«ԱՐՑԱԽ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ՝ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Գա­հի­րէի «Գա­լուս­տեան-Նու­պա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի «Ար­ցախ» երգ­չա­խում­բը, Ապ­րի­լի 25-ին, յաղ­թա­նակ տա­րած է Ե­գիպ­տո­սի դպրո­ցա­կան տա­ղանդ­նե­րու ա­մե­նա­մեծ մրցոյ­թին՝ Uptown Stars Schools’ Talent Show-ին՝ գրա­ւե­լով ա­ռա­ջին տե­ղը: Մրցոյ­թին մաս­նակ­ցած են ե­րե­սուն­հինգ դպրոց­ներ:

Մրցոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ փուլ ան­ցած են ե­րեք հա­րիւր մաս­նա­կից­նե­րէն ե­րե­սուն­հին­գը, ո­րոնց­մէ  հին­գը կը ներ­կա­յաց­նէին «Գա­լուս­տեան-Նու­պա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը:

«Ար­ցախ» երգ­չա­խում­բը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Կո­մի­տա­սի «Է­սօր Ուր­բաթ է», «Ե­րե­ւան բաղ եմ ա­րել» եւ Տա­լի­տա­յի «Ահ­սան նաս» (ա­րա­բե­րէն) եր­գե­րը: Մրցոյ­թի ա­ւար­տին դա­տա­կազ­մի ո­րոշ­մամբ դափ­նե­կիր հան­դի­սա­ցած է «Ար­ցախ» երգ­չա­խում­բը՝ ան­գամ մը եւս հնչեց­նե­լով  Հա­յաս­տան  ա­նու­նը եւ ծա­ծա­նե­լով ե­ռա­գոյ­նը: Այս ա­մէ­նով փաս­տո­ւած է, որ նոյ­նիսկ հա­րիւր տա­րի անց հա­յե­րը կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ եւ գո­յա­տե­ւել՝ Սփիւռ­քի մէջ բարձր պա­հե­լով հա­յու ա­նու­նը:

Ա­մե­նա­մեայ այս մրցոյ­թը եր­րորդ ան­գամ  կ՚ի­րա­կա­նա­ցո­ւի եւ հարկ է նշել, որ հա­զա­րա­ւոր ա­շա­կերտ­ներ ու­նե­ցող մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր դպրոց­նե­րուն հետ մրցող Գա­հի­րէի միակ հայ­կա­կան դպրո­ցը, որ շուրջ հա­րիւր­քան ա­շա­կերտ ու­նի, ար­դէն երկ­րորդ  ան­գամն է, որ կ՚ար­ժա­նա­նայ յաղ­թա­կա­նի դափ­նեպ­սա­կին: «Ար­ցախ» երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վա­րն է Միհ­րան Ղա­զե­լեան:

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015