ԳԻՒՏ ԽԱՉ ԵՒ ԽԱՉՎԵՐԱՑ
Բազմաթիւ անգամներ անդրադարձանք Խաչի մասին այս սիւնակներուն մէջ, քանի որ խաչին գաղափարը եւ խորհուրդը առաջին իսկ օրէն մեծարելի դարձած է քրիստոնէական զգացումներուն։ Արդարեւ խաչը իր յատուկ տեղը ունի ամէն քրիստոնեայ անհատի կեանքին մէջ։ Աշխատանքի մը, գործի մը սկսելէ առաջ խաչակնքումը ցոյց կու տայ անոր անհրաժեշտ ու կենսական էութիւնը։ Ան ապահովութեան, վստահութեան տարր մըն է, էական տարր մը՝ առանց որու անապահով պիտի զգայ ինքզինք մէկը, որ պարտաւոր է դիմադրել այս աշխարհի դժուարութիւններուն ու կեանքի նեղութիւններուն։ Այս իսկ պատճառով, Եկեղեցին կը տօնէ բազմաթիւ խաչի տօներ՝ կը պատուէ զայն ո՛չ միայն «նուիրական իր» այլ զօրութիւն՝ անոր վրայ տեսնելով թափուած արիւնով սրբացած խորհուրդ մը եւ ամբողջ կեա՛նք մը։
Այս իմաստով Խաչվերացը եւ Գիւտ Խաչը ներքին կապ մը ունին իրենց մէջ՝ պատճառ եւ արդիւնքի բնական կապ մը, շարժառիթ մը կամ ըսենք՝ մղիչ ուժ մը միւսին։
Արդարեւ խաչին հանդիսաւոր բարձրացման եւ հրապարակային փառաւորութեան պատեհութիւն ընծայեց անոր «գիւտ»ը Կոստանդիանոս կայսեր մօր՝ Հեղինէի ձեռամբ 327 թուականին։
Այս պատճառով է որ կ՚ըսենք, թէ խաչին հանդիսաւոր բարձրացումը եւ հրապարակային փառաւորումը պատճառ եղած է Խաչի գիւտին։ Ուստի Հաղինէի կողմէ կա-տարուած ստիպումներուն վրայ՝ Յուդա անուն երուսաղէմացի իրազեկ հրեայ մը ցոյց տուաւ անոր թաքուցուած տեղը՝ ուր գտնուեցան երեք խաչեր, որոնցմէ մին փրկչականը պիտի ըլլար, իսկ միւս երկուքը՝ երկու աւազակներունը։ Հոս շեղում մը ընենք. ճշմարտութիւնը որքան ալ պահուի, ծածկուի, անպայման կը յայտնուի. ճշմարտութիւնը երբեք ծածուկ չի՛ մնար։ Ուստի խաչին ճշմարտութիւնն ալ յայտնուեցաւ եւ ի վերջոյ գտնուեցա՛ւ։
Երբ գտնուեցան երեք խաչեր, ստուգելու համար, թէ ո՛րն է Յիսուսի խաչուած խաչափայտը՝ մեռած պատանիի մը դին մօտեցուցին երեք խաչերուն հետզհետէ եւ հասկցուեցաւ, թէ երրորդը՝ որուն հպումովը յարութիւն առած էր մեռեալ պատանին, իսկական տէրունի խաչափայտն էր։
Այն ատեն Կիւրեղ Եպիսկոպոս, որ Երուսաղէմի հայրապետն էր, բարձրացուց զայն ի տես հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ երկրպագեցին անոր։
Եւ ահաւասիկ, պատմական այս եղելութեան յիշատակն է, որ կը կատարուի Հոկտեմբեր 26-ի մերձաւոր Կիրակիին, «Գիւտ Խաչ» անուան ներքեւ։
Իսկ խաչին փառաւորեալ ու պատուական բարձրացուցման երրորդ եւ մեծագոյն առիթը եղած է անոր «գերեդարձ»ը։ Պարսիկներու Խոսրով թագաւորը՝ յոյներու դէմ իր պատերազմի ընթացքին՝ 610 թուականին, յաղթելով Հերակլի, Երուսաղէմէն գերի տարաւ խաչափայտը՝ Երուսաղէմն ալ գրաւելով։ Հերակլ զօրաժողով ըրաւ եւ մեծ բանակով քալեց պարսիկներուն վրայ։ Խումբին մէջ էր նաեւ Մժէժ Գնունի։ Խոսրով յաղթուեցաւ։ Ուստի 628 թուականին խաչը վերադարձուեցաւ քրիստոնեաներուն։
