ԻՏԼԻՊԻ ՄԷՋ 5 ՆԱՀԱՏԱԿ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ

Թուրք զինեալ ուժերը երէկ դարձեալ կորուստներ տուին Իտլիպի մէջ, ինչ որ մեծ ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրին մէջ։ Այսպէս, Սուրիոյ կառավարական ուժերու թիրախը դարձաւ թրքական զօրքերու դիտարկման յենակէտերէն մին։ Հինգ զինուոր նահատակուեցաւ, եօթ զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։ Ստեղծուած մեծ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ բանակը պատասխան գործողութիւններու ձեռնարկեց։ Մամուլը ահազանգ կը հնչեցնէ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի կողմէ կատարուած յարձակումներուն դէմ։ Թուրք զինեալ ուժերու պատասխան գործողութիւններն ալ եղած են շատ ազդու եւ սուրիական բանակի կորուստներու թիւը գերազանցած է հարիւրի սահմանը։ Երէկուան այս վրդովեցուցիչ դէպքը պատահեցաւ, երբ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ բանակցութիւններ կ՚ընթանային Իտլիպի վիճակին շուրջ։ Կողմերը վերահաստատեցին, որ պէտք է անդորրութիւն վերահաստատուի դաշտի վրայ։ Զինեալ ուժերը երէկ ալ շարունակեցին կուտակումները դէպի Սուրիա։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար ունեցան տեսակցութիւն մը։ Աւելի վերջ ալ Անգարայի մէջ նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան խորհրդակցութիւն մը։

Ներկայ բարդ իրավիճակին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վերստին տեղեկացուց, որ կը զօրակցի Թուրքիոյ։

Քաղաքական մեկնաբանները կը շեշտեն, որ Իտլիպի մէջ ամենավտանգաւոր փուլը կը դիմագրաւուի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020