ՊԷՏՔ Է ՅԱՋՈՐԴ ԳԱՐՆԱՆ ՍՊԱՍԵԼ
Մանուկն ու Մանուշը պատուհանին մօտ նստած, ինչպէս ամէն օր, առաւօտեան սուրճը կը խմէին: Որոտումի ձայնը անոնց գլուխները վեր բարձրացուց: Առաջինին ձայնը տկար էր: Երկրորդը յաջորդաբար որոտաց, իսկ երրորդը այնքան զօրաւոր էր, որ կարծես լեռը պիտի պատռուէր: Արձագանգը ա՛լ աւելի զօրաւոր էր, երկա՜ր ատեն կը հնչէր:
-Բարին թող ըլլայ: Աս որոտումին ձայնը սիրտս ու միտքս կը պղտորէ,- ըսաւ Մանուկ ու գլուխը բարձրացուց դէպի վեր, դէպի ամպեր ու դեռ աւելի վեր, դէպի Աստուած ու աղերսեց, որ խնայէ զիրենք:
Ապրիլ ամիսն էր: Քեսապի գարնան հաճելի եղանակն էր: Բնութիւնը երկարաշունչ ձմեռէ մը ետք ծաղկած էր, ծառ ու ծաղիկ հասակ առած էին անոր ծոցին մէջ: Օ՜, որքան գեղեցիկ է բնութեան վերականգնումը: Բնութիւնը ինքնաբուխ կը պատրաստուէր կարծէք քանի մը շաբաթ վերջ Ծաղկազարդն ու Զատիկը դիմաւորելու:
Շատ չանցած՝ սկսաւ զօրաւոր անձրեւ տեղալ, անձրեւի կաթիլները կը զարնուէին ցուիքներուն եւ պատուհաններու ապակիներուն: Այդ կաթիլները, ո՛ւր որ ալ իյնային ու թփռտային, Մանուկին միտքը կը պղտորէին: Անձրեւը մեղմացաւ ու դադրեցաւ, բայց չա՛ր սատանայ, եկուր տես, որ երկինքը անձրեւով չբաւարարուեցաւ, երկինքի սեւ ամպերը դեռ իրենց զայրոյթը չէին սպառած: Քիչ վերջ ամպերը երկար շունչ մը քաշեցին ու թը՛փ-թը՛փ կարկուտի փոքրիկ հատիկներ աջ ու ձախ սկսան իյնալ:
Մանուկը պատուհանին աւելի մօտեցաւ, աչքերը խոշոր բացած՝ կը հետեւէր կարկուտի հատիկներուն:
Մէկ վեր կը նայէր ծաղկած ծառերուն, մէկ կը նայէր կարկուտի ինկած հատիկներուն: Սիրտը աւելի արագ կը տրոփէր, իսկ շրթներէն աղօթք կը բարձրանար առ Աստուած, որպէսզի Ան խնայէ իր երկար ամիսներու աշխատանքը:
Մանուկ կարկուտի հատիկներուն հետեւելով՝ կը մտաբերէր տարուան մը աշխատանքը: Ան մեղուի մը նման, ծառէ ծառ անցնելով, առանց ցուրտին ու հովին կարեւորութիւն տալու, ուշի ուշով հատած-կտրած էր ոչ պիտանի ճիւղերն ու ճիւղերուն ծայրերը, որպէսզի անոնք չվնասեն ծառին ծաղիկ տուող պտուկները: Կտրած ատեն ի՜նչ յոյսեր կապած էր այդ տարուան սպասուող բերքին, ու ինչ-ինչ ծրագիրներու մասին խորհած էր, երբ այդ պարտէզին եկամուտը գրպանը դնէր վերջապէս:
Նոյնիսկ չէր ծուլացած գետին ինկած ոչ պիտանի ճիւղերը հաւաքելու: Երբեմն առանձին հաւաքած էր, երբեմն Մանուշն ալ օգնած էր իրեն, նոյնիսկ պզտիկները արձակուրդի օրերուն ճիգ չէին խնայած հօր օգնութեան հասնելու, վերջապէս հաւաքական աշխատանքը Աստուած օրհնած է, մանաւանդ երբ սէրը ներկայ է այդ աշխատանքին մէջ: Երբ ճիւղերը կը հաւաքէին, հայրը զանոնք քաջալերելու եւ գնահատելու նպատակով մէկ-մէկ խոստումներ ալ կու տար, բերքահաւաքէն ետք անոնց անակնկալներ պիտի սպասէին: Մանուշ, իր կարգին, այդ խոստումներէն իր բաժինը կը փորձէր խլել, Մանուկն ալ ոչ չէր ըսեր, որո՞ւ համար կ՚աշխատէր ան վերջապէս՝ իր զաւակներուն բարւոք կեանք մը ապահովելու, իր ընտանիքին-տան վիճակը բարելաւելու: Այս յոյսերը իրեն ուժ ու եռանդ կը ներշնչէին աշխատանքի պահերուն:
Այս տարի քանի մը անգամ դեղած էր պարտէզը, թէեւ այս տարի դեղերը սուղ գիներով ձեռք ձգած էր, ի՞նչ հոգ սակայն, լաւ բերք ստանալու յոյսով դեղած էր, լաւ բերքին ալ եկամուտէն այդ բոլոր ծախսերը կրնար փակել:
Քանի մը անգամ ալ հերկած էր պարտէզը, որ այդ ոչ պիտանի խոտերը դուրս բերէր, եւ ծառերը լաւ սնունդ առնէին: Մէկ խօսքով, ինք եւ Աստուած գիտէին, թէ որքա՛ն քրտինք ու աշխատանք իրարու խառնած էր՝ պարտէզը հասցնելու այս ծաղկուն վիճակին:
Այս բոլոր գաղափարները շարժապատկերի մը պէս երկվայրկեաններու ընթացքին մըտ-քին մէջ տողանցեցին, կարկուտի, փայլատակումի մը տեւողութեամբ: Կարկուտը հետզհետէ աւելի զօրացաւ, անոր հատիկներուն չափը աւելի մեծցաւ: Երկինքէն իջնող ամէն մէկ հատիկ իրեն հետ վար կ՚առնէր պարտէզին ծառերն ու ծաղիկները ու գետինը հարսի ճերմակ հագուստ կը հագնէր: Ծառերէն ինկած ծաղիկներն ալ այդ հագուստը կը զարդարէին, սակայն բնութեան այս հրաշալի գեղեցկութեան մէջ Մանուկին դժբախտութիւնը կը յայտնուէր, ու քանի մը վայրկեանի ընթացքին անոր բերքը կը փճանար:
-Վնաս չունի, Մանո՛ւկ, ծառը տեղն է: Այս տարի չեղաւ, գալ տարի բերք կու տայ:
-Այո՛, Մանո՛ւշ, փա՛ռք Աստուծոյ, առողջութիւն թող ըլլայ, այնքան ատեն որ առողջ ենք, կրկին կ՚աշխատինք, այնպէս՝ ինչպէս միշտ աշխատած ենք, ըսածիդ պէս՝ ծառն ալ դեռ տեղն է:
Մանուշ կը փորձէր ձեւով մը մեղմացնել փորձանքին տարողութիւնը, Մանուկն ալ կը փորձէր կինը մխիթարել: Ու լռեցին երկուքը, կարծես ա՛լ ըսելու խօսք չէին գտներ, միւս կողմէ՝ ի՛նչ ալ ըսէին, խօսքը կացութիւն պիտի չփրկէր, հաւանաբար երկուքն ալ այսպէս կը խորհէին: Այս տարի դժուար ու երկա՜ր տարի մը պիտի անցընեն, բայց ի՞նչ հոգ, պէտք է դիմանալ ու տոկալ: Յաջորդ գարնան սպասելու յոյսով ապրիլ:
ՍԵՒԱՆ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան
Հարթակ
- 11/30/2024