ԿԱՊՈՅՏ ՍԵՆԵԱԿԻՆ ՏՕՆԱԾԱՌԸ

Այս տարի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նշուեցաւ Սպիտակ տան տօնածառի աւանդոյթին 130-ամեակը: Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն պաշտօնական նստավայրին՝ Սպիտակ տան մէջ առաջին տօնածառը տեղադրուած է 1889 թուականին, երբ այդ շրջանին նախագահը Պենիամին Հերիսընն էր: Ան Միացեալ Նահանգներու 23-րդ նախագահն էր: Սակայն կան նաեւ չհաստատուած տեղեկութիւններ, թէ մինչեւ 1889 թուականը՝ 1850-ականներուն Սպիտակ տան մէջ, Ֆրանքլին Փիրսի նախագահութեան ժամանակ, տօնածառ մը տեղադրուած է, բայց արարողութեան սկիզբ կը նկատուի 1889 թուականը:

Տօնածառին զարդարման օգնած է առաջին տիկին Գարոլին Հերիսընը եւ հաստատած՝ նախագահի կնոջ կողմէ զայն զարդարելու աւանդոյթը: Տօնածառը այն ժամանակ տեղադրուած էր երկրորդ յարկի հաւկթաձեւ սրահին մէջ, որ ներկայիս Դեղին հաւկթաձեւ սենեակն է:

Նախագահ Հերիսընէն ետք սակայն Սպիտակ տան մէջ միշտ չէ, որ տօնածառ տեղադրուած է: Միացեալ Նահանգներու 31-րդ նախագահ Հերպըրթ Հուվերի օրով առաջին տիկին՝ Լու Հուվեր վերսկսած է նախագահին կնոջ կողմէ տօնածառ զարդարելու արարողութիւնը՝ 1929 թուականին եւ զարդարած՝ Սպիտակ տան առաջին «պաշտօնական» տօնածառը:

1961 թուականին առաջին տիկին Ժագլին Քենետին եւս հիմք դրած է աւանդոյթի մը՝ տօնածառի զարդարման համար մասնայատուկ նիւթ ընտրելու աւանդոյթին:

Ատկէ ետք եղած են տարիներ, երբ Սպիտակ տան մէջ տօնածառ չէ տեղադրուած՝ 1902, 1904, 1907 եւ 1922 թուականներուն: Պատճառները զանազան են, 1902 թուականին, օրինակ, տօնածառին բացակայութիւնը պայմանաւորուած էր հետեւեալ հանգամանքով. նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթ մինչեւ դեկտեմբեր 23-ը տօնածառը չէր պատուիրած:

1922 թուականին Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկինը՝ Ֆլորանս Հարտինքի հիւանդութեան պատճառով Կաղանդի արարողութիւնները շատ զուսպ էին, չդրուեցաւ նաեւ տօնածառը:

Սովորաբար Սպիտակ տան Կաղանդի ծառը կ՚ընտրուի զանազան այգեգործներէ, որոնք եղեւիններ կ՚աճեցնեն եւ կը զբաղին զանոնք տարածելու գործով: Ուաշինկթըն եւ Ուիսքոնսին նահանգները կը նկատուին ամենաբարձր ծառեր մատակարարողները: Այս տարի գլխաւոր ծառը Սպիտակ տուն բերած են Փենսիլվանիա նահանգէն՝ Պուսթարթի եղեւիններու տնտեսութենէն եւ աւանդոյթին համաձայն, զայն դիմաւորած է առաջին տիկինը, իսկ 1966 թուականէն սկսեալ, գլխաւոր ծառը կը նուիրաբերուի Միացեալ Նահանգներու Տօնածառի ազգային ընկերակցութեան կողմէ:

Սպիտակ տան տօնածառը մինչեւ 1961 թուականը բազմիցս դրուած է Կապոյտ սենեակին մէջ: Երբեմն ցուցադրուած է նաեւ նախասրահին մէջ, իսկ այսօր Կապոյտ սենեակը այն հիմնական վայրն է, ուր կը դրուի գլխաւոր ու մեծ ծառը, իսկ միւս սրահներուն մէջ նոյնպէս ծառեր կը զարդարուին: Այս տարի, օրինակ, Սպիտակ տան զանազան անկիւններուն եւ սրահներուն մէջ զարդարուած է յիսունութ ծառ:

