ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ԹԵՀՐԱՆ. «Ո՛Չ ՊԱՏԵՐԱԶՄ, ՈՉ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ» ՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ընթացիկ տարուան առաջին օրերուն միջազգային բաւական մեծ լարում ստեղծած զարգացումները կրնային յանգեցնել այնպիսի տարողունակ պատերազմի մը, որ միայն Իրանի, Իրաքի կամ Միացեալ Նահանգներու Մերձաւոր Արեւելք գտնուող ուժերուն միջեւ ըլլալիք պատերազմէն շատ աւելի մեծ տագնապ մը դառնալ։ Բայց եւ այնպէս, նոյն կարեւոր խաղացողները ընկալելով իրավիճակին վտանգաւորութիւնը անմիջապէս «կը փոխէին» իրենց ընդհանուր տեսակէտը եւ հանդէս կու գային բոլորովին այլ ձեւաչափի ընկալումներով։

Ճիշդ է, որ առաջին փուլի հիմնական զարգացումը եւ առկայ խաղին նոր ուղղութիւն տուողը 3 յունուարին Պաղտատի միջազգային օդակայանին մերձ եղող սպանութեան դէպքն էր, որուն զոհ կ՚երթար իրանցի մեծ գործիչ եւ զօրահրամանատար զօրավար Քասըմ Սիւլէյմանին, սակայն անկէ ետք այս անգամ Թեհրանի կողմէ տրուած հարուածը եւ Իրանի մայրաքաղաքին վերեւ վար առնուած քաղաքացիական օդանաւին կործանումը զարգացումներու նոր շրջափուլ մը կը բանար։

Հակառակ այն ակնկալութիւններուն, թէ Իրան աւելի սառն սիրտով պիտի տար իր պատասխանը ամերիկացիներուն, մենք նկատեցինք, որ նոյնինքն երկրի «Յեղափոխութեան պահակներ»ու անմիջական նեցուկով Պաղտատի եւ Էրպիլի մէջ կատարուած երկու հակահարուածները կը մատնէին աճապարանք մը, առանց որուն Թեհրան պիտի կարողանար աւելի լաւ եւ փայլուն խաղ մը կիրառել։ Սակայն այնպէս չեղաւ… Բաց աստի, մենք նաեւ նկատեցինք, որ Թեհրանէն Քիեւ մեկնող օդանաւուն ջախջախումն ալ եկաւ բարդուելու եւ ծանրանալու իրանցիներու, առանց անոր ալ անհանգիստ ու ծանրացած ուսերուն։

Մէկ խնդրի մէջ եղող իրանցիք այս անգամ կը յայտնուէին աւելի մեծ ու միջազգային անկիւններով եւ սլաքներով լեցուն ականադաշտի մը մէջ, տրուած ըլլալով, որ օդանաւու ճամբորդներու շարքին կային՝ ուքրանացիներ, գանատացիներ, տակաւին այլ երկիրներ ապրող նախկին իրանցիներ։

Միջազգային հանրութեան հետ խօսելու, կամ մեռնողներուն հարցը եւ անոնց պատկանած երկիրներուն հետ «հաշուեփակ» մը կատարելու դրոյթը Իրանի ղեկավարութիւնը կը դնէր նոր վիճակի մը մէջ, որուն հիմնական խորագիրը պիտի ըլլար առնուազն երեք քայլ ետ քաշուիլ եւ լարուած թնդանօթներու պարանները թուլացնել։

Անշուշտ Ամերիկայի «խաթրին» համար չէր այդ քայլը, սակայն յստակ էր, որ Իրան այս փուլին չի կրնար յաւելեալ մեծ քայլերու դիմել։ Իբր այդ ալ սկիզբ կ՚առնէր երրորդ կողմերու կողմէ գաղտնի բանակցութիւններու շրջափուլ մը, որուն ամենէն առաջատարը պիտի դառնար՝ Քաթարը։

Ահա այս վիճակներուն մէջ ամերիկացիք իրենք եւս կը համոզուէին, որ իրենց տուած հարուածը ստացած է բաւարար արձագանգ, նաեւ կարողացած է դրական միաւորներ հաւաքել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչամեքենային։

Այս տուեալները հաշուի առնելէ ետք, այսօր աւելի քան պարզ է, որ շրջանին մէջ վառուելու պատրաստ վառօդի տակառի պատրոյգը արդէն իսկ մարուած է։

Թէ ի՛նչ զարգացումներու ականատես պիտի ըլլանք, տակաւին պարզ չէ, սակայն բոլոր տուեալները կը յուշեն, որ զօրավար Սիւլէյմանիի անսպասելի սպանութիւնը տեղ մը պիտի նպաստէ երկու տէրութիւններուն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ սուր լարուածութեան վերացման։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020