ԴԱՐԱՒՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ «Մեր երկու ժողովուրդներն ալ հին են։ Ձեր ազգը կը ներկայացնէ իսլամի էութիւնն ու առանցքը։ Դուք, ինչպէս նաեւ ձեր ընտանիքը կը ներկայացնէք Մուհամմէտ մարգարէի սերունդը։ Հայաստանը՝ որպէս աշխարհի քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունած առաջին երկիրը, ո՛չ միայն լաւ յարաբերութիւններու մէջ է Յորդանանի հետ, այլեւ՝ մենք շատ լաւ բաներ կրնանք ընել միասին», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։ Իր կարգին, Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորն ալ յայտնեց, որ երկու երկիրները կը միաւորուին լաւ բարեկամութիւնով եւ պատմութեամբ։ «Մենք յարգանք կը տածենք ամենահին քրիստոնեայ եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ ներկայացուած է ո՛չ միայն Երուսաղէմի, այլ նաեւ՝ մեր երկրին մէջ։ Ան կը ներկայացնէ մեր անցեալի մեծ մասը, ո՛չ միայն մեր ներկայի, այլեւ՝ ապագայի գեղեցիկ մասն է», ըսաւ թագաւորը։

Արմէն Սարգսեան եւ Ապտուլլահ Բ. նշեցին, որ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մեծ հնարաւորութիւններ կան զանազան ոլորտներէ ներս։ Անոնք անդրադարձան ուղիղ օդային հաղորդակցութեան հաստատման Երեւանի եւ Ամմանի միջեւ։ Արմէն Սարգսեան օրակարգի վրայ բերաւ Հայաստանի քաղաքացիներու առանց վիզայի Յորդանան մտնելու հարցը։ Կողմերը կանգ առին համագործակցութեան ներուժին վրայ։ Նախագահ Սարգսեան եւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը հանդէս եկան նաեւ «Կրօնը եւ հանդուրժողութիւնը» նիւթով կազմակերպուած բարձր մակարդակով հանդիպումի մը ժամանակ։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամները, Երեւանի մէջ պաշտօնավարող դիւանագէտներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, արեւելագէտ գիտնականներ եւ այլք։ Իր ելոյթին մէջ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը շեշտեց, որ կողմերու համատեղ պատմութիւնը շատ հին է։ «Միջին Արեւելքի հայերը կը համարուին աշխարհի ամենահին քրիստոնեայ համայնքի մասը։ Անոնք մեր տարածքաշրջանի անցեալի անբաժան մասն են։ Կը նախատեսենք աշխատիլ ձեզի հետ, որպէսզի անոնք շարունակեն այդպիսի առանցքային դերակատարութիւն մը ունենալ մեր ներկայի եւ պայծառ ապագայի ձեւաւորման համար։ Յորդանանի Ս. Կարապետ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կանգնած է Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրին մէջ։ Սա մեր երկրէն ներս հայոց պատմութեան շարունակական ներկայութիւնը կ՚ապահովէ», ըսաւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը՝ խօսելով նաեւ Երուսաղէմէ ներս հայկական ներկայութեան կարեւորութեան մասին։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Յորդանանի թագաւորը հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Ապտուլլահ Բ. թագաւորը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020