Ազատուած խաչափայտը Պարսկաստանէն Կարին, Կարինէն Կ. Պոլիս եւ յետոյ մինչեւ Երուսաղէմ մեծ ոգեւորութեան պատճառ հանդիսացաւ անոր անցքը։ Ամէն տեղ բարձրացուեցաւ անիկա որպէս մխիթարութիւն հաւատացեալներու։ Արդարեւ, կարելի է թերեւս խորհիլ, թէ վերացումի այս պարագան էր նոյնիսկ, որ պատճառ հանդիսացաւ «Խաչվերաց»ի տօնին, զոր այս դէպքէն վերջ է որ յոյներ սկսան կատարել Սեպտեմբեր 14-ին։ Ուստի Խաչվերացի տօնը ամենամեծ հանդիսութեամբ կը կատարուի նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ՝ մանաւանդ եւ յատկապէս ուշագրաւ է Կիրակի երեկոյի Խաչվերացի «թափօր-անդաստան»ը՝ որ կը կատարուի մեծ շուքով ու ոգեւորութեամբ։
Հաւանական է, որ այս հանդիսաւորութիւնը չափով մը գէթ արդիւնքը ըլլայ այն տպաւորութեան՝ զոր խաչափայտին գերեդարձը գործեց հայ ժողովուրդին սրտին վրայ՝ երբ ան վերադարձաւ Երուսաղէմ։
Տեղական աւանդութիւն մը կը պատմէր՝ թէ պարսիկները խաչափայտը յանձնելէ վերջ, զղջալով, դարձեալ փորձած են յարձակիլ ետ առնելու համար զայն. քրիստոնեաներ վանած են այդ յարձակումը, եւ տեսնուած է, որ խաչափայտին հանգչեցուցուած տեղէն վճիտ ջուր մը սկսած է բղխիլ։ Խաչվերացի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ «տաղաւար»ներէն մին է, ինչպէս նախապէս անդրադարձանք այս սիւնակներուն մէջ։
Խաչի տօներու կարգին՝ երկրորդ գլխաւոր տօնն է «Խաչգիւտ»ը՝ որուն անդրադարձանք նաեւ այս տեղեկութիւններուն սկիզբը։ Այս եւ միւս խաչի տօները արդարեւ, ցոյց կու տան Եկեղեցւոյ ընծայած կարեւորութիւնը Խաչին նկատմամբ։ Խաչը խորհուրդ մըն է՝ որ կը ներկայացնէ մահ-ւան դէմ յաղթանակը Քրիստոսի եւ ամբողջ մարդկութեան։ Խաչափայտին վրայ կայ Քրիստոսի արիւնը՝ որ կը սրբագործէ զայն, խորհրդանիշ կը դարձնէ խաչը պահպանութեան, ապահովութեան, վստահութեան, մխիթարութեան։ Խաչը պահապա՛նն է քրիստոնեային։ Խաչը պաշտպանն է քրիստոնեայ հաւատացեալին…։
Խաչը ճամբան է անմահութեան, իսկակա՛ն կեանքին։ Խաչին վրայ կը գտնուի Քրիստոսի արիւնը, որ կը սրբագործէ նաեւ այն բոլոր մարդիկը՝ որոնք կը հաւատան անոր զօրութեան։ Խաչը նաեւ խորհրդանիշն է սիրոյ եւ խաղաղութեան, քանի որ անոր վրայ խաչուելով Քրիստոս, ցոյց տուաւ Աստուծոյ անսահմա՜ն սէրը մարդկութեան նկատմամբ, եւ քանի որ չկա՛յ աւելի մեծ սէր՝ քան զոհել իր կեանքը իր սիրած անձին համար։ Խաչին մէջ պէ՛տք է տեսնել այդ մեծ անկեղծ «սէ՛ր»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 30, 2015, Իսթանպուլ