ՕԳՏՈՒԻԼ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԷ

Հայաստանի Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան աւարտեց դէպի Վրաստան իր աշխատանքային այցելութիւնը։ Ան ուղեւորութեան վերջին փուլին շփումներ ունեցաւ Ախալքալաքի մէջ, ուր մէկտեղուեցաւ տեղւոյն հայութեան հետ։ «Կ՚ուզենք, որ դուք զգաք Հայաստանի Հանրապետութեան շունչը, զգաք, որ հայրենիքի մէջ ձեր մասին կը մտածեն, կը յիշեն եւ շահագրգռուած են, որպէսզի դուք ըլլաք Վրաստանի լիիրաւ քաղաքացիներ, օգտուիք այն բոլոր իրաւունքներէն, որոնք ժողովրդավարական Վրաստանը կ՚ընձեռէ իր քաղաքացիներուն եւ ձեր կապը Հայաստանի հետ ամուր պահէք», ըսաւ ան։

Ախալքալաքի մէջ Զարեհ Սինանեան շեշտեց, որ վրացի գործընկերներու հետ իրենց յարաբերութիւնները հետզհետէ կը սերտանան եւ կողմերու համագործակցութիւնը հիմնուած է անկեղծութեան եւ ազնուութեան վրայ։

Ախալքալաքի մէջ կազմակերպուած բազմանդամ հաւաքի մը ժամանակ Զարեհ Սինանեան մանրամասն պատասխաններ տուաւ ներկաներու հարցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կարեւորուեցաւ Հայաստանի համալսարաններէն ներս սփիւռքահայ ուսանողներու համար հայագիտական ուղղութիւններով անվճար տեղերու բարձրացման հարցը։ Զարեհ Սինանեանն ալ շեշտեց, որ ներկայիս ընձեռուած համապատասխան հնարաւորութիւնները բաւական քիչ են։

Ախալքալաքի Ս. Խաչ եկեղեցին ալ այցելելէ վերջ, Զարեհ Սինանեան անցաւ Նինոծմինտա, ուր եւս տեղւոյն հայութեան հետ շօշափուեցան կրթական ու մշակութային նիւթեր, երկքաղաքացիութեան վերաբերեալ հարցեր եւ այլն։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020