ԽՈՒԶԱՐԿՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀՐԱՅՐ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ԲՆԱԿԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի աղմկայարոյց իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը խուզարկումներ կ՚իրականացնէ երկրի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի բնակարանէն ներս։ Հրայր Թովմասեանի պաշտպանը՝ փաստաբան Ամրամ Մակինեան այս մասին տեղեկացնելու ժամանակ այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց։

Հայաստանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ է Հրայր Թովմասեանի պաշտօնազրկութեան խնդիրը։ Վերջին օրերուն ան մասնակցութիւն բերած էր յուղարկաւորութեան՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի, որու դիակը յայտնաբերուած էր իր բնակարանին մէջ։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները արդէն հաւաքուած են Հրայր Թովմասեանի բնակարանի մօտակայքը, ուր կը սպասեն յայտարարութեան մը կատարուելուն։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020