ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթավերջին Կէորկի Կուտոյեանի անշունչ մարմինը յայտնաբերուած էր իր բնակարանին մէջ։ Մինչ աղմկայարոյց այս դէպքի արձագանգները կը շարունակուին, պատկան մարմինները տեղեկացուցին, որ Կէորկի Կուտոյեանի դիակին վրայ որեւէ չարչարանքի հետք չէ յայտնաբերուած։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կուտոյեանի յուղարկաւորութեան մասնակցեցան ներկայ կամ նախկին բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Այսպէս, իրեն հրաժեշտ տալու փութացած էին Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Եդուարդ Մարտիրոսեան, խորհրդարանի նախկին նախագահներէն Գալուստ Սահակեան, նախկին ոստիկանապետներէն Վլատիմիր Գասպարեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն ներկայացուցիչներ, հանգուցեալի հարազատներն ու բարեկամները։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնեց Կուտոյեանի մահուան կապակցութեամբ։ Ան երաշխաւորեց, որ կառավարութիւնը Կէորկի Կուտոյեանի մահը լիարժէք բացայայտելու համար ամէն ինչ պիտի ընէ իր լիազօրութիւններու շրջագծին մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020