ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Պելժիական համալսարան մը ուսումնական ծրագրին մէջ ընդգրկեց հայ գիտնականի մը աշխատութիւնը։ Այսպէս, հայ քիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեանի «Պայմոտըլ օքսիտէյշըն՝ տարասեռ եւ համասեռ հակազդեցութիւններու զուգորդումը» անգլերէն լեզուով ծաւալուն մենագրութիւնը Պելժիոյ Կենթի համալսարանի քիմիական ճարտարագիտութեան փրոֆեսէօր Ժ. Թիպոյի առաջարկով իբրեւ դասագիրք ներառուած է ուսումնական ծրագրերուն մէջ՝ ուսանողներուն յանձնարարուող գրականութեան ցանկով: «Արմէնփրէս»ի տեղեկութիւններով՝ գիրքը վերջին տասնամեակներու միակ հիմնարար աշխատութիւնն է այս բնագաւառէն ներս: Անիկա հասցէագրուած է յատկապէս բնագիտական քիմիագիտութեան բնագաւառի գիտնականներուն, ճարտարագէտներուն, ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են այս բնագաւառի հիմնախնդիրներով: Գիրքը կրնայ ծառայել նաեւ իբրեւ դասագիրք համալսարաններու բնագիտական մասնագիտութիւններու ուսանողներու համար:
Հեղինակը գիտական համագործակցութեան սերտ կապեր ունի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ա. Բ. Նալպանտեանի անուան բնագիտական քիմիագիտութեան ուսումնարանին հետ, ուր աշխատած է մինչեւ Ֆրանսա հաստատուիլը: Պախչաճեան նախաձեռնողն ու գլխաւոր խմբագիրն է բնագիտական քիմիագիտութեան քանի մը գիտական մատենաշարներու, որոնք լոյս տեսած են համաշխարհային առաջնակարգ գիտական հրատարակչութիւններու կողմէ:
Գիրքը 2019-ին տպագրած է բնագիտական եւ ճարտարագիտական գրականութեան ամերիկեան խոշորագոյն հրատարակչութիւններէն մէկը՝ «Սիարսի փրէս-Թէյլըր էնտ Ֆրանսիս կրուփ»ը, Պոքա Ռատոնի (Ֆլորիտա), Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Անիկա լայն տարածում գտած է նաեւ համացանցով: