ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ բաւական հրատապ օրակարգի մը պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը։ Արդարեւ, Իտլիպի մէջ վերջին օրերուն ութ թուրք զինուորի նահատակման դէպքը որոշ լարուածութիւն մը յառաջացուց Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Թէեւ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն հետ ծագած բախումներուն հետեւանքով նահատակուեցան զինուորները, սակայն դէպքը իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ թուրք-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ։ Արդարեւ, Ռուսաստան դաշտի վրայ տիրապետող կողմերէն մին է եւ Անգարայէն ու Մոսկուայէն կատարուած հրապարակումներուն մէջ երեւցած էին որոշ հակասութիւններ՝ մանաւանդ թրքական զօրքերու անցնելիք ուղղութեան վերաբերեալ կատարուած իրազեկումներուն առընչութեամբ։ Թուրքիոյ մէջ յառաջացած բողոքի ալիքէն այս իրավիճակին մէջ բաժին վիճակեցաւ նաեւ Ռուսաստանին։

Ի վերջոյ, երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցած հեռախօսազը-րոյցը առիթ հանդիսացաւ ընդգծելու համար, որ հակասութիւններ կամ հակադրութիւններ խնդրոյ առարկայ չեն։ Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան Իտլիպի վերջին դէպքին, նաեւ Սուրիոյ տագնապի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Փութինի հետ զրոյցի ընթացքին Էրտողան նշեց, որ Իտլիպի մէջ բախումները կանխելու առաջադրութեամբ Թուրք զինեալ ուժերը կուտակումներ ըրած են եւ ենթարկուած են Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ բանակի յարձակման։ Սա կը հարուածէ այն ջանքերը, որոնք յառաջ կը տարուին Սուրիայէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման նպատակով։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա նման յարձակումներու դէմ պիտի շարունակէ ամենախիստ ձեւով օգտուիլ իր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն։ Երկու նախագահները քննարկած են նաեւ Սուրիոյ ընդհանուր կացութիւնը, Լիպիոյ վիճակը եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ յայտարարութիւն մը ըրին երէկուան հեռախօսազրոյցին շուրջ։ Մոսկուայի աղբիւրները մատնանշեցին, որ թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է զրոյցը։ Էրտողան եւ Փութին համատեղ մտահոգութիւն յայտնած են՝ Իտլիպի առկայ լարուածութեան պատճառով։ Փութին ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներ յարձակում կը գործեն քաղաքային ժողովուրդին վրայ, որու շարքերէն կ՚ըլլան զոհեր։ Նախագահները համաձայնած են, որպէսզի Սուրիայէ ներս համակարգման մակարդակի բարձրացման համար աւելի սերտ համագործակցութեան մը մէջ գտնուին երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւնները։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ՝ քննարկելով Սուրիոյ եւ Լիպիոյ իրադարձութիւնները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020