ԲԱՐԻԻՆ ՈՒԺԸ՝ ՇԻՏԱԿ ՃԱՄԲԱՆ

Գիւտերու եւ զարմանալիքներու այս օրերուն մէջ՝ ոեւէ խոհուն մարդ որ ներքնահայեաց կ՚ըլլայ եւ իր հոգւոյն խորքերը կ՚իջնէ, հիմնապէս կը համոզուի, թէ ո՛չ սաւառնակը, ո՛չ համակարգիչը եւ ոչ ալ որեւէ մեքենական հնարք՝ որքան ալ հրաշակերտ թուին, կրնան գոհացում տալ մարդուս հոգեկան տենչանքներուն, եւ խորին պահանջքներուն, պէտքերուն։

Ուստի գիտական ճշմարտութիւններէ վեր ուրիշ ճշմարտութիւններ հարկ են հոգիին պահանջքները, պէտքերը յագեցնելու, գոհացնելու եւ հոն թաղուած ուժերը վերանորոգելով՝ մարդը բարձրագոյն ոլորտներու վերացնելու։

Եւ այդ հոգեւոր ճշմարտութիւններն են որ քրիստոնէութիւնը կը պարգեւէ մարդոց։

Արդարեւ, մարդիկ իրենց գործած որեւէ մէկ յանցանքին կամ սխալին արատը եւ հետեւանքները կը կրեն կեանքի տեւողութեամբ, եւ ինչ որ ալ ընեն, չեն կրնար անոնցմէ մաքրուիլ եւ բոլորվին ազատուիլ։

Զոր օրինակ, երբ մէկուն սուտը բռնուի եւ հրապարակուի, իր ամենէն ճշմարիտ խօսքերուն ալ հաւատացող դժուար կը գտնուի։ Անգամ մը որ վստահելիութիւնը կորսնցուցած է մարդ, զայն վերագտնել եւ վերանորոգել շատ դժուար է եւ շատ անգամ անկարելի՛։ Դարձեալ վստահութիւն ներշնչել, վստահելի մարդ ըլլալ ո՜րքան դժուար է։

Կեանքի փորձառութիւններ ցոյց կու տան, թէ գող եւ խարդախ ճանչցուած մէկուն, ոչ ոք կը վստահի, եթէ «տասը մատը մոմ ալ վառէ», ինչպէս ժողովրդական առածը կ՚ըսէ։

Բոլոր ոստիկանատուններ կը պահեն դատապարտեալներու եւ կասկածելիներու ցանկեր, եւ ամէն ոճրի եւ պատահարի առթիւ, այդ ցանկերուն կը դիմեն, խնդրոյն հետ առընչութիւն ունեցող հաւանական յանցաւորը որոշելու համար։

Դատարաններու մէջ մէկուն նախապէս դատապարտուած ըլլալը, եթէ իրեն ընդդէմ վճռական փաստ չըլլայ իսկ, ուրիշ փաստերը կը զօրացնէ։

Պարկեշտ եւ ամբասիր մարդիկ, ամէն իրաւունք ունին իրենց դէմ եղած զրպարտութեան մը համար բողոքելու, եւ օրէնքի եւ հանրային կարծիքին դիմելով պաշտպանութիւն պահանջելու։

Հաստատեալ յանցապարտութեամբ ճանչցուածներ գանգատելու իսկ իրաւունք չունին, երբ աչքեր կասկածով իրենց կը հետեւին եւ խօսքի առարկայ կ՚ըլլան այնպիսի պարագաներու մէջ՝ ուր որեւէ բանէ լուր չունին եւ անմեղ են։

Մարդ կրնայ ուրիշի մը իր ձեռքը անցուցած շղթան խորտակել, բայց իր ձեռքով իր վզին կապած «յանցանքի շղթայ»ն, նոյնիսկ օրինական պատիժը քաւելէ յետոյ, չի կըր-նար թօթափել, մինչեւ գերեզման կը քաշէ եւ կը տանի իր հետը։

