ՈՒԻՆՍԹԸՆ ՉԸՐՉԻԼԻ ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ
«ԳրաՏուն» հրատարակչութիւնը հայ ընթերցողի սեղանին դրած է աշխարհի նշանաւոր քաղաքական գործիչներէն մէկուն՝ 1940-1945 եւ 1951-1955 թուականներուն Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ, Բրիտանական ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ, գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ուինսթըն Չըրչիլի «Ինքնակենսագրութիւն» գիրքը հայերէնով: Գիրքը թարգմանած է Արմինէ Մարկոսեան, իսկ իբրեւ կողքի լուսանկար ընտրուած է հայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի (Յովսէփ Քարշեանի) յայտնի լուսանկարը, որ պատմութեան մէջ մտած է «Մռնչացող առիւծը» անունով:
Չըրչիլ ինքնակենսագրութիւնը գրած է՝ նկարագրելով իր յիշողութիւնները մանկութեան տարիներէն սկսեալ: Քառորդ դար ընդգրկող յիշողութիւններուն մէջ Չըրչիլ ջանացած է ի ցոյց դնել իր ամէն մէկ տարիքին համապատասխան աշխարհահայեացքը՝ երեխայի, դպրոցականի, զինուորական վարժարանի ուսանողի, ենթասպայի, պատերազմական թղթակիցի եւ երիտասարդ քաղաքական գործիչի: Բուն ինքնակենսագրութիւնը շարադրելէ առաջ Չըրչիլ գրած է. «Երբ ամբողջութեամբ կը զննեմ այս աշխատութիւնը, կը հասկնամ, որ տուած եմ անհետացած շրջանի մը պատկերը: Հասարակութեան խառնուածքը, քաղաքականութեան հիմքը, պատերազմի մեթոտները, երիտասարդութեան մտահորիզոնը, արժէքներուն կշիռը... ամէնը փոխուած են այն աստիճան, որ կարելի չ՚ըլլար այդ փոփոխութեան հաւատալ առանց ներքին ուժեղ յեղափոխութիւն ընելու: Չեմ կրնար ձեւացնել, որ ամէնը դէպի լաւ փոխուած են: Ես վիքթորիական դարաշրջանի երեխայ մըն էի, երբ մեր հասարակութեան կառուցուածքը ինծի շատ կուռ կը թուէր, երբ անոր դիրքորոշումը առեւտուրի ու ծովի հարցերով անզուգական էր եւ երբ մեր Կայսրութեան մեծութեան իրականացումն ու զայն պահպանելու մեր պարտականութիւնը երթալէն կը զօրանային: Այդ ժամանակ Մեծն Բրիտանիոյ իշխող ուժերը վստահ էին իրենց ուժերուն ու դաւանած ուսմունքներուն վրայ: Անոնք վստահ էին, որ աշխարհին կարող են սորվեցնել կառավարելու արուեստը եւ տնտեսագիտութիւնը: Անոնք վստահ էին, որ ծովուն մէջ առաջատար են, հետեւաբար՝ ապահով սեփական երկրին մէջ: Այդ պատճառով ալ հանգիստ նստած էին՝ իշխանութեան ու անվտանգութեան վստահութեամբ: Շատ տարբեր է այս անհանգիստ եւ կասկածելի ժամանակներուն բնոյթը: Զանոնք փոխելու արտօնութիւն կարող են տալ միայն բարի ընթերցողները:
«Կը կարծեմ, որ նոր սերունդը կը հետաքրքրէ կարդալ երիտասարդի մը նուիրումի այս պատմութիւնը, որուն մէջ ես անկեղծօրէն եւ կարելի եղած չափով պարզ ներկայացուցած եմ իմ անձնական յաջողութիւններս»:
