ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ՆՐԲԱՆԿԱՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յառաջացած լարուածութեան կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան չափազանց նրբանկատ է Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ծագած իրավիճակին առումով։ Արդարեւ, այս երկու երկիրներն ալ Հայաստանի տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։

«Իրանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ տարածքաշրջանային վերջին զարգացումները» նիւթով կազմակերպուած քննարկման ժամանակ փոխ-նախարարը ըսաւ.

«Երբ յունուարի 3-ին յառաջացաւ այդ լարուածութիւնը, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՚աշխատէր շուրջօրեայ դրութեամբ։ Սա կը վերաբերի թէ՛ նախարարութեան եւ թէ դեսպանութիւններուն։ Մեր մտահոգութիւնները հասկնալի են, որովհետեւ Հայաստանի վրայ շատ լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ որեւէ իրարանցում։ Բոլորս շատ լաւ կը հասկնանք, թէ Իրան ինչ կը նշանակէ մեզի համար՝ որպէս հարեւան։ Ըստ էութեան, դէպի արտաքին աշխարհ ունինք երկու պատուհան՝ Վրաստանը եւ Իրանը։ Այս տեսակէտէ մենք միշտ ուշի ուշով կը հետեւինք այն զարգացումներուն, որոնք կ՚արձանագրուին Իրանի շուրջ։ Պատահական չէ, որ Հայաստան կը գտնուի այն ամենաշահագրգիռ երկիրներու շարքին, որոնք կը փափաքին միջուկային խնդրի շուրջ համաձայնութեան գոյանալը։ Մենք առաջիններէն էինք, որ ողջունեցինք այդ համաձայնութիւնը։ Սակայն, ցաւօք, վերջին զարգացումները պատճառ դարձան, որ այդ ալ հարցականի տակ դրուի։ Մէկ կողմէ ալ ԱՄՆ մեզի համար շատ լուրջ գործընկեր մըն է, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երեք համանախագահներէն մին է, կարեւորագոյն դերակատարութիւն ունի կայունութեան պահպանման հարցին մէջ»։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, որ թէ՛ Իրան եւ թէ ԱՄՆ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ահաբեկիչներու դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ «Այդ տեսակէտէ բնական է, որ մենք չափազանց նրբանկատ ենք այս հարցերու շուրջ։ Պէտք է ըսեմ, որ Իրանն ալ կը գնահատէ Հայաստանի այդպիսի շահագրգիռ մօտեցումը։ Մեզի յաճախ շատ պարզ կ՚ըսեն, որ ունին 14 հարեւան երկիր, բացի Հայաստանէն բոլորն ալ մահմետական են, բայց բոլորէն աւելի քիչ խնդիրներ ունին Հայաստանի հետ», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020