ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ ՀԻՆԳ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան կազմը համալրուեցաւ հինգ նոր դէմքերով։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համագումարը։ Կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիի աղբիւրներուն կողմէ թողարկուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ տեղեկացուած է, որ Կեդրոնական վարչութեան նոր անդամներն են՝ Անի Մանուկեան (Միացեալ Նահանգներ), Լոռի Մունչէրեան (Միացեալ Նահանգներ), Լենա Սարգիսեան (Գանատա), Ալեքսի Կէօվճեան (Ֆրանսա) եւ Առնօ Ադամեան (Անգլիա)։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շրջանին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յատուկ խորհրդականի պաշտօնը պիտի վարէ Քարոլ Ասլանեան, որ երկար տարիներ այս կազմակերպութեան մէջ ունեցած է կարեւոր դերակատարութիւն եւ անդամակցած՝ Կեդրոնական վարչութեան։ Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը բաղկանայ քսան հոգիէ՝ աշխարհի զանազան երկիրներէն։