«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԼԱՅՆ ԻՄԱՍՏՈՎ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՄԸՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը մարտահրաւէր մըն է իր երկրին տեսակէտէ։ Իր խօսքով, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը այսօր լայն իմաստով մարտահրաւէր մըն է Հայաստանի համար։

Խորհրդարանի մէջ երեսփոխան մը երէկ նախարար Զօհրապ Մնացականեանի նկատառման յանձնեց, որ միջազգային իրաւունքը կը պարտաւորեցնէ, թէ Թուրքիա չխոչընդոտէ Հայաստանի ելքը դէպի ծով։ Այս կապակցութեամբ Զօհրապ Մնացականեան ըսաւ.

«Սա չափազանց սուր հարց մըն է մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ։ ՄԱԿ-ի շրջանակներէն ներս գոյութիւն ունի յատուկ խումբ մը՝ դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներու։ Մենք այդ խումբի շրջանակներէն ներս եւս կ՚աշխատինք։ Ձեր բարձրացուցած հարցը յստակ կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ այդ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը այսօր աւելի լայն իմաստով մարտահրաւէր մըն է Հայաստանի համար, Հայաստանի անվտանգութեան համար։ Մենք այս հարցը կը դիտարկենք՝ որպէս ազգային անվտանգութեան ամենասուր մարտահրաւէրներէն մին։ Մեզի անհրաժեշտ է աւելի մանրամասն հաշուարկ մը, թէ մենք այս գործընթացը ինչպէս կը շարունակենք իրաւական դաշտի մէջ»։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020