ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏԱՅՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ, ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԴԱՒԱՆԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած «Պատմական Տայք. Պատմութիւն, մշակոյթ, դաւանանք» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածոն։ Հարկ է յիշեցնել, որ այդ գիտաժողովը տեղի ունեցած էր 2016 թուականի յունիսին։
Ժողովածոյին մէջ ընդգրկուած են պատմական Տայք նահանգին նուիրուած առաջին միջազգային գիտաժողովի նիւթերը, որոնք կը լուսաբանեն այդ շրջանի պատմութեան, դաւանանքի, առեւտուրի ու մշակոյթի շարք մը կարեւոր հարցեր։ Ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն պատմական Տայքը հնագոյն շրջանէն մինչեւ նոր ժամանակներ։ Գիտական յօդուածներուն մէջ բազմակողմանի անդրադարձ կատարուած է շրջանի ճարտարապետական, որմնա-նըկարչական եւ քանդակագործական յուշարձաններուն, ձեռագրագիտական նիւթին։
Յօդուածներու ժողովածոյի պատասխանատու խմբագիրներն են արուեստաբան Տոց. Զարուհի Յակոբեան, արուեստաբան Տոց. Նազենի Ղարիպեան եւ արուեստաբան Արփինէ Ասըրեան։ Ժողովածոյին մէջ տեղ գտած ռուսերէն յօդուածներու խմբագիրն է Յասմիկ Շաթիրեան, իսկ անգլերէն յօդուածներունը՝ Աննա Հաճի-Յակոբեան։