ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐԸ ՇՈՒՏՈՎ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան զուգահեռ՝ ներկայիս կը սպասուի պետական հրամանագրի Գումգաբու հասնելուն։ Գահակալութեան արարողութենէն առաջ հաւանական կը համարուէր համապատասխան շնորհաւորական հրամանագրի Պատրիարքարան հասնիլը, սակայն այդ սպասումները չարդարացան։ Ըստ համայնքային շրջանակներուն հասած լսումներուն՝ Ներքին գործոց նախարարութեան ալ հաւանութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան արդէն ստորագրած է համապատասխան հրամանագիրը, որով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր իրաւունք կը շնորհուի արտաքոյ սրբավայրէ կրօնական տարազ կրել։ Պատրիարքարանի աղբիւրներն ալ կը հաստատեն այս լսումները, ըստ որոնց նախագահական հրամանագիրը արդէն մայրաքաղաքէն ուղարկուած է Իսթանպուլի կուսակալութիւն, որպէսզի փոխանցուի Պատրիարքարան։ Ուստի, կ՚ակնկալուի, որ շուտով այդ հրամանագիրն ալ հասնի Գումգաբու։

Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այդ հրամանագրով նախատեսուած իրաւունքին արդէն տիրացած էր անցեալ ամառ՝ պատրիարքական տեղապահ ընտրուելէ վերջ։ Այժմ, սակայն, պատրիարքի կարգավիճակով իր պարագային պիտի վերահաստատուի այդ իրաւունքը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 15, 2020