ՆՈՐ ԹԱՓ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ
Միջազգային ելմտական ընկերակցութեան փոխ-նախագահ Քարին Ֆինքելսթոնի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջերս շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց պատուիրակութիւնը, մինչ Ֆինքելսթոն եւ իր ընկերակիցները ընդունուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ֆինքելսթոնի հետ զրուցելու ընթացքին բարձր գնահատեց կողմերու միջեւ մշակ-ւած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց անոր հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ։ Յովիկ Աբրահամեան միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ընկերակցութեան կողմէ Հայաստանի մէջ զանազան բնագաւառներէն ներս ձեռնարկուած ծրագրերուն համար, որոնք նոր թափ կու տան երկրի տնտեսութեան աշխուժացման ու հետագայ զարգացման։ Վարչապետը կարեւորեց գործարար միջավայրի բարելաւման, ելմտական հատուածին օժանդակելու ուղղեալ ծրագրերը, տեսչական բարեփոխումներու իրականացումը։
Իր կարգին, Քարին Ֆինքելսթոն գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան հետ ձեռնարկուած ծրագրերու կատարման ընթացքին շուրջ։ Ան շեշտեց, որ այդ առումով որեւէ խնդիր գոյութիւն չունի։ Ֆինքելսթոն տպաւորիչ համարեց գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ կատարուած համատեղ ջանքերը։ Ըստ իրեն, սոյն ընկերակցութիւնը պատրաստ է ընդլայնելու ծրագրերը գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, ենթակառուցուածքներու, նորարական փորձագիտութիւններու բնագաւառէն ներս եւ Հայաստանի կառավարութեան ցուցաբերել անհրաժեշտ օժանդակութիւնը՝ հաւանական մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու նպատակով։
Յովիկ Աբրահամեանի հետ զրուցելու ընթացքին Ֆինքելսթոն արդիւնաւէտ գնահատեց Հայաստանի կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան վարած քաղաքականութիւնը՝ տնտեսական կայունութեան պահպանման եւ ամրապնդման տեսանկիւնէն։ Աւելի վերջ քննարկուեցան Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի եւ սոյն ընկերակցութեան միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները, սննդամթերքի անվտանգութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցութեան տնօրէն Թոմաս Լիւպեքին, որ աւարտած է իր առաքելութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար։ Ան միեւնոյն ժամանակ շնորհաւորեց ընկերակցութեան նորանշանակ տարածքաշրջանային տնօրէն Եան Ֆան Պիլսէնը՝ եւ յաջողութիւն մաղթեց պատասխանատու առաքելութեան մէջ։
Միջազգային ելմտական կառոյցներուն հետ Հայաստանի կառավարութեան համագործակցութիւնը ներկայիս էական նշանակութիւն ունի աւելի քան երբեք։ Արդարեւ, արտասահմանէն Հայաստան կատարուած փոխանցումներուն քանակը ներկայ տարեսկիզբէն ի վեր կրճատուած է լրջօրէն։ Անցեալ տարի ալ այդ ուղղութեամբ միտումներ թէեւ կային, սակայն այս տարի հարցը ստացած է լուրջ թափ մը։ Հետեւաբար Հայաստանի կառավարութեան կողմէ երկրի տնտեսական հաւասարակշռութիւններու պահպանման առումով շատ կարեւոր նշանակութիւն մը ունի միջազգային ելմտական կառոյցներուն հետ կայուն համագործակցութեան տեւականացուիլը։