«ՆԵՐԷ՛ ՄԵԶԻ ՄԵՐ ՊԱՐՏՔԵՐԸ»
Մենք, հակառակ որ մկրտութեան պատմուճանը զգեցած ենք, չենք դադրիր մեղք գործելէ՝ մենք մեզ Աստուծմէ հեռացնելէ, վշտացնելով զԱյն։ Ուստի, անառակ որդիին պէս ամէն անգամ կը վերադառնանք Անոր եւ մաքսաւորին պէս մենք մեզ Իր առջեւ մեղաւոր կը ճանչնանք։ Խնդրանքը կը սկսի «խոստովանութեամբ» մը՝ ուր մեր խեղճութիւնը եւ Հօր Գթութիւնը միաժամանակ կը խոստովանինք։
Երբ կ՚ըսենք. «Ներէ՛ մեզի…», մեր յոյսը ամուր է, քանի որ մենք Անոր Որդիին մէջ «ունինք փրկութիւնը եւ թողութիւնը մեր մեղքերուն», ինչպէս կը վկայէ Պօղոս Առաքեալ. (ԿՈՂ. Ա 14), (ԵՓՍ. Ա 7)։ Անոր ներումին ազդո՛ւ եւ անտարակուսելի նշանը, մենք կը գտնենք Անոր Եկեղեցիին սուրբ խորհուրդներուն մէջ. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 28), (ՅՈՎՀ. Ի 23)։
Ներումի այս խնդրանքին մէջ, զարհուրելին ան է, որ այս գթութեան «ալիք»ը անզօր պիտի մնայ ներթափանցելու մեր սիրտը՝ որքան ատեն որ մենք չենք ներած մեր պարտապաններուն։ Սէրը, ինչպէս Քրիստոսի Մարմինը, Ինքնիր մէջ անբաժանելի՛ է, մենք չենք կրնար սիրել Աստուած, զոր չենք տեսներ, եթէ չսիրենք եղբայրը, քոյրը զոր կը տեսնենք. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 20)։ Մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ներելու մերժումին մէջ մեր սիրտը ինքնիր վրայ կը գոցուի, անոր «կարծրութիւն»ը Հօր բարեգութ սիրոյն հանդէպ զայն «անթափանցելի» կը դարձնէ։ Իսկ մեր մեղքին խոստովանանքով մեր սիրտը Անոր շնորհքին կը բացուի։
Ներումի այս խնդրանքը իր կարեւորութեամբ միա՛կն է, որուն Տէրը կրկին կ՚անդրադառնայ եւ զայն կ՚ընդլայնէ Լերան քարոզին մէջ. (ՄԱՏԹ. Ե 23-24), (ՄԱՏԹ. Զ 14-15), (ՄԱՐԿ. ԺԱ 25)։
Ուխտի խորհուրդին այս հրամայական պահանջքը գոհացնելը մարդուն համար անկարելի կը հանդիսանայ։ Բայց «Աստուծոյ համար ամէն բան հնարաւոր է» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 26)։ Աստուծոյ համար անկարելի բան գոյութիւն չունի՛։
«… Ինչպէս մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն»։ Այս «ինչպէս»ը միակը չէ Յիսուսի ուսուցումին մէջ. «Կատարեալ եղէ՛ք -ինչպէս- ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (ՄԱՏԹ. Ե 48)։ «Գթած եղէ՛ք -ինչպէս- ձեր Հայրը գթած է» (ՂՈՒԿ. Զ 36)։ «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք զիրար -ինչպէս- Ես ձեզ սիրեցի» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34)։
Արդարեւ, Տիրոջ պատուիրանը պահելը անկարելի պիտի ըլլար, եթէ խօսքը աստուածային տիպարին արտաքնապէս նմանելու մասին ըլլար։ Խօսքը մեր Աստուծոյ Սրբութեան, Գթութեան, Սիրոյն «սրտի խորունկ»էն եկող կենսական մասնակցութեան մասին է։ Հոգին, որ «մեր կեանքն» է (ԳԱՂ. Ե 25) միա՛յն Ինք կրնայ Յիսուս Քրիստոսը համակող նո՛յն զգացումները դարձնել. (ՓԻԼ. Բ 1, 5)։ Այն ատեն «միատեղ ներում»ը կարելի կը դառնայ երբ մենք ալ «իրարու ներենք -ինչպէս- Աստուած ներեց մեզի Քրիստոսով» (ԵՓՍ. Դ 32)։
Այսպէս՝ կեանք կ՚առնեն ներումին մասին Տիրոջ ըսած խօսքերը, կեանք կ՚առնէ ի սպառ սիրող սէրը. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 1)։
Տիրոջ վարդապետութեան պսակումը հանդիսացող «անգութ ծառային առակը» կը վերջանայ այս խօսքերով. «Այսպէս պիտի վարուի ձեզի հետ երկնաւոր Հայրս եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը սրտի խորերէն չներէ»։ Արդարեւ «սրտի խորութեան» մէ՛ջն է, որ ամէն բան կ՚ագուցուի եւ կը լուծուի։
Ուստի, մեր ձեռքը չէ նախատինքը այլեւս չզգալ եւ մոռնալ զայն, սակայն Սուրբ Հոգիին նուիրուած սիրտը, նախատինքը փոխելով բարեխօսութեան, վիրաւորանքը կարեկցութիւն կը դարձնէ եւ յիշողութիւնը կը մաքրազտէ։
Արդարեւ, «Քրիստոնեայ ներում»ը կը հասնի աղօթքներու մէջ մինչեւ «թշնամի»ներուն ներումը. (ՄԱՏԹ. Ե 43-44)։ Ան կը կերպարանափոխէ աշակերտը՝ զայն Վարդապետին համանման դարձնելով։ «Ներում»ը գագաթնակէ՛տ մըն է քրիստոնեայ աղօթքին, աղօթքի պարգեւը կրնայ ընդունուիլ մի միայն աստուածային կարեկցութեան հետ ներդաշնակուած սրտի մը մէջ։
«Ներում»ը կը վկայէ նաեւ, թէ այս մեր աշխարհին մէջ սէրը մեղքէն զօրաւո՛ր է։
Ներումը Աստուծոյ որդիներուն իրենց Հօր հետ եւ իրարու միջեւ «Հաշտութեան հիմնական պայմանն» է։ Այս էապէս աստ-ւածային ներումը ո՛չ չափ, ո՛չ սահման կը ճանչնայ։ Նախատինքի - մեղքերուն՝ ըստ ՂՈՒԿ. ԺԱ 4 կամ պարտքերուն՝ ըստ ՄԱՏԹ. Զ 12 - պարագային, մենք իսկապէ՛ս միշտ «պարտապան» կը մնանք. «Պարտապան մի՛ ըլլաք ո՛չ մէկուն, եթէ ոչ փոխադարձ սիրոյ պարտքով» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 8)։ Սուրբ Երրորդութեան փոխադարձ հաղորդութիւնը ամէն հարազատ յարաբերութեան անկնաղբիւրը եւ չափանիշն է։ Ան ապրուած է աղօթքին եւ մանաւանդ Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մէջ։
«Աստուած խռովութիւն սերմանողներուն մատուցած զոհը չ՚ընդունիր, այլ զանոնք խորանէն կը ճամբէ, որպէսզի նախ երթան հաշտուին իրենց եղբայրներուն հետ. Աստուած կ՚ուզէ Ի՛նք խաղաղիլ խաղաղութեան աղօթքներով», կ՚ըսէ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 8, 2020, Իսթանպուլ