ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որ ձօնուած էր Հայաստանի ելմտական միջոցներու կառավարման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ելմտական նախարար Ատոմ Ճանճուղարեան հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։ Աշխատանքային քննարկում մըն էր այս մէկը, որ ձօնուած էր՝ «Պետական ելմտական միջոցներու կառավարման համակարգի 2019-2023 թուականներու բարեփոխումներու ռազմավարութիւնը» նիւթին։ Այսպէս, Հայաստանի կառավարութիւնը այդ ռազմավարութիւնը կը ջանայ յառաջ տանիլ միջազգային հարթութեան վրայ՝ մանաւանդ, համագործակցութեան եզրեր կ՚որոնէ վարկատուներու հետ։
Աշխատանքային քննարկման ընթացքին աչքէ անցուեցաւ վարկատուներու կողմէ ցարդ իրականացուած եւ կամ յառաջիկային իրականացուելիք ծրագրերու արդիւնաւէտութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ երկրի համակարգերու օգտագործման անցնելու հարցերը։ Յիշեալ քննարկումները հնարաւորութիւն ընձեռեցին յստակեցնելու այն միջոցառումները, որոնց մէջ առանձին վարկատուներ կը տեսնեն իրենց դերակատարումը։
Փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան հաւաքոյթի մասնակիցներու նկատառման յանձնեց, որ Հայաստանի ելմտական համակարգի բարեփոխման նպատակն է՝ հանրային բարիքի արդար բաշխումը։