Չըրչիլ իր յիշողութիւններուն կը սկսի Իրլանտայէն, ուր ծնած եւ երեք տարի դայեակի եւ դաստիրակչուհիի խնամքին տակ ապրած է, յետոյ փոխադրուած են Անգլիա, ուր մանուկ տարիքէն կրթութեան եւ վաղ դաստիարակութեան խստութիւնները ուղեկցած են իրեն: Մանաւանդ դայեակին՝ Էլիզապէթ Էն Էվերեսթին մասին վառ յիշողութիւններ պահպանուած են. դայեակը ան գաղտնի կերպով «պառաւ» կը կոչէր:
Չըրչիլին դպրոց յաճախած առաջին տարիներու յիշողութիւնները խիստ պատիժներու մասին էին, որոնց ներքոյ ան կը սերտէր դժուար դասերը, յատկապէս հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր աշխարհագրութեան եւ երկիրներու քարտէսներուն հանդէպ: Տակաւին դպրոցական տարիներէն Չըրչիլ մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ զինուորական կեանքին եւ կը հաւաքէ զինուորիկ-խաղալիքներու մեծ հաւաքածոյ մը՝ մօտ տասնհինգ հազար զինուոր, բոլորը բրիտանացի զինուորներու կերպարով:
Հարոու դպրոցին մէջ 1889 թուականին Ուինսթընը կը փոխադրեն յատուկ զինուորական թեքումով դասարան մը: Պատանի Ուինսթըն դպրոցին մէջ այն տասներկու աշակերտներէն էր, որոնք կրնային յանձնել աւարտական քննութիւններու բոլոր առարկաները. յատկապէս անոր մօտ կը դիտուի պատմութեան հանդէպ բարձր հետաքրքրութիւն, իսկ 1892 թուականին ան սուսերամարտի յաղթանակով կը դառնայ դպրոցի ախոյեան:
Ան իր հաւաքած զինուոր-խաղալիքներուն միջոցաւ կը բեմադրէր պատերազմներ, եւ երբ հայրը կը տեսնէ որդիին սէրը բանակային կեանքին հանդէպ, կ՚առաջարկէ բանակին մէջ ծառայել. Չըրչիլ անմիջապէս կը համաձայնի: Փաստօրէն, խաղալիք զինուորները մեծ դեր կատարած են անոր կեանքին մէջ եւ զայն մղած զինուորական ասպարէզ:
Անոր հայրը՝ լորտ Ռենտոլֆ Սփենսըր Չըրչիլը, ճանչցուած քաղաքական գործիչ էր, խորհրդարանի Համայնքներու պալատի պատգամաւոր էր եւ յետագային, ինչպէս Ուինսթըն, հայրն ալ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ էր:
Մայրը՝ Ճենի Ճերոմ ամերիկեան հարուստ ձեռնարկատիրոջ մը դուստրն էր: 1893 թուականին Ուինսթըն Չըրչիլ կ՚ընդունուի Սանթհարսթի Թագաւորական ռազմական ակադեմիա՝ ամենէն անուանի ռազմական ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը: Մօտ մէկ տարի ակադեմիոյ մէջ ուսանելէ ետք, 2 փետրուար 1895 թուականին կը ստանայ կրտսեր հրամանատարական առաջին կոչումը, նոյն այդ տարին ան կը կրէ երկու ծանր կորուստ, կը մահանան հայրն ու սիրելի դայեակը:
Կոչումը ստանալէ ետք Ուինսթըն Չըրչիլ կ՚անցնի ծառայութեան թագուհիին անձնական չորրորդ գունդին մէջ: Քանի մը ամիսէն, մօրը միջամտութեամբ, Չըրչիլ կ՚ուղարկուի Քուպա, որպէս «Daily Graphic» թերթի զինուորական թղթակից. ան պէտք է հանգամանօրէն ներկայացնէր սպանացի գաղութարարներուն դէմ տեղացիներուն ապստամբութիւնը:
