ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅ ԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի նոր կառավարութեան հայազգի անդամուհին՝ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը։ Հանդիպման ընթացքին նորանշանակ նախարարին ընկերացաւ Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխաններու պլոքի պետը՝ Յակոբ Բագրատունի։ Նորին Սրբութիւնը նորանշանակ նախարարին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները։

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան կը հանդիսանայ Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան ամենաերիտասարդ անդամուհին։ Միեւնոյն ժամանակ ան առաջին իգական սեռէ նախարարն է։

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ծնած է 1984 թուականին։ Լիբանանահայ զանազան վարժարաններ յաճախելէ վերջ, աւարտած է Լիբանանի համալսարանի Ընկերային գիտութիւններու բաժինը։ Ունի նաեւ Հայկազեան համալսարանէն վկայական՝ ծրագրերու կառավարման մասնագիտութեամբ։ Աշխատանք տարած է նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ նորանշանակ նախարարին հետ։ Ան շնորհաւորեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որ ստանձնած է Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարի պաշտօնը։ Ան առաջին հայ կին նախարարն է եւ իր թեկնածութիւնը առաջադրուած՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ։  

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020