ԱՀԱՒՈՐ ԱՒԵՐ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ապրուած զգայացունց տմարդի իրադարձութիւնները կը շարունակուին՝ սրբապղծութիւններու զուգորդմամբ։ Սուրիահայութիւնն ու ամբողջ հայաշխարհը երէկ ահաւոր աւերի մը ականատեսը եղան։ Այսպէս, Հալէպի մէջ ռմբակոծութեան թիրախ դառնալով աւերուեցաւ Ս. Քառասուն Մանկանց հայոց եկեղեցին։ Համացանցի վրայ արդէն տարածուած են խոնարհեալ սրբավայրին վերաբերեալ դրուագները, որոնք իսկապէս անմխիթար թողած են համայն աշխարհի հայութիւնը։ Սա արդէն քանիերորդ հայկական սրբավայրն է, որ կը պղծուի, կը խոնարհուի՝ զինեալ խմբաւորումներուն թիրախը դառնալով։
Հալէպի մէջ Ճտէյտէ թաղամասէն ներս երէկ ապրուեցան սաստիկ ու աւերիչ ռմբակոծումներ։ Սա այն թաղամասն է, ուր կը գտնուի յիշեալ եկեղեցին՝ յարակից հայկական կեդրոնով, դպրոցով եւ ակումբով։
«Արմէնփրէս» լրատու գործակալու-թեան հաղորդումներով, Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Րէիսեան երէկ խոր մտահոգութեամբ անդրադարձած էր այս իրադարձութեան, երբ տակաւին կարելի չէր հասնիլ դէպքի վայր եւ ճշդել առկայ վիճակը։ Աւելի ուշ հնարաւոր եղաւ ամէն ինչ պարզել ու միեւնոյն ժամանակ համայն հայութիւնը մեծ վրդովմունքով վերահասու դարձաւ պատահած աւերին։
Նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին նաեւ ասորիներու եւ մարոնիտներու սրբատեղիներ, իսկ բնակիչներ գրեթէ չկան։