Գումգաբու առայժմ լուռ…
Գումգաբու առայժմ լուռ…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ծրագրուած դիմումը ի վերջոյ կատարուած է։ Անցեալ տարի Սեպտեմբերին Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեւանի մէջ տեղեկացուցած էր այս մասին առաջին անգամ։ Շուրջ եօթ ամսուան ժամանակաշրջանի մը աւարտին արդէն հարցը թեւակոխած էր գործնական հանգրուան։ Թէեւ Նորին Սրբութեան կողմէ առաջին յայտարարութեան ընթացքին նշուած ժամկէտին համեմատ յապաղում մը խնդրոյ առարկայ է, սակայն վերջին հաղորդումներուն լոյսին տակ հասկնալի կը դառնայ, թէ նախապատրաստական երկար գործընթաց մը ապրուած է այս առումով։ Բաց աստի, դիմումի ժամկէտը հաշուի առնելով կարելի է հետեւցնել, որ Անթիլիաս մարտավարականօրէն փափաքած է 2015-ի մթնոլորտին մէջ այս դիմումը իրականացնել՝ ապահովաբար միջազգային հնչողութիւնը առաւելագոյնին հասցնելու համար։
Թէ ինչպէ՞ս կ՚արձագանգէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը այս իրադարձութեան, տակաւին յայտնի չէ։ Անցեալ Սեպտեմբերին, Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ կատարուած առաջին դիմումէն վերջ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեզի յայտնած էր, թէ վերապահութիւններ ունի նման դիմումի մը հեռանկարին շուրջ։ Այդ ժամանակ Նորին Սրբազնութիւնը այդ վերապահութիւնը յայտնած էր՝ երբ այս նախաձեռնութիւնը տակաւին հաւանականութեան հարթութեան վրայ կը գտնուէր։ Կարճ խօսքով, Պատրիարքական Աթոռը թրքահայ համայնքի շահերուն տեսակէտէ ձեռնտու չէր նկատած նման քայլ մը։ Յամենայնդէպս, հիմա, որ հարցը հաւանականութեան հարթութենէն տեղափոխուած է գործնական դաշտ՝ Գումգաբուի աղբիւրները կը նախընտրեն պահել լռութիւն։ Անշուշտ, թէեւ բազում իմաստներ կրնան վերագրուիլ այդ լռութեան, սակայն վարկածներու մասին խօսիլը կրնայ միտք պղտորել։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դիմում ներկայացուցած է Սահմանադրական ատեանին։ Թուրքիոյ մէջ նման դիմումները թէեւ ուղղակիօրէն չեն կատար-ուիր Սահմանադրական ատեանին մօտ, գործընթացները կը սկսին աւելի ստորադաս ատեաններէն, սակայն այս բոլորը կրնան դասուիլ թեքնիկ մանրամասնութիւններ։ Վստահաբար, նման երեսակները Անթիլիասի կողմէ հաշուի առնուած են՝ մասնագէտներու հետ կատարուած նախապատրաստութիւններուն ընթացքին։
Պետական աւագանին վերջին տարիներուն զանազան առիթներով փափաք յայտնած է, որպէսզի ասորիներու պատրիարքը, որ ներկայիս հաստատուած է Սուրիոյ մէջ, վերադառնայ իր եկեղեցւոյ պատմական մայրավանքը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքէն ներս։ Անգարայի ղեկավարութիւնը նման ցանկութիւն մը բարձրաձայնելու ժամանակ ապահովաբար կը գիտակցէր, թէ այդ փափաքը, եթէ նոյնիսկ ըլլայ տեսական, կրնայ օրինակ ծառայել աքսորեալ ուրիշ գահու մը՝ հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար։ Այս սիւնակին մէջ առաջին անգամ չէ որ կ՚անդրադառնանք այս հարցին, մանաւանդ, որ քանի մը տարի առաջ տեղ տուած էինք նաեւ Անթիլիասի միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի մեկնաբանութիւններուն։
Պետութիւնը բնականաբար նման իրավիճակներու վրայ կը կողմնորոշուի՝ առաջնորդուելով սեփական շահերով եւ տուեալ շրջանի քաղաքական-ռազմավարական առաջնահերթութիւններով։ Իսկ այս պարագային Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն առնելիք որոշումը ուղղակիօրէն կրնայ անդրադառնալ հայաշխարհի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին հաւասարակշռութիւններուն վրայ։ Արդարեւ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը Թուրքիոյ սահմաններուն հետ նոյնացուցած է իր հոգեւոր իշխանութեան տարածքը։ Միակ բացառութիւնն է Կրետէ կղզին։ Այսօր Պոլսոյ Աթոռի հովանիին ներքեւ մնացած են գաւառի մեր շարք մը եկեղեցիները, որոնք պատմականօրէն կը պատկանէին Կիլիկեան Աթոռի թեմերուն կամ վիճակներուն։ Կարճ խօսքով, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը Թուրքիոյ տարածքէն ներս ինքզինքը կը համարէ հայկական եկեղեցաճարտարապետական ժառանգութեան իրաւայաջորդը, ժառանգորդը։
Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայ Եկեղեցւոյ միւս նուիրապետական աթոռներն ալ պատմականօրէն ունեցած են սեփականութիւններ՝ որոնք ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ տարածքին մէջ։ Վերջին տարիներուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն ալ աշխատանքի լծուած է անցեալի մէջ իր ունեցածին սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան այդ նախաձեռնութիւններն ալ հաստատուած են պաշտօնապէս, արձագանգ գտած՝ մամուլին մէջ։
Ուստի, Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ երէկ կատարուած հաղորդումները կ՚ուրուագծեն շատ հետաքրքրական հեռանկարներ։ Կիլիկեան Աթոռի նախաձեռնութեան հաւանական արդիւնքները պէտք է մեկնաբանուին բաւական լայն ծիրի մը մէջ։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու այս փուլի լռութիւնն ալ պէտք է դիտարկել սոյն վարկածներու պրիսմակէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