ԳԱՐԵԳԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԱԿԻՐՃ ԿԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ - Բ -
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի կեանքէն, գրական վաստակէն եւ հանրային գործունէութենէն հատուածներ։
1936-ին «Աշխարհի Լոյսն Ի Հայս» Ա. հատոր եւ 1939-ին Բ. հատորը հրատարակած է։
Յաջորդաբար լոյս ընծայած է «Աստուածաշունչ Նոր Կտակարան»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը՝ 1943-ին, «Տարօնաշունչ»ը՝ 1945-ին, «Նարեկ»ի երկրորդ թարգմանութիւնը՝ տաղաչափեալ ըստ բնագրի եւ գրաբար հանդիպագրութեան՝ 1948-ին, Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ Աղանդոց»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը՝ գրաբարի հանդիպագրութեամբ՝ 1951-ին։
1960-ին Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի ծննդեան 100-ամեակի տօնակատարութեան առիթով հրատարակած է «Եղիշէ Բ. Շնորհալի» հատորը, իբրեւ «Շողակաթ» հանդէսի միացեալ բացառիկ թիւ։
Յօրինած է նաեւ դասագիրք մը «Իսրայէլի Պատմութիւն» անունով, շուրջ 300 էջնոց աշխատասիրութիւն մը, որ անտիպ կը մնայ ցարդ, որքան գիտենք։
ՀԱՆՐԱՆՈՒԷՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան իրեն աջակից ունենալով Կեդրոնական Վարչութիւնը, Պատրիարքարանի փոխյարաբերութիւնները Պետութեան եւ պատկան պաշտօնատարներուն հետ վարած է շատ սիրալիր։
Իր շրջանին կալուածական գործերը եւ հարցերը խղճմտօրէն հետապնդուած են պատկան Թաղականութիւններու եւ Հոգաբարձութիւններու կողմէ եւ երեսուն դատեր տուած են վճռական արդիւնք, ի նպաստ մեր համայնքային շահերուն։
Մինչեւ այն ատեն, «բարոյական անուն»ներու վրայ արձանագրուած եկեղեցական եւ համայնքային կալուածներու սեփականութեան թուղթերը իւրաքանչիւր հաստատութեան եւ եկեղեցիներու անուան արձանագրել տալու համար ջանքեր թափած է։
Այս առթիւ, երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարքի կրթական դաստիարակչական գործունէութեան դափնեպսակը կը հանդիսանայ «Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔ»ի հիմնարկութիւնը՝ որ իր ջերմիկ ծոցին մէջ առաջին առթիւ ընդունած է 44 սաներ՝ որոնց թիւը յետագային բարձրացած է 160-ի, մեծ մասամբ գաւառէն բերուած։
Պատրիարքարանը մօտէն հետաքրքրուած է գաւառի հայութեամբ։ Հոգեւորականներ իրենց կրօնական առաքելութիւններով, գաւառահայութեան մօտ զբաղած են հոգեւոր մատակարարական գործերով։
ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ
ԵՒ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
1961 յունիս 22 «Սրբոց Թարգմանչաց Մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ» տօնին օրը հոգելոյս Պատրիարք Հայրը երբ կը նախագահէր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, ունեցաւ սրտի ծանր տագնապ եւ աւանդատան մէջ աւանդեց իր հոգին, խոր սուգի մատնելով Հայ ժողովուրդը՝ որուն կենդանի վկան է եղած իր անձնական բժիշկը Տքթ. Վարդ Շիկահեր։
1961 յուլիս 7-ին Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ օծումը եւ յուղարկաւորութիւնը երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի, ձեռամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա.-ի, որ յատկապէս ժամաներ էր Իսթանպուլ, յուլիս 4-ին Ս. Էջմիածնէն, ընկերակցութեամբ Վրաստանի Առաջնորդ Տ. Կոմիտաս Ս. Եպսկ. Տ.Ստեփանեանի եւ գաւազանակիր Տ. Պարգեւ Վարդապետ Գէորգեանի։
Աշխարհացրիւ հայութեան բոլոր թեմերէն յուղարկաւորներ փութացին Իսթանպուլ, մատուցանելու համար իրենց յարգանքի վերջին տուրքը։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք Եպսկ. Գալուստեան, որ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր։
Երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատան մէջ, բարձրաստիճան հոգեւորականներու թաղը, իր նախորդին եւ օծակից եղբօր Մեսրոպ Ա. Մշեցի Նարոյեան Պատրիարքի դամբարանին քով։
Դամբարանի ճակտին զետեղուեցաւ խաչքար մը՝ որ Վազգէն Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ Ս. Էջմիածնէն յատկապէս բերուած էր։
Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան իբրեւ «ներշնչեալ քարոզիչ»՝ Աստուծոյ Խօսքը քարոզեց եւ տարածեց իւրայատուկ պերճախօսութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ, Սփիւռքի գրեթէ բոլոր անկիւնները։
Ան եղաւ Եկեղեցիին «բարի» եւ «հաւատարիմ» պաշտօնեան։ Եղաւ ուղիղ, անկաշառ եւ անբասիր հոգեւորականը, որ բարձր բռնեց Հայ եկեղեցականութեան դրօշը եւ թոյլ չտուաւ, որ իր անձին մէջ աղարտուի կուսակրօն հոգեւորականի դիմագիծը։
Իբրեւ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ, անջնջելի հե՛տք մը թողուց Պատրիարքական Աթոռին մեծանուն Պատրիարքներու շարքին եւ փափուկ առողջութեանը եւ յառաջացեալ տարիքին հակառակ գործեց կորովով եւ մեծ արդիւնաւորութեամբ, մնալով միշտ պատնէշի վրայ, մինչեւ իր վերջին շունչը։
Գրութեան սկիզբին յիշեցինք իր իմաստալից եւ ուսուցողական խօսքերէն մին, աւարտենք իր ն՛ոյնքան իմաստալից եւ ուսուցողական մէկ խօսքով.- Ժպիտը՝ մաքուր սրտի մը եւ հանդարտ խղճի արտայայտութի՛ւնն է։
Ինչպէս իր բոլոր խօսքերը, այս երկու խօսքերը «կեանքի դաս» են բոլորիս, ուղիղ, արդար, բարի ե՛ւ իմաստուն «մա՛րդ» ըլլալու դժուար գործին մէջ…։
- Սկզբնաղբիւր.- «ԳԱՐԵԳԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Գ. ՇՆՈՐՀԱԼԻ», 2012, Վարդ Շիկահեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 1, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024