Գլխաւոր ծառը սովորաբար կ՚ունենայ 20 ոտնաչափ բարձրութիւն, ուստի Կապոյտ սենեակին մէջ տեղաւորելու համար ջահը կը վերցուի:

Երբ 1961 թուականին Ժագլին Քենետին դրաւ ծառը զարդարելու ժամանակ յատուկ բնաբան ընտրելու աւանդոյթը, այդ տարին ան Կաղանդի ծառը զարդարեց թռչուններով եւ հրեշտակներով, որոնք ձեւաւորուած էին Չայքովսքիի «Շչելկունչիկ» («Մարդուկ-Ջարտուկը») պալէի տարրերով: Ատկէ ետք ռուս երաժիշտ Չայքովսքիի պալէն կամ պալէ յիշեցնող տարր մը անպայման տեղ կը գտնէ Սպիտակ տան Կաղանդի զարդարանքներուն մէջ:

«Շչելկունչիկ» աշխարհահռչակ պալէի նիւթը Սուրբ Ծննդեան նախօրէին տեղի ունեցող իրադարձութիւններն են: Չայքովսքիի երաժշտութեամբ ստեղծուած այս ստեղծագործութիւնը կը նկատուի համաշխարհային գլուխ գործոց:

1962 թուականին Սպիտակ տան տօնածառը կրկին Ժագլին Քենետին զարդարած է: Ան գործածած է 1961 թուականի զարդարանքները, որոնց աւելցուցած է հաշմանդամ քաղաքացիներու պատրաստած ուրիշ զարդեր եւ ծառին հաղորդած՝ մանկութիւն յիշեցնող նիւթ:

1963 թուականին Սպիտակ տան եւ Կաղանդի ծառի զարդարանքները շատ զուսպ էին, քանի որ ժողովուրդը կը սգար Ճոն Քենետիի սպանութիւնը: Այդ տարի ծառը զարդարած է առաջին տիկին Գլոտիա Ճոնսըն, որ հերթաբար ծառը զարդարած է յաջորդ տարիներուն եւս, մինչեւ 1968 թուականը: 1965 թուականին Գլոտիա Ճոնսըն իբրեւ զարդարանք ընտրած է աւանդական զարդարանքներ՝ ընկոյզ, պտուղներ, բոված եգիպտացորեն, բլիթներ եւ փայտեայ վարդեր, որոնք բերուած էին Հաւայեան կղզիներէն: Այս ձեւով ան յիշեցուցած է վաղ ամերիկացիներու աւանդոյթները: Այդ նոյն զարդարանքները առաջին տիկինը գործածած է նաեւ յաջորդ տարիներուն, իսկ 1967 թուականին աւելցուած է արծաթեայ աստղեր եւ կլոր հայելիներ, որոնցմով նոյնպէս Ամերիկայի պատմութիւնը խորհրդանշուած է: 1968 թուականին, իբրեւ Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին, վերջին անգամ զարդարելով Կապոյտ սենեակի ծառը, Գլոտիա Ճոնսըն զայն զարդարած է 19-րդ դարու ամերիկեան ոճով պատրաստուած մեղրով եւ կոճապղպեղով բլիթներով:

1969 թուականին Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին Փեթ Նիքսըն Սպիտակ տան գլխաւոր ծառին համար իբրեւ զարդարանքներ ընտրած է Ֆլորիտայի հաշմանդամ աշխատողներու թաւշեայ եւ ատլասէ գնդակները, որոնք կը խորհրդանշէին ամէն մէկ նահանգի ծաղիկները: Այդ ծառը կոչուած է «Ամերիկեան ծաղկէ ծառ»: Յաջորդ տարին ան պահած է նոյն զարդարանքները եւ աւելցուցած Մերլին Մոնրոն խորհրդանշող խաղալիքներ: Յաջորդ տարին, պահպանելով այս զարդարանքը, Փեթ Նիքսըն ծառին վրայ աւելցուցած է նաեւ ոսկեգոյն նրբաթիթեղով պատրաստուած հրեշտակներ: 1969 թուականի զարդարանքները կրկնուած են նաեւ 1972 թուականին, բայց անոնց վրայ աւելցած են 3 հազար ատլաս գնդակներ եւ 150 դաշնային ոսկեայ աստղեր, այդ ծառը յիշեցուցած է Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած գերմանացի նշանաւոր նկարիչ Սեվերին Ռուզենի կտաւները:

Հետաքրքրական էր առաջին տիկին Փեթ Նիքսընի կողմէ վերջին անգամ զարդարուած Կաղանդի ծառը, որուն նիւթը ընտրուած էր ի պատիւ Միացեալ Նահանգներու չորրորդ նախագահ Ճէյմս Մետիսընին:

1974 թուականին Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին Փեթի Ֆորտը Կապոյտ սենեակի ծառը զարդարած է ձեռագործ զարդարանքներով, որոնք պատրաստուած էին կիներու եւ այլ քաղաքացիական խումբերու կողմէ: Յաջորդ տարին պահպանելով այս զարդարանքները՝ առաջին տիկինը ծառին վրայ աւելցուցած է նաեւ թուղթէ փաթիլներ, չիրեր, բանջարեղէն, բլիթներ՝ այդպէսով յիշեցնելով հին ժամանակներու երեխաներուն Կաղանդը, որոնք ծառին վրայ թուղթէ իրեր եւ թխուածքներ կը կախէին: 1976 թուականին առաջին տիկին Փեթի Ֆորտ նախընտրած է բնական զարդարանքներ՝ պատրաստուած Ամերիկայի «Կարտըն քլապ»ի կողմէ, իսկ իբրեւ տարուան բնաբան ընտրած է «Սէրը Ամանորի հոգին է» արտայայտութիւնը:

1977 թուականին Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին Ռոզալին Քարթըր հետաքրքրական զարդարանք ընտրած է Սպիտակ տան գլխաւոր տօնածառին համար եւ զայն զարդարած՝ հաւկիթի կեղեւներով: Ան գործածած է նաեւ փայլաթիթեղ, որ անսովոր ու ինքնատիպ համադրութիւն մըն էր հաւկիթի կեղեւներուն հետ: Յաջորդ տարին Ռոզալին Քարթըր ամբողջովին փոխած է Կաղանդի ծառին ոճը եւ զայն զարդարած՝ Վիքթորիական տիկնիկներով՝ բերուած ամերիկացի հաւաքորդ Մարկարէթ Վուտպըրի Սթրոնկի հաւաքածոյէն: Յաջորդ տարին՝ 1979 թուականին, Ռոզալին Քարթըր Կապոյտ սենեակի տօնական ծառը զարդարած է գաղութային շրջանի ամերիկեան ազգային ար-ւեստի տարրերով եւ ծառէն կախած՝ փայտեայ իրեր, գործուածքներ եւ չորցուած ծաղիկներով զարդարանքներ:

Վիքթորիական ժամանակաշրջանի հնագոյն տիկնիկներուն ոճը ան կրկնած է նաեւ 1980 թուականին՝ Սպիտակ տան տօնածառը տիկինիկներով, գլխարկներով եւ մանր որմագորգերով զարդարելով:

1981 թուականին Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին Նենսի Ռեկըն Սպիտակ տան տօնածառը զարդարած է իրերով, զորս փոխ առած է Ամերիկեան Ազգային պատկերասրահէն: Յաջորդ տարին Նենսի Ռեկըն Կաղանդի ծառին միջոցով քարոզած է թմրանիւթերէ բուժուելու ազգային ծրագիրը եւ ծառը զարդարած է փայլաթիթեղեայ կոներով եւ մետաղեայ ձիւնի փաթիլներով: 1982 թուականի նոյն զարդարանքները ան գործածած է նաեւ 1983 թուականին՝ աւելցնելով նաեւ հնաոճ խաղալիքներու ժապաւէն մը: Թմրանիւթերէ բուժման քարոզը Նենսի Ռեկըն կրկնած է քանի մը տարի եւս: 1984 թուականին առաջին տիկինը ծառին վրայ աւելցուցած է բուսանիւթերով եւ ուրիշ բնական նիւթերով պատրաստուած զարդարանքներ, յաջորդ տարին՝ 1985 թուականին նոյնպէս, բայց աւելցած են նաեւ նախորդ տարին Ռեկըն ընտանիքին ղրկուած Կաղանդի բացիկները:

