ՀՐԱՏԱՊ ՕՐԱԿԱՐԳ
Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ Իտլիպի վերջին հրատապ իրադարձութիւնները արտասովոր կացութեան մը ծնունդ տուած են նաեւ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ։ Ներկայ շաբթուան ողջ տեւողութեան Իտլիպի հարցը ունեցաւ առանցքային նշանակութիւն։ Նախ ութ թուրք զինուորի նահատակուիլը եւ աւելի վերջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի մինչեւ ամսավերջ Դամասկոսի ղեկավարութեան համար սահմանած ժամկէտը՝ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ստեղծած են նոր օրակարգ մը։ Վերջին օրերուն Էրտողան կարեւոր հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս բոլորի լոյսին տակ այսօր Ռուսաստանէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը կ՚այցելէ Թուրքիա։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեղեկացուց, որ բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկուին Իտլիպի իրադարձութիւնները։ «Ինչ որ պէտք է պիտի ընենք՝ մարդկային ողբերգութիւնը կամ աղէտը կասեցնելու համար։ Այս գործընթացը պիտի վերարժեւորենք Ռուսաստանի հետ, որ վարչախումբի երաշխաւորն է եւ որու հետ ցայսօր միասին աշխատած ենք», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։
Ռուսական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։ Անգարայի մէջ պիտի վարուին բանակցութիւններ եւ անոնց լոյսին տակ անհրաժեշտութեան պարագային երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպման հաւանականութիւնն ալ կը գտնուի օրակարգի վրայ։ Էրտողան եւ Փութին այս ուղղութեամբ արդէն համամիտ գտնուած էին վերջին հեռախօսազրոյցի ժամանակ։ «Մեր նպատակն է այս աշխատանքներուն շնորհիւ ժամ առաջ կասեցնել վարչախումբի յարձակումները եւ տեւականացնել սահմանադրական յանձնաժողով մը ստեղծելու ուղղեալ ժողովները, որոնք ընդհատուած էին, այսինքն թափ տալ քաղաքական գործընթացին», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։
Ըստ տեղական մամուլին մէջ լոյս տեսած մանրամասնութիւններուն, Էրտողան-Փութին վերջին հեռախօսազրոցի ընթացքին ռուսական կողմը առաջարկած է բախումներէ զերծ գօտին սահեցնել դէպի հիւսիս, այսինքն այդ տարածքի սահմանները նեղցնել։ Թրքական կողմը մերժած է այդ առաջարկը։ Աւելի՛ն. Էրտողան մինչեւ ամսավերջ ժամկէտ սահմանած է, որպէսզի Սուրիոյ կառավարական ուժերը ետ քաշուին այդ շրջանէն։ Թուրք-ռուսական վերջին շփումներուն ժամանակ պահանջուած է, որ Մոսկուա այս ուղղութեամբ զգուշացնէ Դամասկոսի իշխանութիւնները։ Այս իրավիճակին մէջ հաւանական է, որ Վլատիմիր Փութին այցելէ Թուրքիա։
Ռուսական պատուիրակութեան այցելութեան զուգահեռ՝ Թուրք զինեալ ուժերու կուտակումներն ալ կը շարունակուին Սուրիոյ մէջ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ եթէ Իտլիպի մէջ թրքական զօրքերու դիտարկման յենակէտերը որեւէ յարձակման ենթարկուին, ապա ամենախիստ ձեւով պատասխան պիտի տրուի։
Միւս կողմէ, միջազգային հարթութեան վրայ Իտլիպի հարցին շուրջ Ուաշինկթըն զօրակցութիւն կը յայտնէ Անգարային։