ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Շա­բաթ, 25 Ապ­րիլ 2015-ին, Ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Եօթ ըն­ծա­յեալ­նե­րը ծնկա­չոք ի­րենց խար­տա­ւի­լա­կին՝ Դպրե­վան­քի Տե­սուչ Տ. Թոր­գոմ Վար­դա­պետ Տօ­նո­յեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ուղ­ղուե­ցան դաս, ուր ձեռ­նադ­րի­չը՝ Տ. Եփ­րեմ Արք. Թա­պա­գեան կա­տա­րեց հա­ւատ­քի խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը: Ըն­ծա­յեալ­նե­րը նախ նզո­վե­ցին բո­լոր հե­րե­տի­կոս­նե­րը եւ այն ու­սու­ցում­նե­րը, ո­րոնք ան­յա­րիր են Ե­կե­ղեց­ւոյ ճշմա­րիտ դա­ւա­նան­քին: Ա­պա, ա­նոնք ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­ցին Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ դա­ւա­նան­քին ու սրբա­զան հայ­րա­պետ­նե­րու հաս­տա­տած կա­նոն­նե­րուն ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը:

Կի­րա­կի, 26 Ապ­րիլ 2015-ին, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ տաճարին մէջ մա­տուցուած Ս. Պա­տա­րա­գին հան­դի­սա­պե­տեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսը: Նախ­քան «Հա­ւա­տամ­ք»ը, սկսաւ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Նո­րըն­ծա­նե­րը խար­տա­ւի­լակ Հայր Սուր­բին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ծնկա­չոք բարձ­րա­ցան խո­րան եւ «Աս­տուա­ծա­յին եւ երկ­նա­յին շնոր­հ» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ հրա­ժա­րե­ցան աշ­խար­հա­կան կեան­քէն: Ա­ղօթք­նե­րու ու աս­տ-ւածաշն­չա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րով եւ ձեռ­նադ­րիչ սրբա­զա­նին կող­մէ կար­-դացուած խրա­տա­կան­նե­րով ա­նոնք ան­գամ մը եւս հրա­ւի­րուե­ցան գի­տակ­ցե­լու այն մեծ խոր­հուր­դին, ո­րուն պի­տի ար­ժա­նան Ս. Հոգ­ւոյ ներ­գոր­ծու­թեամբ, Քրիս­տո­սի ծանր բայց քաղցր լու­ծը առ­նե­լով ի­րենց ու­սե­րուն:

Սրբա­լոյս միւ­ռո­նով օծ­ման պա­հուն, ձեռ­նադ­րիչ Սրբա­զա­նը դրոշ­մեց ըն­ծա­յեալ­նե­րուն ճա­կատ­նե­րը, աջ ու ձախ ձեռ­քե­րը, Աս­տու­ծոյ ու Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեան ըն­ծա­յուած «նոր մար­դ» դառ­նա­լու հրա­ւի­րեց եւ քա­հա­նա­յա­կան ա­նուն­ներ տուաւ՝ Յա­կոբ Սրկ. Գար­տա­նա­քեան վե­րա­նուա­նուե­ցաւ՝  Տ. Թա­թուլ Ա­բե­ղայ, Յով­հան­նէս Սրկ. Թէ­փիր­ճեան՝ Տ. Պսակ Ա­բե­ղայ, Խա­ժակ Սրկ. Նալ­պան­տեան՝ Տ. Ռու­բէն Ա­բե­ղայ, Յա­րու­թիւն Սրկ. Բան­ճար­ճեան՝ Տ. Յո­վա­կիմ Ա­բե­ղայ, Կա­րա­պետ Սրկ. Նա­ճա­րեան՝ Տ. Զա­ւէն Ա­բե­ղայ, Շանթ Սրկ. Շա­րո­յեան՝ Տ. Ար­տա­ւազդ Ա­բե­ղայ եւ Գէորգ Սրկ. Նալ­պան­տեան՝ Տ. Սե­ւակ Ա­բե­ղայ: Նոր օ­ծում ստա­ցած միա­բան­նե­րը ի­րենց ա­ռա­ջին խա­ղա­ղու­թեամբ օրհ­նե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը:

Ա­պա, ձեռ­նադ­րիչ սրբա­զա­նը տուաւ իր քա­րո­զը։ «Ող­ջոյ­ն»ի պա­հուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ միա­բան հայ­րե­րը խո­րան բարձ­րա­նա­լով համ­բու­րե­ցին նո­րաօծ ճա­կատ­նե­րը: Ձեռ­նադ­րու­թեան կնքա­հայ­րու­թիւ­նը ստանձ­նած էր Զա­րեհ Պէ­զի­կեան, որ նո­րըն­ծա­նե­րուն ճա­կատ­նե­րուն եւ ձեռ­քե­րուն լուա­ցու­մը կա­տա­րեց:

Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­տա­րեալ հնա­զան­դու­թեան, կա­մա­ւոր աղ­քա­տու­թեան եւ կրօ­նա­կան ող­ջա­խո­հու­թեան ուխ­տե­րու խորհր­դա­նի­շը հան­դի­սա­ցող վե­ղա­րի օրհ­նու­թիւ­նը:

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, նո­րըն­ծա­նե­րը բարձ­րա­ցան Վե­հա­րան, ուր Նո­րին Սրբու­թիւ­նը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ա­նոնց։ Ա­ւար­տին ըն­ծա­յեալ­նե­րը ստա­ցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհ­նու­թիւ­նը: Ա­պա, դա­սին մէջ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը մօ­տե­ցան նո­րըն­ծա­նե­րուն՝ ա­ջա­համ­բոյ­րով ստա­նա­լու համար ա­նոնց ա­ռա­ջին օրհ­նու­թիւ­նը:

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015