լարուածութիւնը։
Սպաննուողը՝ զօր. Քասըմ Սիւլէյմանին (ինչպէս վերը շարադրեցի) կը համարուէր Իրանի արտաքին ճակատներու ռազմական ընդհանուր պատասխանատու-կազմակերպիչ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ԻՇԻՏ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խըմ-բաւորում) դէմ տարուած մարտերուն։ Այս քայլով ալ Թրամփ եւ իր նեղ շրջանակը պիտի փորձէին միանգամայն լուծել մի քանի խնդիր, որոնց ամենէն առաջնայինը Ուաշինկթընի մէջ տիրող հակաթրամփեան մթնոլորտի «հականեխում»ն էր, նաեւ նման «յանդուգն» քայլով մը յառաջիկայ ընտրութիւններու ճանապարհին դրական միաւորներ կուտակելը։
ԻՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱ՞Ծ
Իրանցի զօրավարին սպանութեան վրէժը լուծելու մասին հնչած կոչերը չէին ուշանար։ Դէպքէն մի քանի ժամ ետք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ՝ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյ հանդէս կու գար բաւական ծանր յայտարարութեամբ՝ հաւաստելով, որ Իրանի պատասխանը կամ հակահարուածը պիտի չուշանայ։ Խամանէյ, որ Իրանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անձամբ կը մասնակցէր երկրի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի նիստին, կը խօսէր վրէժ լուծելու լեզուով, պատրաստելով հակահարուածի, հետեւաբար նաեւ ռազմական սրացումներու ընդհանուր միջավայր մը։
Բարեբախտաբար իրանցիք արագօրէն եւ «երկաթը տաք-տաք» ծեծելու գաղափարը կը դնէին մէկ կողմ, այդպէսով հեռացնելու համար վառօդի տակառ դարձած Մերձաւոր Արեւելքի ամբողջական բռնկումը։
Այս մթնոլորտին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ, որ շրջանային այլ ազդեցիկ կողմեր, որոնք ուշի-ուշով կը հետեւէին Իրաքի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն, զգօնութեան կոչերով հանդէս կու գային եւ Իրանին խորհուրդ կու տային հեռու մնալ արագ եւ վտանգաւոր քայլերէ։
Ի դէպ, բաւականին մտահոգիչ իրավիճակ կը ստեղծուէր նաեւ Իրաքի մէջ, ուր առկայ քաղաքական ընդհանուր պատկերը, եղած հարուածն ու հակաամերիկեան ընդհանուր մթնոլորտը կը տանէին այն եզրակացութեան, թէ հոն ալ տեղի կրնան ունենալ ռազմական զարգացումներ։ Յատկապէս, որովհետեւ վերջին ժամանակներուն Ամերիկայի դէմ եղած բողոքի ցոյցերն ու հնչած խօսքերը արդէն իսկ, առանց Սիւլէյմանիի սպանութեան դէպքին, ստեղծած էին բաւականին լարուած ու մտահոգիչ մթնոլորտ մը։
Անշուշտ այս օրերուն տրուած գլխաւոր հարցադրումը կը մնար հետեւեալը. արդեօք Իրան պիտի պատասխանէ՞ ամերիկեան հարուածին եւ ի՛նչ գինով պիտի ըլլայ այդ պատասխան-հարուածը։
Այստեղ անշուշտ պէտք է հաշուի առնել պատմական փորձը այն մասին, թէ նման զարգացումներու արագօրէն հակազդելը կրնայ մեծ վնաս պատճառել նախաձեռնող կամ ըսենք վրէժը լուծող կողմին։ Այս մօտեցումին վրայ հիմնուելով կարելի է ըսել, թէ ներկայ փուլին Թեհրան չի պատրաստուիր պատասխան մը տալ։
Առկայ արիւնը եւ Քասըմ Սիւլէյմանիի որակով ու կարողութեամբ գործիչի մը կորուստին առջեւ իրանցիք ձեռնածալ պիտի չմնան ու ապագային ալ այս առումով շատ հաւանաբար մենք ականատես դառնանք կարեւոր զարգացումներու։
Հիմա խաղը նախագահ Թրամփի մօտ է. անկէ առաջ մենք նկատեցինք խօսքերը կարգ մը ծերակուտականներու, որոնք Սիւլէյմանին անուանեցին մեծ ահաբեկիչ, որով օգնեցին Թրամփին, որպէսզի իր առջեւ ծառացած օրակարգերը միով բանիւ ցրէ եւ նոր օրակարգ կազմէ։
Ամէն պարագայի յաւելեալ զարգացումներու փուլը դեռ մեր առջեւն է, սակայն յստակ է, որ այս բոլորը մեծ հաշուով, որպէս քաղաքական միաւոր պիտի օգտագործուին այս տարուան աւարտին տեղի ունենալիք ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան