ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՄԱՐԴՈՒՆ

Յաճախ կը կրկնենք, թէ բնութիւնը տեւական բարեփոխման եւ վերանորոգման ենթակայ է։ Արդարեւ, ստեղծագործութիւնն ալ նոյնպէս տակաւին կը շարունակուի բարեփոխուելով եւ հետզհետէ նորոգուելով, որպէսզի կատարեալին հասնի, բոլորովին կատարելագործուի։ Ուստի ստեղծագործութեան նպատակն է կատարելութիւն։ Եւ մարդն ալ ենթակայ է այս բարեփոխութեան եւ վերանորոգման, որպէսզի հասնի իր նպատակին՝ կատարեալին, անթերի եւ զօրաւոր վիճակին։

Սուրբ Հոգիին շնորհքին առաջին գործը դարձն է, որ կը գործէ «արդարացում»ը ըստ Յիսուսի Աւետարանին սկիզբը կատարուած քարոզչութեան. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ մօտեցած է երկինքի Արքայութիւնը» (ՄԱՏԹ. Դ 17)։

Շնորհքին մղումով, մարդը կը դառնայ դէպի Աստուած եւ կը հեռանայ մեղքէն, ընդունելով այսպէս ի վերուստ ներումը եւ արդարացումը։ Արդարացումը հետը կը բերէ ուրեմն արձակումը մեղքերուն, սրբացումը եւ վերանորոգումը «ներքին մարդ»ուն։ Արդարացումը՝ որ կ՚ենթադրէ վերանորոգում, մարդը կ՚անջատէ մեղքէն, որ կը հակադրուի Աստուծոյ սիրոյն, միանգամայն անոր սիրտը կը մաքրէ մեղքէն։

Արդարացումը շարունակութիւնն է Աստուծոյ ողորմածութեան, որ կը պարգեւէ ներումը։ Ան կը հաշտեցնէ մարդը Աստուծոյ հետ։ Ան մարդը կ՚ազատագրէ մեղքին գերութենէն եւ հոգեպէս կը բուժէ զայն։ Արդարացումը կը վերանորոգէ մարդը եւ կ՚առաջնորդէ զայն իր վերջնական նպատակին հաւատարիմ պահելով իր կոչումին։ «Երկինքը եւ երկիրը պիտի անցնին մինչ ընտրեալներուն փրկութիւնը եւ արդարացումը պիտի մնան», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Արդարեւ, Սուրբ Հոգին «ներքին մարդ»ուն Տէ՛րն է։ Արդարացումը, ծնունդ տալով «ներքին մարդ»ուն (ՀՌՈՄ. Է 22), (ԵՍ. Գ 16), իր հետ կը բերէ «սրբացում»ը ամբողջ էակին։

Շնորհքը «մասնակցութիւն» մըն է Աստուծոյ կեանքին, ան կը մտցնէ մարդը մտերմութեան մէջ երրորդութենական կեանքին. Մկրտութեամբ՝ քրիստոնեան կը մասնակցի Քրիստոսի շնորհքին՝ Գլուխ Իր Մարմինին։ Յաւիտենական կեանքին այս կոչումը «գերբնական» է։ Ան ամբողջովին կախում ունի Աստուծոյ ձրի նախաձեռնութենէն, քանի որ միա՛յն Ինք կարող է Ինքզինք յայտնել եւ տալ Ինքզինք։ Ան գերազանց է քան իր եւ ոեւէ արարածի իմացականութեան կարողութիւնները եւ մարդկային կամքին ուժերը. (Ա ԿՈՐՆ. Բ 7-9)։ «Աստուած Ինք կը սկսի եւ Իր ներգործութեամբ կ՚ընէ, որ մենք ուզենք. իսկ Իր սկսածն ալ կ՚աւարտէ, գործակցելով մեր արդէն դարձի եկած կամքին հետ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Այստեղ, «դարձի գալ» ասացուածքը պէտք է հասկնալ որպէս «վերանորոգո՛ւմ»։

Ամբողջ մարդկութիւնը եւ աշխարհը կերպարանափոխող այս խորհրդասքօղ վերանորոգումը, Սուրբ Գիրքը կը կոչէ «նոր երկինք եւ նոր երկիր» (Բ ՊԵՏ. Գ 13), (ՅԱՅՏ. ԻԱ 1)։ Աստուծոյ արարչագործութեան ծրագրին վերջնական իրականացումը պիտի ըլլայ «երկնային եւ երկրային ամէն ինչը բովանդակել մէկ Պետով՝ Քրիստոսով» (ԵՓՍ. Ա 10)։ Մարդուն համար այս լրումը պիտի հանդիսանայ «մարդկային ցեղին վերջնագոյն միութիւն»ը՝ որ ուզուած է Աստուծմէ արարչագործութեան սկիզբէն ի վեր եւ որուն «կերպով մը սուրբ խորհուրդն» էր ուխտագնաց Եկեղեցին։ Քրիստոսի միացածները պիտի կազմեն փրկեալներուն հասարակութիւնը, Աստուծոյ Սուրբ Ոստանը (ՅԱՅՏ. ԻԱ 2), «Գառնուկին Հարսը» (ՅԱՅՏ. ԻԱ 9), որ այլեւս երբեք պիտի չվիրաւորուի պղծութիւններով (ՅԱՅՏ. ԻԱ 27), եսասիրութեամբ՝ ինքնամոլութեամբ, որոնք կը քանդեն կամ կը վիրաւորեն մարդոց երկրաւոր հասարակութիւնը։ Երանաւէտ տեսութիւնը, որուն մէջ Աստուած ընտրեալներուն առջեւ Ինքզինք պիտի բանայ անսպառ կերպով, պիտի ըլլայ մշտաբուխ եւ մշտահոս աղբիւրը երջանկութեան, խաղաղութեան եւ փոխադարձ հաղորդակցումի։ Յայտնութիւնը կը հաւաստէ նիւթական աշխարհին եւ մարդուն ճակատագրերուն խոր համակցութիւնը. (ՀՌՈՄ. Ը 19-23)։

Ուրեմն «տեսանելի տիեզերք»ն ալ սահմանուած է կերպարանափոխուելու, «որպէսզի աշխարհը եւս, իր նախորդ վիճակին համեմատ վերանորոգուած, անարգել ծառայէ արդարներուն», կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս Լիոնցի, եւ մասնակցի անոնց փառաւորումին՝ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի։

Բայց կարելի չէ՛ գիտնալ, թէ երկիրը եւ մարդկութիւնը «երբ պիտի վերջանան», եւ նաեւ կարելի չէ գիտնալ տիեզերքին կերպարանափոխումին կերպը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 10, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 15, 2020