Սպանական բանակին հետ գործուղման մէջ գտնուելուն ընթացքին, ան առաջին անգամ կը յայտնուի կրակի գօտիին մէջ եւ անոր յօդուածներէն հինգը կը տպագրուին թերթին մէջ, որոնցմէ քանի մը հատը՝ «New York Times»ի մէջ:
Սպանիոյ կառավարութեան կողմէ «Կարմիր խաչ» մետայլով պարգեւատրուիլը Չըրչիլին սքանտալային բնաւորութեան աւելի մեծ ճանաչողութիւն կը բերէ, անոնցմէ ետք բրիտանական մամուլը կը յայտնէ իր կասկածները անոր, որպէս թղթակից, միջանկեալ դիրքին մասին: Քուպայի իր ծառայութիւնը աւարտելէն ետք, դէպի Անգլիա ետդարձի ճամբուն, Չըրչիլ առաջին անգամ կ՚ըլլայ Միացեալ Նահանգներ:
Յետագային՝ 1896 թուականի հոկտեմբերին, Նոր զօրամասը կ՚ուղարկուի Հնդկաստանի Պանկալոր քաղաք: Չըրչիլ փորձելով լրացնել համալսարանական կրթութեան պակասը շատ կը զբաղի ընթերցանութեամբ եւ կը դառնայ զօրամասային խումբին մէջ հմուտ փոլօ խաղացող:
Մօտ մէկ տարի Պանկալորի մէջ ծառայելէ ետք, ան ցանկութիւն կը յայտնէ միանալ Հնդկաստանի հիւսիս-արեւմուտքին, Մալաքանտ լեռնային շրջանին, փուշթուններու ցեղերուն դէմ պայքարող բը-րիտանական զինուորական արշաւախմբային բաժանմունքին. այս հարցին նոյնպէս անոր օգնութեան կը հասնի բարձրաշխարհիկ շրջապատին մէջ ունեցած մօր կապերը: Այստեղ, ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, որ աւելի վտանգաւոր ու դաժան էին, քան Քուպայի մէջ, Չըրչիլ աչքի կ՚իյնայ խիզախութեամբ, որուն մասին կը գրէ մօրը. «Այս աշխարհին մէջ, աւելի շատ կը ձգտիմ ձեռք բերել քաջի համբաւ, քան որեւէ այլ բան»: Իսկ իր մեծ մօր՝ հերցոկուհի Մարլպորոյին ուղղուած նամակին մէջ կը քննադատէ այս գործողութիւններուն անիմաստութիւնը եւ երկկողմանի դաժանութիւնը: Մալաքանտէն վերադառնալէ ետք, Չըրչիլ կրկին կը դիմէ հրամանատարութեան, որպէս զինուորական թղթակից Հիւսիսային Ափրիկէ գործուղուելու համար, սակայն ան չ՚արժանանար հրամանատարութեան հաւանութեան, անոր համար անձամբ կը դիմէ վարչապետին՝ լորտ Ռոպերթ Սոլսպերիին, որուն հետեւանքով Չըրչիլ կը նշանակուի հրամանատարական առաջին կոչումի արտահաստիքային պաշտօնի, բայց հրամանատարը յատուկ կը նշէ, որ վիրաւորուելու կամ զոհուելու պարագային ան ռազմական ֆոնտէն հատուցում պիտի չստանայ:
1898 թուականին կ՚ուղարկուի Եգիպտոս, ուրկէ Սուտան՝ ճնշելու Մահտիականներուն ապստամբութիւնը: Հոն ան նաեւ կը թղթակցի Լոնտոնի «Morning Post» օրաթերթին: Սուտանի մէջ ապստամբները ունէին թուական գերակշռութիւն, մինչդեռ անգլիա-եգիպտական բանակը սպառազինութեամբ աւելի հզօր էր, ունէր հրետանի, նոր տեսակի հրազէն, հրետանաւակներ, նաեւ «Մաքսիմ» գնդացիրներ:
