ՈՒՐՈՒԱԳԾԵԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացը պիտի շարունակուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ յառաջիկային նախատեսուած նոր հանդիպումով։ Երէկ, Զօհրապ Մնացականեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանի ժամանակ։ Հարկ է նշել, որ Զօհրապ Մնացականեան քանի մը օր առաջ յայտնած էր, թէ վաղ է խօսելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ նոր հանդիպման մը շուրջ։ Զօհրապ Մնացականեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Մենք պատրաստ ենք հանդիպման։ Որոշ պայմանաւորուածութիւններ ունինք, կը փորձենք համանախագահներու եւ միւս կողմերու հետ ուրուագծել, թէ ինչպէս պիտի աշխատինք այս տարուայ ընթացքին։ Ինչ կը վերաբերի հանդիպման, ապա մենք միշտ կը հետեւինք այն սկզբունքին, թէ համաձայնեցուած ձեւով կը յայտարարենք։ Ունինք պայմանաւորուածութիւն, թէ մօտակայ ժամանակներս կրնանք հանդիպիլ։ Մեր կողմէ արտայայտուած է այն դիրքորոշումը, թէ անկախ բոլորէն պատրաստ ենք բանակցիլ որեւէ պահու»։
Զօհրապ Մնացականեան մատնանշեց, որ չափազանց կարեւոր է Արցախի մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն։ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցութեան հարցը կը շարունակէ մնալ օրակարգային եւ պատճառները մենք բազմիցս բացատրած ենք։ Չափազանց կարեւոր է բանակցութիւններուն անմիջական մասնակցութիւնը այն առարկային, որ ունի ընտրուած իշխանութիւն, առարկայ մըն է, քաղաքական միաւոր», ըսաւ Մնացականեան։
Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր մօտաւոր անցեալին՝ 4 դեկտեմբեր 2019 թուականին, Պրաթիսլաւայի մէջ, ԵԱՀԿ-ի 26-րդ նախարարական համաժողովի ծիրէն ներս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Զօհրապ Մնացականեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան անհրաժեշտ կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները եւ նպատակ չունի անոնցմէ խուսափելու։ Ան շարունակեց. «Մենք կը բանակցինք Ատրպէյճանի հետ եւ կը բանակցինք մեր դիրքորոշումներու շրջանակներէն ներս՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ է ատրպէյճանական կողմին մօտ։ Այս առումով, ի հարկէ, մենք նկատի կ՚առնենք ընտրութիւններու հանգամանքը, բայց կը շեշտենք նաեւ, որ բանակցութիւնները անհրաժեշտ գործընթաց են եւ բանակցութիւններէն խուսափելու որեւէ նպատակ չունինք»։ Նախարարը այս մատնանշումը ըրաւ՝ հաշուի առնելով, որ յառաջիկային Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած են խորհրդարանական ընտրութիւններ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանն ալ յայտնեց, որ Արցախ որեւէ պարագայով չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Երեսուն տարի առաջ Պաքուի մէջ հայոց դէմ կատարուած ջարդերու տարելիցին անդրադառնալով՝ Աննա Նաղդալեան ըսաւ. «Ատրպէյճանական կողմը կը բանեցնէ բոլոր ոճրագործներու բնորոշ գործելակերպ՝ զոհերը մեղադրելով ոճրագործութեան մէջ եւ կը ժխտէ խաղաղ պայմաններու ներքեւ անզէն մարդոց հրապարակային եւ համակարգուած ոչնչացման իր պատասխանատուութիւնը։ Սա անգամ մը եւս աներկբայ կ՚ընդգծէ, որ որեւէ պարագայի մէջ հայ ժողովուրդի որեւէ հատուածի անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը չի կրնար վստահուիլ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն։ Ակնյայտ է, որ Արցախ որեւէ պարագայով չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ Արցախի ժողովուրդը չի կրնար մնալ առանց պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ անվտանգութեան գիծերու»։