ԳԹԱՍՐՏՈՒԹԻՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան շաբաթ օրուայ գահակալութեան արարողութեան ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ասան հանդիսաւորապէս յանձնելու ատեն ունեցաւ դիպուկ արտայայտութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հայր սուրբին խօսքը.

*

«Ցուպ քո եւ գաւազան նոքա մխիթարեսցեն ինձ»
(Սղ. 22.4))

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայր, այս խօսքերը այսօր որքան իմաստ մը զգենուն։

Մերօրեայ ժամանակներուն ձեւական դարձած մեր կեանքը՝ գնայունին կառչած մեր ձգտումները պատճառ կը դառնան, որ վրիպին մեր ուշադրութենէն մնայունը եւ հոգեւորը, ինչպէս նաեւ մարդկային զգացումներն ու հոգեկան բաւարարութիւնը։

Ամենակարեւոր հոգեկան յագեցումն է մարդուն համար մխիթարութիւնը եւ ո՞վ է մխիթարիչը մարդուն համար։ Տխրացած, անմխիթար ու յուզումնախառն է մեր կեանքը, որովհետեւ կը հետեւինք մեր իսկ ստեղծած ճանապարհներուն։

Մինչդեռ Սաղմոսերգուն յայտնած է ա՛յն ճշմարտութիւնը, թէ մարդ արարածը ո՛ւր պէտք է փնտռէ մխիթարութիւնը՝ Տիրոջ ցուպին ցոյց տուած ուղղութեան, այսինքն Աստուծոյ առաջնորդեան մէջ։

Այսօր, պահն է, երբ կը յայտնուի Աստուծոյ շնորհաց ցուպը, որ առաջնորդեց Ձեզ յԱթոռ Պատրիարքութեան Կ.Պոլսոյ ի մխիթարութիւն Տիրոջ հօտին՝ Ձեր միջնորդութեամբ։ Բազմաց ձայնը հնչեց եւ Դուք կը դառնաք պատմական Ս. Աթոռոյս 85-րդ գահակալը։

Այս ասան՝ առաջնորդութեան մականը շնորհքն է աստուածառաք, որպէսզի Դուք եւս մխիթարէք Ձեր հօտը եւ առաջնորդէք զայն ու փոխադարձ մխիթարութիւն ստանաք Ձեր հօտին համար, որ պիտի մնայ դալար արօտավայրերու մէջ։

Եբրայեցիներու նամակին մէջ Առաքեալը կը հրաւիրէ մտիկ ընել առաջնորդերուն։

Պատրիարք Սրբազան Հայր,

Այս ասան Ձեր հօտը կամեցաւ Ձեզի յանձնել որպէս հովուապետ։ Ստացէ՛ք զայն ու առաջնորդ եղէք իրենց ո՛չ թէ միայն Ձեր իմաստուն խօսքերով, այլ՝ Ձեր կեանքի օրինակով։ Առաջնորդեցէ՛ք ու հովուեցէ՛ք քաղցրաբար ու հայրաբար՝ կատարեալ իշխանութեամբ եւ Ձեր հովուապետութիւնը դառնայ մխիթարական։

Այս ասան Ձեր հօտը կամեցաւ Ձեզի յանձնել, որպէս հովուապետ։ Ստացէ՛ք զայն ու արթուն հսկեցէք, որպէսզի թշնամին որոմ չցանէ Ձեր դաշտին մէջ։ Ազգային ու Եկեղեցական արժէքները պահպանող զէնքը թող հանդիսանայ այս ցուպը։ Գթալով հսկեցէք նաեւ Ձեր Անառակ որդիներուն ու դրան առջեւ սպասեցէք իրենց վերադարձին՝ ամուր գրկելու համար զիրենք։

Այս ասան Ձեր հօտը կամեցաւ Ձեզի յանձնել, որպէս հովուապետ։ Ստացէք զայն ու ցնծութեամբ գործեցէք ի հեճուկս Ձեր փշոտ գահուն։ Ուրախացէք Ձեր գործերով եւ ուրախացուցէք Ձեր անմխիթար զաւակները Ձեր ներկայութեամբ։

Պատրիարք Սրբազան Հայր, Հովուապետ Աթոռոյս՝

Աղօթել սորվեցուցէք Ձեր հօտին։ Աստուծոյ մօտեցուցէք զիրենք գթասրտութեամբ։

Յանուն Ձեր հօտին, առէ՛ք այս ասան ու եղէք իրաւ հովուապետը Ձեր հօտին, մղեցէք բարի պատերազմը, որպէսզի խոստացեալ պսակացն արժանի եղիցուք։

Այս երկիւղական պահուն, աստ գումարեալ հոգեւորականք, Ս. Աթոռոյս միաբանք, դասք քահանայից, սարկաւագաց ու դպրաց եւ ամենայն հաւատացեալք՝ արք եւ կանայք, կ՚աղօթեն առ Բարձրեալն Աստուած ասելով՝ «Պարգեւեա հովուապետին Աթոռոյս, Տէր, զհոգի հանճարոյ եւ խորհրդոյ, զհոգի հեզութեան եւ զօրութեան, զհոգի իմաստութեան եւ գիտութեան եւ զհոգի երկիւղի Աստուածպաշտութեան»։

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայր, առէ՛ք այս ասան ու բազմացուցէք արժէքը ի մխիթարութիւն Ձեր հօտին եւ ի պայծառութիւն նուիրապետական Աթոռոյս եւ յուրախութիւն ազգիս մերում։

Որդիաբար մատչիմք ի համբոյր Ձերդ Ս. Աջոյն։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020