ՀՐԱՏԱՊ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի մէջ քաղաքական ծանր եւ անորոշ մթնոլորտը կը զուգորդուի տնտեսական լուրջ տագնապով մը։ Այս մթնոլորտին մէջ մտահոգիչ հետեւանքներու կ՚ենթարկուին նաեւ լիբանանահայ հաստատութիւնները, որոնց առաքելութեան անխաթար տեւականացման տեսակէտէ յառաջացած են լուրջ մարտահրաւէրներ։ Թէ՛ լիբանանահայութեան ինքը եւ թէ ընդհանրապէս հայաշխարհը այս շրջանին յաւելեալ միջոցներ կը տրամադրեն, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ լիբանանահայ հաստատութիւններու գործունէութիւնը պահել կայուն հունի մը մէջ։ Այս ամբողջին մէջ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքն ալ որոշած է բերել զօրակցութեան իր բաժինը։ Երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ տեղեկացուած է, որ Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի կողմէ գլխաւորուած այդ բաժանմունքը 170 հազար ամերիկեան տոլար  պիտի յատկացնէ Լիբանանի հայկական վարժարաններուն։

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 170 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը կը յատկացնէ Լիբանանի մէջ գործող 18 դպրոցներուն: Այս նուիրատուութեան ծիրէն ներս, նպաստ մը կը տրամադրուի նաեւ յատուկ կարգավիճակ ունեցող երեխաներ հոգացող «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան:

Անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին Լիբանանը կրկին անգամ յայտնուեցաւ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ծանր վիճակի մէջ: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը մօտէն հետեւեցաւ եւ կը շարունակէ հետեւիլ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական դաշտի զարգացումներուն, քաջ գիտակցելով, որ երկրին մէջ տեղի ունեցող բոլոր վերիվայրումները իրենց ուղղակի անդրադարձը ունին նաեւ հայ համայնքին եւ դպրոցին վրայ:

2019 թուականի կիսուն, հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը հրատարակեց լիբանանահայ գաղութի կրթական կեանքին առընչուող իր ռազմավարութիւնը (https://gulbenkian.pt/armenian-communities/2019/08/09/new-strategy-lebanon/): Դպրոցական վերամուտին յաջորդելիք ծրագիրներուն մեկնարկը քանի մը ամիսով յետաձգուեցաւ՝ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապին պատճառաւ:

Ուղղակիօրէն դպրոցներուն փոխանցուած գումարները սահմանուեցան ըստ իւրաքանչիւր հաստատութեան աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմի թիւերուն, ինչպէս նաեւ՝ հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի Լիբանանի ներկայացուցիչին եւ դպրոցներու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծուած հարցերուն:

Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան այս առիթով ըսաւ, որ «դպրոցները համայնքին ապագան են: Կրթական ծրագիրներու կողքին անոնք ունին կենցաղային եւ առօրեայ հսկայական ծախսեր, որոնք այս դժուար օրերուն առաջնային կը դառնան: Ներկայ յատկացումները չեն փոխարիներ մեր ռազմավարութեան ծրագիրները, այլ՝ համեստ եւ անյետաձգելի նեցուկ մը կը հանդիսանան լիբանանահայ դպրոցին, հաստատելով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան համագործակցութիւնը կրթական հաստատութիւններուն հետ»:

Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան փետրուար ամսուն պիտի այցելէ Լիբանան եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ կրթական ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ՝ արժեւորելու համար ռազմավարութեան մէջ տեղ գտած ծրագիրներուն ընթացքը եւ ուրուագծելու հիմնարկութեան ապագայ քայլերը Լիբանանի մէջ:

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020