1986 թուականին Նենսի Ռեկըն ընտրած է «Մայր սագը» հեքիաթին նիւթը եւ Կաղանդի ծառը զարդարած՝ տասնհինգ փափուկ քանդակով եւ հարիւր սագ-խաղալիքով, բայց շեշտած է նաեւ թմրանիւթերէ ազատելու գաղափարը: 1987 թուականին Նենսի Ռեկընի ընտրածը երաժշտական նիւթն էր: Ան Սպիտակ տան գլխաւոր ծառէն կախած է գործիքներու, երաժշտական նոթաներու մանրանկարներ, իսկ առաջին տիկին ըլլալու վերջին տարին Նենսի Ռեկըն նախագահի նստավայրին գլխաւոր ծառը զարդարած է հնաոճ ոգիով եւ գործածած՝ ծաղկէ գնդակներ եւ Սպիտակ տան հիւսներուն պատրաստած երեքհարիւր փայտեայ մոմեր:

Դառնալով առաջին տիկին՝ Պարպարա Պուշ Կապոյտ սենեակի ծառը 1989 թուականին զարդարուած է Սպիտակ տան անձնակազմին պատրաստած ութսուն զարդարանքներով եւ քարոզած է ընտանեկան գրագիտութիւն: Յաջորդ տարին ան կրկնած է պալէի նիւթը եւ ծառէն կախած՝ ճենապակեայ պարողներու պատկերներ: 1991 թուականին Պուշին տիկինը ծառը անուանած է «Ասեղնագործ ծառ» եւ զայն զարդարած է 92 խաղալիքներով, իսկ 1992 թուականին Պարպարա Պուշ կրկին դիմած է Սպիտակ տան աշխատողներուն՝ ծաղկավաճառներուն պատուիրելով 88 նուէր խաղալիք, իսկ տարուան առաջնորդ խօսքն ալ եղած է «Նուէր տուողները»:

1993 թուականին Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին Հիլըրի Քլինթըն «Հրեշտակներ» կոչած է տարուան զարդարանքը եւ Կապոյտ սենեակի ծառը զարդարած է աւելի քան հազար վարպետներու պատրաստած հրեշտակային նիւթերու զարդարանքներով: Յաջորդ տարին Քլինթըն մտայղացած է Սպիտակ տան գլխաւոր ծառին զարդարման ներգրաւել արուեստ ուսանող երիտասարդները եւ «Սուրբ ծննդեան 12 օրեր»ը ընտրած՝ 1994 թուականի բնաբան: 1995 թուականին նոյնպէս Հիլըրի Քլինթըն ներգրաւած է ուսանողները, ինչպէս նաեւ՝ Ճարտարապետներու ամերիկեան հիմնարկի անդամները եւ ծառը զարդարած է անոնց պատրաստած գործերով, որոնք կը խորհրդանշէին ամերիկեան «Սուրբ Նիքոլասին այցը» բանաստեղծութիւնը:

1996 թուականին Հիլըրի Քլինթըն, Ժագլին Քենետիի եւ ուրիշ առաջին տիկիններու օրինակով կրկին մէջտեղ բերած է պալէի նիւթը: Այս անգամ զարդարանքները պատրաստած են փայտագործ արհեստաւորներ եւ արհեստավարժ պալէի ընկերութիւններ՝ Սպիտակ տան հաղորդած դասական պալէի շունչը:

1997 թուականին Սպիտակ տան Կաղանդի նիւթը Սանթա Քլաուզն էր՝ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ասեղնագործողներու ընկերակցութիւնն ու Ամերիկեան նորաձեւութեան մասնագէտներու խորհուրդին անդամները ծառին վրայ կառուցած են Սանթայի արհեստանոցը: Յաջորդ տարին Հիլըրի Քլինթըն Սպիտակ տան Կաղանդը անուանած է «Ձմեռնային հրաշքներու աշխարհ» եւ ծառի զարդարանքին մէջ ներգրաւուած է Միացեալ Նահանգներու ձեւաւորող նկարիչներուն համայնքը: 1999 թուականին, կրկին Հիլըրի Քլինթընի գաղափարով, Միացեալ Նահանգներու նախագահի նստավայրին համար ընտրուած է «Տօներու գանձերը Սպիտակ տան մէջ» խորագիրը, իսկ Կապոյտ սենեակի ծառը ամերիկացի տիկնիկագործները զարդարած են ամերիկեան պատմական դէմքերով եւ կերտած՝ անոնց դէմքերով խաղալիքներ: Առաջին տիկին ըլլալու վերջին տարին՝ 2000 թուականին, Հիլըրի Քլինթըն վերյիշած է իր անցեալը եւ անցեալէն խաղալիքներ կախած, այդ տարուան Սպիտակ տան Կաղանդը խորագրելով «Տօներու արտացոլումը»:

Առաջին տիկին ըլլալու առաջին տարին Լորա Պուշ Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր նահանգէն վարպետի մը պատուիրած է պատրաստել իրենց շրջանի պատմական տուներուն փոքր պատկերները եւ այդպէսով զարդարած է նստավայրին գլխաւոր ծառը եւ 2001 թուականի նախագահական նստավայրին Կաղանդը կոչած՝ «Տուն՝ տօներուն համար»: Յաջորդ տարին ան կրկին դիմած է նահանգներուն՝ իւրաքանչիւր նահանգէն վարպետի մը պատուիրելով խաղալիք մը, որ կը ներկայացնէ իր նահանգին բնորոշ թռչունը: 2003 թուականին Լորա Պուշ վերյիշած է 1989 թուականին Պարպարա Պուշի կողմէ առաջին անգամ գործածուած զարդարանքները եւ ատոնցմով զարդարած է Սպիտակ տան տօնածառը, իսկ այդ տարուան Կաղանդը կոչած է «Պատմութիւններու եղանակը»: 2004 թուականին Լորա Պուշ Կաղանդը կոչած է «Ուրախութեան եւ մեղեդիի եղանակ» եւ Կապոյտ սենեակի ծառէն կախած է ձեռակերտ երաժշտական գործիքներ՝ պատրաստուած ձեւաւորող նկարիչներու համայնքի անդամներուն կողմէ:

«Ամէն ինչ պայծառ է եւ գեղեցիկ». Լորա Պուշ այսպէս անուանած է 2005 թուականի նախագահական նստավայրի Կաղանդը եւ ծառէն կախած է բիւրեղներ եւ շուշաններով զարդարուած շղթաներ: Յաջորդ տարին ան աւելցուցած է փայլուն ապակեայ զարդարանքներ: 2007 թուականին Լորա Պուշ Կապոյտ սենեակի ծառին միջոցով ուշադրութիւն հրաւիրած է ամերիկեան ազգային պուրակներուն եւ ծառը զարդարած է ամերիկեան ազգային պուրակները խորհրդանշող իրերով: 2008 թուականին ան «Կարմիր, ճերմակ եւ կապոյտ Կաղանդ» կոչած է տօնը ու ծառը զարդարած՝ Քոնկրէսի անդամներուն կողմէ ընտրուած վարպետներու գործերով, որոնք ամերիկեան հայրենասիրական նիւթով էին:

Միշել Օպաման Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին ըլլալով, Կաղանդին առթիւ յայտարարած է. «Մենք նախկին վարչակազմերէն վերցուցած ենք շուրջ ութհարիւր զարդարանք: Մենք երկրին ամբողջ կողմերը ղրկած ենք վաթսուն համայնքային խումբ եւ խնդրած ենք անոնցմէ զարդարել իրենց տեղական ուղենիշները եւ ետ ղրկել Սպիտակ տուն ցուցադրելու համար»: Իբրեւ բնաբան Միշել Օպաման այդ Կաղանդին համար ընտրած է «Արտացոլէ, ուրախացիր, վերստեղծէ» խօսքերը:

2010 թուականին Միշել Օպամային զարդարած տօնածառը ունէր յատուկ նիւթ՝ «Ամերիկեան հոգիի նուէր»: Ծառը զարդարուած էր զանազան նահանգներու մրցանակային ժապաւէններով, իսկ զարդարանքները կը կոչուէին «Հասարակ նուէրներ»: 2001 թուականին Միշել Օպաման Կապոյտ սենեակի ծառին համար կիրարկած է զինուորական զանազան կրծքանշաններ եւ շքանշաններ ու յայտարարած՝ «Փայլէ, տուր, տարածէ» բնաբանը: Յաջորդ տարին՝ 2012 թուականին ան կրկին դիմած է զինուորական նիւթին: Այդ տարուան տօնածառը նուիրուած էր Միացեալ Նահանգներու զինուորականներուն, վեթերաններուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Զարդարանքները պատրաստուած էին Միացեալ Նահանգներու՝ աշխարհի զանազան ռազմակայաններուն մէջ բնակող երեխաներուն կողմէ: Ան Կաղանդը կոչած էր «Ուրախութիւն բոլորին»: Զինուորական նիւթը յաճախ կրկնուած է Միշել Օպամայի առաջին տիկին ըլլալու տարիներուն. 2013 թուականին, նոյնպէս Սպիտակ տան տօնածառի զարդարանքները յարգանքի տուրք էին զինուորականներու ընտանիքներուն: Ռազմակայաններուն մէջ ապրող երեխաները պատրաստած էին իրենց նահանգին տեսքով բացիկներ, որոնք կախած էին Կապոյտ սենեակի տօնածառէն:

2014 թուականի նախագահական Կաղանդը Միշել Օպաման անուանած է «Անվեհեր Ամերիկա» իսկ Կապոյտ սենեակի ծառին զարդարանքները պատրաստած էին Միացեալ Նահանգներու զինուորականներուն երախաները, որոնք բազմաթիւ շնորհակալական խօսքեր գրած էին՝ ուղղուած Ամերիկայի զինուորականներուն: 2015 թուականին նոյնպէս Միշել Օպամայի նախընտրութիւնը զինուորական նիւթն էր: Ան վերջին անգամ Սպիտակ տան գլխաւոր ծառը զարդարած է 2016 թուականին, որմէ ետք աւանդոյթը մինչեւ այսօր կը շարունակէ Մելանիա Թրամփ:

Առաջին անգամ իբրեւ առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ ծառը զարդարած է ձիւնաճերմակ ժամանակակից խաղալիքներով, ճերմակը կրկնելով նաեւ ամբողջ նստավայրի Կաղանդի զարդարանքներուն մէջ: 2018 թուականին Մելանիա Թրամփ նախընտրած է վառ կարմիր զարդերը, որոնք կ՚առկայծէին հազարաւոր նուրբ եւ պայծառ լոյսերով, զարդերը նաեւ ունէին ամերիկեան դրօշին գոյները: Անցեալ տարի ան Կաղանդը անուանած է «Ամերիկեան գանձերը» եւ ցուցադրած՝ ամերիկեան տօնական զարդերու շքեղութիւնն ու եղեւիններու փարթամութիւնը: Այս տարի Սպիտակ տունը նոյնպէս փայլած է լոյսերու եւ ծաղկաշղթաներու առատութենէն:

Առաջին տիկիններուն գլխաւոր ծառի զարդարման գործին մէջ միշտ կ՚օգնեն երեխաներ եւ հասարակութեան զանազան խաւերէ անդամներ:

Սպիտակ տան տօնածառէն եւ Սպիտակ տան ներսի զարդարանքներէն զատ Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիսաւորութեամբ կը զարդարուի նաեւ Ամերիկայի ազգային տօնածառը՝ Սպիտակ տան կողքին: Միացեալ Նահանգներու ազգային տօնածառը առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուած է 1923 թուականին՝ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթի արտասանած Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորանքին հետ:

Ազգային տօնածառին շքեղութիւնը տարուէ տարի կը հիացնէ ամերիկացները եւ զբօսաշրջիկները, բայց մարդիկ անհամբերութեամբ կը սպասեն մանաւանդ Սպիտակ տան գլխաւոր ծառի զարդարանքին, որ 130-ամեայ աւանդոյթի մը շարունակութիւնն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020