2 սեպտեմբեր 1898 թուականին, Օմտուրմանի մօտ տեղի ունեցող գլխաւոր ճակատամարտին, հեծելազօրի կազմին մէջ կը մասնակցի նաեւ Չըրչիլ:
Սուտանի գործողութիւններուն մասին ան կը գրէ իր «Գետի պատերազմը» գիրքը:
Սուտանէն կը վերադառնայ Հնդկաստան՝ համազգային մականախաղի մրցումներուն մասնակցելու համար, ուրկէ յաղթանակած վերադառնալէ ետք, 5 մայիս 1899 թուականին, կը հրաժարի ծառայութենէն՝ անցնելով պահեստազօր:
1899 թուականի յուլիսին, խորհրդարանի անդամ Ռոպերթ Ասքրոֆթ կ՚առաջարկէ Չըրչիլին ներկայացնել իր թեկնածութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որպէս Օլտհեմի շրջանէն Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու: Չըրչիլի առաջին քաղաքական փորձը յաջողութեամբ չի պսակուիր, ընտրութիւններուն կը յաղթէ Ազատական կուսակցութիւնը:
Նոյն թուականի աշնան, Հարաւային Ափրիկէի քանի մը հանրապետութիւններուն հետ բրիտանական կառավարութեան յարաբերութիւններուն սրումը կը յանգեցնէ Անգլիա-պուրական երկրորդ պատերազմին: Սեպտեմբեր 18-ին ան «Daily Mail» թերթէն առաջարկ կը ստանայ որպէս զինուորական թղթակից մեկնիլ Հարաւային Ափրիկէ, սակայն Չըրչիլ, դեռ չպատասխանած անոնց առաջարկին, կը դիմէ «Morning Post» օրաթերթին, որ կը շտապէ Չըրչիլին այն ժամանակներուն չլսուած, մեծ գումար վճարել: Ընդունելով «Morning Post» թերթին առաջարկը՝ Չըրչիլ հոկտեմբեր 18-ին, պատերազմը սկսելէ երկու օր յետոյ, կը մեկնի Ափրիկէ:
Ափրիկէի մէջ ան տեղազննութեան կը մեկնի զրահապատ գնացքով, զոր կը ղեկավարէր նաւապետ Հոլտէյնը, որուն ծանօթ էր Մալաքանտէն: Գնացքը կը յայտնաբերուի գիւղացիներու կողմէ եւ կ՚ենթարկուի հրետակոծութեան. յիսունի մօտ զինուոր գերի կ՚իյնայ, այդ թուին նաեւ նաւապետ Հոլթէյնը եւ Չըրչիլը: Գերութենէն անյաջող փախուստի փորձէն ետք զայն կ՚ուղարկեն ռազմագերիներու ճամբար, որ տեղակայուած էր Փրեթորիոյ Պետական բարձրագոյն դպրոցին մէջ: Ամիս մը ետք՝ դեկտեմբեր 12-ին Չըրչիլ, նաւապետ Հոլտէյնը եւ սերժանտ-մայոր Պրուքին կը դիմեն փախուստի, բայց միայն Չըրչիլ կը յաջողի ժամապահներէն աննկատ անցնիլ, որուն համար յետոյ զայն ընկերները ձգելուն պատճառով անհիմն կը մեղադրեն, սակայն 1912 թուականին, ան դատավարութիւն կը սկսի ընդդէմ «Blackwood’s magazine» ամսագրին՝ մեղադրելով զրպարտութեան մէջ: Ամսագիրը ստիպուած կը տպագրէ յատուկ յօդուած մը եւ ներողութիւն կը խնդրէ:
