ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ 31 ՏԱՐԵԿԱՆ
Հայկական ֆութպոլի արդի աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան արդէն 31 տարեկան է։ Ան այսօր կը նշէ իր ծննդեան տարեդարձը։
Հենրիխ Մխիթարեան լուսահոգի իր հօր՝ Համլէթ Մխիթարեանի օրինակին հետեւելով դարձած է ֆութպոլի աշխարհի հսկաներէն։ Ան իր ոդիսականին սկսած է Երեւանի «Փիւնիկ» ակումբին մէջ։ Հայաստանէն դուրս գալով առաջին անգամ մեկնած է Ուքրայնա, ուր կրած է «Մեթալուրկ» եւ «Շախտար» խումբերու մարզաշապիկները։ Աւելի վերջ Գերմանիոյ «Պորուսիա Տորթմունտ» ակումբին փոխանցուած է Հենրիխ Մխիթարեան, որ որոշ ատեն մը վերջ ուղղուած է դէպի Անգլիա։ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» եւ «Արսենալ» ակումբներու մարզաշապիկով արձանագրած է յաջողութիւններ։ Ներկայիս ան «Արսենալ»ի խաղացողն է, սակայն վարձա-վըճարով հանդէս կու գայ Իտալիոյ «Ռոմա» ակումբի կազմէն ներս։
Հենրիխ Մխիթարեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետն է ու լաւագոյն ռմբարկուն։ Ութ անգամ եղած է Հայաստանի լաւագոյն խաղացողը։ Միեւնոյն ժամանակ, Հենրիխ Մխիթարեան ԻՒՆԻՍԷՖ-ի բարի կամքի դեսպանն է Հայաստանի մէջ։
Հենրիխ Մխիթարեան հայկական ֆութպոլի կենդանի առասպելներէն մին է ու կը վայելէ համատարած համակրանք։