Արդարեւ, լաւ անուն մը ունենալ, վստահութիւն ներշնչել, ուրիշներու վստահութիւնը շահիլ՝ մարդկային կեանքի մէջ բարոյական գանձեր են՝ աւելի թանկագին քան որեւէ երեւակայական հարուստ գանձեր։ Մարդիկ ընկերական արարածներ են. ուր որ ալ գտնուին, միշտ ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու պահանջքը ունին։ Արժանիք, վստահութիւն, անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն, ասոնք կարեւոր եւ անհրաժեշտ պայմաններ են լաւ յարաբերութիւններ մշակելու եւ տեւականացնելու համար։ Աշխարհ կրնայ մեզ խաբել, բայց պէտք է վստահիլ անոնց՝ որոնք իրապէս վստահելի են, վստահութիւն կը ներշնչեն եւ լաւ անուն ունին ընկերութեան մէջ՝ երբեք չեն խաբած, միշտ անկեղծ, միշտ հաւատարիմ են եղած իրենց վստահողներուն եւ երբեք յուսախաբ չեն ըրած իրենց վստահողները։

Բարեկամը՝ ճշմարիտ բարեկամը վստահութիւն ներշնչողն է, եւ այս իմաստով «բարեկամ» չէ այն՝ որ այսօր կը գնահատէ, վաղն ալ կը բամբասէ։ Ճշմարիտ բարեկամը ցմահ վստահելի եւ հաւատարիմ կը մնայ եւ չի շեղիր ուղղամտութենէ։ Եթէ մարդ կ՚ուզէ ազնիւ անձերու հետ բարեկամանալ եւ մտերմանալ, նախ պէտք է ինքզինք ազնուացնէ, վստահութիւն ներշնչէ եւ վստահութիւն շահի։ Եւ եթէ մարդ կ՚ուզէ իմաստուն մարդոց վստահութիւնը վայելել, պէտք է նախ սորվի եւ մշակէ վստահութիւն ներշնչելու եւ վստահութիւն շահելու արուեստը։ Արդարեւ շատ դժուար է վստահութիւն շահիլ, բայց շատ ալ դիւրին է զայն կորսնցնել երբ չխնամուի վստահութիւնը։

Շատ դիւրին է նաեւ ուրիշներուն դժբախտութիւններուն վշտակից ըլլալ, եւ սակայն քիչեր են միայն որ իրարու յաջողութեան վրայ կրնան անկեղծօրէն, իսկապէս ուրախակից ըլլալ։ Ասիկա, արդարեւ, համակրական հասկացողութեան հարց մըն է՝ որ կը սկսի անկեղծութեամբ եւ իրարու վստահութեամբ։

Հասարակութեան մէջ «լաւ անուն» շահիլ միայն կարելի է վստահելի՛ անձ ըլլալով։

Խաւարը հարուածելով եւ հալածելով կարելի չէ դուրս վռնտել սենեակէն, միակ միջոցը լոյսը վառե՛լն է։ Փոքրիկ լուցկիի մը լոյսը բաւական է թանձր խաւարը փարատելու։ Ուստի չարը փրկելու, ուղղելու եւ զայն շիտակ ճամբու բերելու, ուղղութեան առաջնորդելու համար սխա՛լ է ուժի քաղաքականութեան հետեւիլ, շիտակ ճամբան սիրաշահի՛լն է։ Ահաւասիկ այս կէտին ալ վստահութիւն ներշնչել, վստահութիւն շահիլ կարեւոր դեր կը խաղայ յաջողութեան մէջ։

Բարիին ուժը որեւէ բանէ աւելի՛ զօրաւոր եւ ազդու է չարին յաղթելու համար։

Տան մէջ, ընտանիքի մէջ հօր մը հեղինակութիւնը տղան ուղղութեան բերելու՝ գաւազանը ըլլալու չէ՛, այլ՝ սէ՛րը։

Սիրոյ հեղինակութեան կը հնազանդի տղան եւ կը փոխէ իր ընթացքը, քանի որ սէրը վստահութիւն ներշնչող յատկութիւն մը ունի։

Փոխանակ սիրոյ, «փայտի հեղինակութիւն»ը տղան ապստամբութեան կը մղէ, որովհետեւ անիկա անվստահութեան պատճառ կը հանդիսանայ։ Մինչդեռ տղան վստահութիւն վայելել կ՚ուզէ, եւ երբ որ վըս-տահի՝ կը հնազանդի։ Սէր, վստահութիւն եւ հնազանդութիւն անբաժան են։

Չարիքը կարելի չէ՛ դարմանել բիրտ ուժով, այլ միա՛յն սիրով եւ վստահութիւն ներշնչելով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 10, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020