«ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1915…»
2015 թուականի ոգեկոչումներուն շրջագծով երէկ կարեւոր ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Այսպէս, Փարիզի քաղաքապետարանէն ներս կատարուեցաւ 100-րդ տարելիցին ձօնուած մեծ ցուցահանդէսի մը բացումը։ Քաղաքապետ Անն Իտալկոյի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր եւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան։
«Փարիզ կը հիւրընկալէ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ՝ տեղի ունեցաւ նաեւ «Փոլիթիք Էնթերնասիոնալ» հանդէսի հայկական հարցին նուիրուած բացառիկ համարին շնորհանդէսը։ Այս բոլորը համընկնեցան Հայոց Եղեռնի տարելիցին առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանէն ներս կազմակերպուած տարեկան աւանդական ընդունելութեան։
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի նախաձեռնութեամբ շուրջ երկու հազար հրաւիրեալներ մասնակցեցան ընդունելութեան։ Ներկաներու կարգին էին զանազան կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ, Փարիզի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ բազմաթիւ դեսպաններ, երեսփոխաններ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։ Բացման ընթացքին Անն Իտալկօ եւ Եդուարդ Նալպանտեան ցուցահանդէսը շրջեցան ուղեկցութեամբ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի տնօրէն Հայկ Տեմոյեանի եւ ծրագրի յանձնակատարին՝ ֆրանսահայ պատմաբան Ռայմոն Գէորգեանի։ Փարիզի քաղաքապետարանի սրահներէն ներս զետեղուած նմոյշները բոլոր այցելուներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձան։ Մինչեւ Յուլիսի 4-ը բաց պիտի մնայ այս ցուցահանդէսը, որ կ՚իրականացուի Փարիզի քաղաքապետարանին կողմէ, Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու Համակարգման խորհուրդի համագործակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Փարիզի մէջ հազարաւոր գովազդային վահանակներու վրայ ներկայացուած են այս ցուցահանդէսի ազդագրերը։
Ձեռնարկի բացման ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ քաղաքապետ Իտալկօ, որ յայտնեց, թէ իրենց համար մեծ պատիւ մըն է նման ձեռնարկ մը հիւրընկալելը։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ Փարիզի արդէն աւելի քան վաթսուն դպրոցներ ցուցակագրուած են՝ որպէսզի իրենց աշակերտները այցելեն այս ցուցահանդէսը։
Իտալկոյէն վերջ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Նալպանտեան, որ ըսաւ. «Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին կանգնած երկիրներու կարգին Ֆրանսա մշտապէս եղած է առաջին շարքերու վրայ՝ վերահաստատելով մարդու իրաւանց համընդհանուր արժէքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ իր միջազգային հեղինակութիւնը»։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին Անն Իտալկօ պիտի այցելէ Երեւան՝ Նալպանտեան ըսաւ, թէ ան մշտապէս սպասուած հիւր մըն է Հայաստանի մէջ։
Հարկ է նշել, որ ցուցահանդէսին մասնակցելու առընթեր Նալպանտեան եւ Իտալկօ երէկ առանձնազրոյց մըն ալ ունեցան Փարիզի մէջ։ Այս առթիւ Իտալկօ Նալպանտեանին յանձնեց Փարիզի «Մեծ մետայլը»։ Իտալկօ պարգեւատրեց նաեւ դեսպան Վիգէն Չիտէճեանը, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ գործիչներ՝ Մուրատ Փափազեանն ու Արա Թորանեանը։
«Հայաստան 1915» այս ցուցահանդէսը, Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, կ՚առանձնանայ նաեւ դաստիարակչական հեռանկարներով։ Արդարեւ, այս ցուցահանդէսը կը ցոլացնէ Մեծ Եղեռնի լուսաբանումը՝ համաշխարհային մամլոյ առաջին էջէրուն վրայ արձագանգ գտած դէպքերով։
Հարկ է նշել, որ Փարիզ մեկնելէ առաջ Երեւանի մէջ Պելժիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտէրսի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ալ Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձած էր 100-րդ տարելիցին եւ արձագանգած Անգարայի ղեկավարութեան հակազդեցութիւններուն։ Նալպանտեան ըսած էր, թէ միջազգային հանրութիւնը կը խօսի լեզուով մը, որ հասկնալի չէ Անգարայի համար։ «Բայց եթէ ամբողջ աշխարհ կը խօսի քեզի համար անհասկնալի լեզուով մը, ուրեմն պէտք է անդրադառնաս, որ գուցէ սխալը քու իսկ մէջ ըլլայ», ըսած էր ան։