Փախչելով արշաւէն՝ Չըրչիլ ապրանքատար գնացքով աննկատ կը հասնի Ուիթպանք, ուրկէ անգլիացի երկրաչափ Տենիըլ Տիւսնըփի օգնութեամբ գաղտնօրէն կ՚անցնի սահմանը: Փախուստը Չըրչիլը յայտնի կը դարձնէ, ան կը ստանայ խորհրդարանի մէջ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու քանի մը առաջարկ, նաեւ՝ Օլտհեմի ընտրազանգուածին խոստումը, որ զայն քաղաքական հայեացքներէ անկախ կ՚ընտրեն, բայց Չըրչիլ կը նախընտրէ մնալ բանակին մէջ, կը ստանայ թեթեւ հեծելազօրի առաջին հրամանատարի պաշտօն եւ կը շարունակէ աշխատիլ որպէս «Morning Post»ի յատուկ թղթակից:
Բազմաթիւ մարտերու կը մասնակցի այդ պատերազմին մէջ, մարտերուն դրսեւորած արիութեան համար զօրավար Համիլթընը զայն կը ներկայացնէ Վիքթորիայի Խաչի պարգեւատրման, բայց քանի որ Չըրչիլ պաշտօնէն հրաժարած էր՝ չի պարգեւատրուիր:
1900 թուականին Չըրչիլ փոսթատարային նաւով կը վերադառնայ Անգլիա, այն նոյն նաւով, որ ութ ամիս առաջ մեկնած էր Հարաւային Ափրիկէ: Սկիզբ կ՚առնէ անոր քաղաքական արհեստը, որուն մասին արդէն քիչ են ակնարկները ինքնակենսագրութեան մէջ:
Ինքնակենսագրութիւնը կ՚աւարտի իր Ափրիկէէն Անգլիա վերադառնալով, ուր աւարտին կը հասցնէ իր «Եան Համիլթընի Մարշը» գիրքը, որուն մէջ կը նկարագրէ Անգլիա-պուրական երկրորդ պատերազմին իրադարձութիւնները եւ Անգլիա վերադառնալով, երկրորդ անգամ կ՚առաջադրէ իր թեկնածութիւնը 1900 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Իր ինքնակենսագրութեան մէջ Չըրչիլ կը գրէ.
«Գիրք գրելը շատ չի տարբերիր տուն կառուցելէ, ճակատամարտի նախագիծ կազմելէ կամ նկար մը նկարելէ: Միջոցները տարբեր են, նիւթերը տարբեր են, սակայն սկզբունքը նոյնն է: Անհրաժեշտ է դնել հիմքերը, հաւաքել տուեալները, իսկ եզրակացութիւնը իր ծանրութեամբ պէտք չէ ճնշէ հիմքը: Յետոյ կարելի է աւելցնել զարդարանքներն ու յղկումները: Աշխատանքին աւարտուն տեսք կու տայ նիւթին յաջող ներկայացումը: Ճակատամարտին մէջ, ամէն պարագայի, կայ թշնամիի միջամտութիւն եւ լաւագոյն հրամանատարները անոնք են, որոնք կը հասնին իրենց նախատեսած արդիւնքին՝ առանց նախագիծերուն կառչելու։
«Երբեք, երբեք ու երբեք չհաւատաք, թէ որեւէ պատերազմ դիւրին ու հանգիստ կ՚ըլլայ կամ որ անյայտ ճամբորդութեան ելած մարդը կրնայ կանխատեսել իրեն հանդիպելիք փոթորիկները: Պատերազմի տենդով վարակուած պետական գործիչը պէտք է հասկնայ, որ երբ ազդանշանը տրուի, ան այլեւս իր քաղաքականութեան տէրը չէ, այլ անկանխատեսելի ու անկառավարելի իրադարձութիւններուն ստրուկը»:
20-րդ դարու մեծագոյն քաղաքական գործիչներէն մէկը ըլլալով գրած է բազմաթիւ գործեր, իսկ ինքնակենսագրութիւն տասակին ան մեծ տեղ կու տար ըսելով, թէ մենք պէտք է ժամանակ տրամադրենք ուրիշներու գրածներուն հիման վրայ ինքնակրթուելու, որ դիւրութեամբ հասնինք այն բոլորին, որ անոնք հասած են դժուար աշխատանքի շնորհիւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան