ԵՐԱ՜Զ ՄԸ ՏԵՍԱՅ…
Երա՜զ մը տեսայ. վարդաստան մը, պարտէզ մը՝ ուր մարդիկ սիրով կը խօսէին, սիրով կը վարուէին իրարու հետ։
Ո՛չ ոք ատելութիւն ունէր մէկը միւսին, ո՛չ ոք ամենափոքր ոխ մը, բարկութիւն մը ունէր։ Ամէն մարդ անկեղծութեամբ կը մօտենար իր բարեկամին, իր մերձաւորին։ Ո՛չ ոք թշնամի էր իրարու. անոնց ո՛չ սիրտը, ո՛չ միտքը թշնամութեան նշոյլը իսկ չէր կրեր։
Երա՜զ մը տեսայ. պարտէզ մը՝ ուր մանուկներ առանց որեւէ խտրութեան կը խաղային, կը ճռուողէին եւ անոնց ուրախութիւնը հաճոյք կը պատճառէր իրենց ծնողներուն, որոնք բոլորը բարեկա՛մ էին։ Երա՜զ…։
Երա՜զ մը տեսայ. աշխարհ մը՝ ուր կը տիրէր խաղաղութիւն, անդորրութիւն, ապահովութիւն, հաշտութի՜ւն։ Մարդիկ չէին խօսեր անցեալի մասին, խնդիր մը չունէին անցեալին մէջ, անոնք խաղաղութեան մէջ կ՚ապրէին ներկան միա՛յն։ Անոնք ապագայի մասին ալ չէին խօսեր, քանի որ ապահո՛վ էր իրենց ապագան, անվտանգ եւ յստա՛կ։ Անոնք կը հետաքրքրուէին միայն ներկայով, քանի որ անոնք ո՛չ մէկ հարց ունէին իրենց անցեալին մէջ, քանի որ անցեալին ալ ապրած էին խաղաղ, հաշտ ու սիրով։ Ան, որ անցեալին մէջ խնդիր մը ունի, անոր ներկան ալ հարցերով լեցուն կ՚ըլլայ եւ ապագան՝ անապահո՛վ, խորհեցայ։
Երա՜զ մը տեսայ, ուր մարդիկ ո՛չ մէկ հարց ունէին, անոնց մէջ ո՛չ մէկ խտրութիւն կար. ո՛չ սեռի, ո՛չ ցեղի, ո՛չ լեզուի, ո՛չ գոյնի, ո՛չ հաւատքի, եւ ո՛չ մէկ բանով կը զանազանուէին անոնք, քանի որ անոնք ամէնքն ալ նո՛յն սիրով լեցուած էին։ Տարբերութիւնները խտրութեան պատճառ չէին անոնց մէջ…։
Երա՜զ մը տեսայ, ուր գրադարաններու մէջ տեսակ տեսակ, ամէն լեզուով բառարաններ կային, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկուն մէջ հանդիպեցայ «թշնամութիւն», «ատելութիւն», «ոխակալութիւն» բառերուն։ Կարծես ամէն լեզուի մէջ, ամէն բառարաններու մէջ սրբուած էին այդ վնասակար եւ «ախտաւոր» բառերը։ Երա՜զ…։
Երա՜զ մը տեսայ, ուր կիներ, մայրեր իրենց կոչումին համաձայն բարձրութեան վրայ՝ կը խօսէին իմաստութեամբ եւ իմացականութեա՛մբ։
Երա՜զ մը տեսայ, ուր գրիչս վարդագոյն կը գրէր եւ ինչպէս որ ալ շարժիմ, անիկա միայն մէ՛կ բառ կը գրէր սպիտակ թուղթին վրայ՝ «ՍԷՐ»։
Երա՜զ մը տեսայ, ուր մարդիկ, առանց խտրութեան իրարու անկեղծութեամբ կը մօտենային։
Երա՜զ մը տեսայ. աշխարհ մը՝ ուր «ներողամտութիւն» չկա՛ր, քանի որ ներելու որեւէ սխալ չկար, ամէն ինչ կարգին կ՚ընթանար. սէրը, գութը, կարեկցութիւնը բնական էր, ամէն մէկը խնամք կը տանէր միւսին։ Իրերօգնութիւնը բնական վարուելակերպն էր այն բոլոր մարդոց համար, քանի որ իւրաքանչիւրը կ՚ապրէր միւսին համար։
Երա՜զ մը տեսայ. աշխարհ մը, ուր մարդիկ «բարի» չէին կոչուեր, քանի որ «չար»ը չկար, «բարութիւն»ը յատկանիշ մը չէր՝ այլ բնական վիճակ ամէն մէկուն համար։ «Բարի մարդ» կամ «չար մարդ» չկա՛ր, այլ «մա՛րդ»ը կար միայն…։
Երա՜զ մը տեսայ. տուն մը, ուր եղբայրներ իրարու հետ իսկապէս «եղբօր» պէս կը վարուէին, ծնողներ իրենց կոչումին հաւատարիմ՝ կը խնամէին իրենց զաւակները եւ որդիներ կը յարգէին իրենց ծնողները՝ որոնց կը պարտին իրենց կեանքը։
Երա՜զ մը տեսայ. ի՜նչ երազ… ամէն մարդ, առանց բացառութեան, գոհութիւն կու տար իր ունեցածներուն համար եւ փա՜ռք՝ իր չունեցածներուն համար, քանի որ չափաւոր էին, պարզ կեանք կ՚ապրէին՝ հոգիով ճոխ ու առա՜տ բարիքներով լեցուն։ Իւրաքանչիւրը գիտակից էր իր տարողութեան, իր չափին ու կշիռին, իրեն կարողութիւններուն սահմանին։ Նոյն երազին մէջ տեսայ, թէ «նախանձ»ն ալ տեղ չունէր հոն, քանի որ ամէն մէկը ինքնաճանաչութեան գիտակցութեամբ առաքինի եւ ազնիւ էր։ Ուրախ էին անոնք, քանի որ գոհ էին, գիտակից՝ իրենց էութեան եւ գոյութեան։
Երա՜զ մը տեսայ. ամէն մարդ հանդուրժողութեամբ կը լսէր իր բարեկամին խօսքերը։ Ո՛չ ոք կը հակառակէր ուրիշին, ո՛չ ոք կ՚անտեսէր ուրիշին իրաւունքը եւ ո՛չ ոք կը կաշկանդէր ուրիշին ազատութիւնը։ Ամէն ինչ հաշտութեան, խաղաղութեան մէջ կ՚ընթանար։ Ամէն մարդ «ուրիշ»ը կը տեսնէր որպէս իր «Ես»ը եւ նոյնը կը տեսնէր «ուրիշ»էն։ Ապահով, անվտանգ կեանք մը կը տիրէր աշխարհի վրայ…։
Երա՜զ մը տեսայ. աշխարհ մը, ուր անհամաձայնութիւններ, անմիաբանութիւններ գոյութիւն չունէր։ Մարդիկ ատելութեամբ չէին վարուեր իրարու հետ, այլ սիրոյ քաղցր զգացումներով, անկեղծութեամբ կը մօտենային իրարու։ Հաւատարմութիւն, իրարու վստահութիւն, իրարմով ուրախութիւն եւ բոլոր առաքինի ու ազնիւ զգացումներ տիրական էր հոգիներու եւ միտքերու վրայ։ Երա՜զ…։
Երա՜զ մը տեսայ. ուր հպարտութիւն, ինքնահաւանութիւն, մեծամտութիւն, սնափառութիւն գոյութիւն չունէր։ Մեղքի սկիզբը հպարտութիւնն է՝ մա՛րդ հպարտ չէր հոն, ամէն մարդ խոնարհ, համեստ եւ պարզ կ՚ապրէր։ Ո՛չ մէկը կ՚արհամարհէր միւսը, եւ չէր ալ արհամարհուէր ուրիշէն։ Մա՛րդ չէր տրտնջեր, մա՛րդ դժգոհութիւն չէր յայտներ, եւ մա՛րդ մարդու նկատմամբ չէ՛ր գանգատեր, քանի որ ամէն մարդ ինքզինք կը ճանչնար…։ Երա՜զ մը…։
Սիրելինե՜ր, իմ՛ արթնցնէք զիս. ես կ՚ուզեմ ապրիլ իմ երազի աշխարհին մէջ՝ խաղա՜ղ, անդո՜րր, հե՜զ ու խոնա՜րհ, համե՜ստ, պա՜րզ, չափաւո՜ր եւ միշտ սիրո՛վ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 22, 2015, Իսթանպուլ