ՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Պոլսահայութիւնը երէկ իր առաջին տաղաւարը նշեց՝ բարձր նախագահութեամբ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի. յանձին՝ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք  Սրբազան Հօր։ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտութեան առթիւ տօնական հրճուանքը զգալի էր ամէնուրեք մեր համայնքէն ներս։ Նորին Ամենապատուութիւնը Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններուն եւ տաղաւարի Ս. Պատարագի ընթացքին տուաւ իր պատգամը։ Ս. Պատարագէն վերջ ան հանդիսապետեց նաեւ աւանդական ջրօրհնէքին, որմէ վերջ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տնօրհնէք։

Իսկ յետմիջօրէին Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական աւանդական ընդունելութիւն։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն անդամներ։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու այս տարուան ընդունելութեան մասնակիցներու շարքին էր, քաղաքիս այլ զանազան հայաբնակ շրջաններու քաղաքապետներուն առընթեր։ Տօնական ուրախութիւնը բաժնելու փութացած էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Մեր համայնքի Ս. Ծնունդը շնորհաւորելու փութացին նաեւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները։ Բոլորն ալ հանդէս եկան շնորհաւորութեան խօսքերով եւ Նորին Ամենապատուութեան անձին մէջ յղեցին բարեմաղթանքներ։ Համայնքային վարիչներու անունով արտայայտուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ յոյս յայտնեց, թէ նորընտիր պատրիարքի մականին ներքեւ լուծում պիտի գտնեն մեր հաստատութիւններու խնդիրները։ Շիրինօղլուէն վերջ արտայայտուեցան նաեւ ընդունելութեան զանազան մասնակիցներ, որոնք շնորհաւորութիւններ եւ դրական սպասումներ արտայայտեցին Նոր տարուան առթիւ։

Ընդունելութիւնը աւարտին հասաւ աջահամբոյրով, որու ընթացքին ներկաները Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ ստացան աւանդական նուռեր։

Հաւաքոյթի ընթացքին նորընտիր պատրիարքը նշեց, որ տօնական ընդունելութեան ընթացքին պիտի չարծարծուէին համայնքային խնդիրներ եւ յառաջիկայ շրջանին ժողովրդական զանազան հանդիպումներով պիտի արծարծուին մեր հաւաքական կեանքի մարտահրաւէրները։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020