ՉԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Բոլոր մարդիկ ներառուած են Ադամին մեղքին մէջ. «Անհնազանդութեամբ մէկ մարդու՝ բազմութիւնը մեղաւոր եղաւ» (ՀՌՈՄ. Ե 19)։ Այստեղ «բազմութիւն» բառը պէտք է հասկնալ՝ «բոլոր մարդիկ»ը։ Եւ Պօղոս առաքեալ կը շարունակէ. «Ինչպէս որ մէկ մարդով մեղքը մտաւ աշխարհ եւ մեղքով մահը, այնպէս ալ մահը տարածուեցաւ ամբողջ մարդոց վրայ, քանի որ ամէնքը մեղանչեցին»։ Այս իմաստով, Ադամին մեղքը անոր սերունդներուն մեղքը դարձաւ։ Մարդկային ցեղը ամբողջ՝ Ադամին մէ՛ջն է իբրեւ միակ մարդու մը միակ մարմինը։ Այս միութեամբ, ահաւասիկ, մարդկային ցեղին բոլոր մարդիկը կցորդակից են Ադամին մեղքին, ինչպէս որ ամէնքը բաժնեկից են Քրիստոսի արդարութեան։ «Սկզբնական մեղք»ին փոխանցումը սակայն «խորհուրդ» մըն է, զոր մենք կարող չենք լիովին հասկնալ։ Բայց մենք Յայտնութենէն գիտենք, թէ Ադամ ընդունած էր «սկզբնական սրբութիւն»ը եւ արդարութիւնը, ո՛չ միայն իրեն համար, այլ համայն մարդկային բնութեան համար։
Ադամ եւ Եւա, տեղի տալով փորձիչին, «անձնական մեղք» մը կը գործեն, սակայն այս մեղքը կը վարակէ «մարդկային բնութիւն»ը, զոր անոնք պիտի փոխանցեն «անկեալ վիճակ»ի մէջ։ Ասիկա մեղք մըն է, որ տարածումով պիտի փոխանցուի ամբողջ մարդկութեան, այսինքն փոխանցումով սկզբնական սրբութենէն եւ արդարութենէն արդէն զրկուած մարդկային բնութեան մը։
Այս իսկ պատճառով, սկզբնական մեղքը հանգիտութեամբ կոչուած է «մեղք», ան «փոխանցուած» մեղք է, ո՛չ գործուած, վիճակ մըն է, ո՛չ արարք մը։
Սկզբնական մեղքին փոխանցումին մասին վարդապետութիւնը յստակացաւ մանաւանդ 5-րդ դարուն յատուկ կերպով Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի պեղագիանութեան դէմ կատարած ուսումնասիրութիւններուն դրդումին տակ, ապա 16-րդ դարուն՝ ընդդիմութեամբ բողոքական Բարեկարգութեան։
Արդարեւ, Պեղագոս կը պաշտպանէր, թէ «մարդը կարող է իր ազատ կամքին բնական ուժով, առանց անհրաժեշտ օգնութեան Աստուծոյ շնորհքին, ապրիլ կեանքը բարոյապէս բարի», այսպէս, ան Ադամի յանցանքին գործած ազդեցութիւնը կը վերածէր «տրուած գէշ օրինակ»ի մը։
Իսկ բողոքական առաջին բարեկարգիչները, ընդհակառակը, կ՚ուսուցանէին թէ «մարդը արմատապէս ապականած է եւ անոր ազատութիւնը ջնջուած է սկզբնական մեղքով»։ Անոնք իւրաքանչիւր մարդէ ժառանգուած մեղքը կը նոյնացնէին դէպի չարը հակումին հետ՝ «ցանկասիրութիւն», որ անյաղթահարելի նկատուած է։
Սկզբնական մեղքին եւ մարդոց գործած անձնական բոլոր մեղքերուն հետեւանքները ամբողջ աշխարհին կը փոխանցեն մեղանչական իրավիճակ մը՝ որ կարելի է բնորոշել Յովհաննէս առաքեալի արտայայտած խօսքով. «Աշխարհի մեղքը» (ՅՈՎՀ. Ա 29)։ Այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ նաեւ այն ժխտական ազդեցութիւնը, որ անձերուն վրայ կը գործեն մարդոց մեղքերուն պտուղը եղող «հասարակական իրադրութիւն»ները եւ «ընկերային կառոյց»ները։
Այստեղ մարդուս միտքը զբաղեցնող հարցում մը կայ, որուն կարելի է հանդիպիլ յաճախ։
Ինչո՞ւ համար Աստուած առաջին մարդուն մեղքին արգելք չդրաւ։ Այս մասին Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Ո՛չ մէկ բան կը հակադրուի թէ մարդկային բնութիւնը մեղքէն ետք աւելի գերակայ վախճանի մը սահմանուեցաւ։ Արդարեւ, Աստուած թոյլ կու տայ որ չարիքը գործուի, որպէսզի անոնցմէ շա՜տ աւելի մեծ բարիք մը քաղէ։ Ահա նաեւ Պօղոս առաքեալի խօսքը.- Հոն ուր մեղքը առատացաւ, շնորհքը ալ աւելի՛ առատացաւ» (ՀՌՈՄ. Ե 20)»։
Հոս կ՚արժէ յիշել նաեւ ժողովրդական իմաստութեան այն խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Չկա՛յ չարիք որ չգործէ բարիք»։ Ուրեմն «չար»ը եւ «չարիք»ը ըլլալու է, որպէսզի աւելի մեծ «բարիք»ներ երեւան գան։ Չարէն բարիք կու գա՞յ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնները լեցուն են չարէն բարիք ելած բազմաթիւ վկայութիւններով, որոնց կրնանք հանդիպիլ յաճախ։
Արդարեւ, «մահը Աստուծոյ գործը չէ, Աստուած երբեք չ՚ուրախանար կենդանի էակներու կորուստով. Սատանային նախանձէն է որ մահը աշխարհ մտաւ» (ԻՄՏ. Ա 13, Բ 24)։
«Չար»ին արդիւնքներէն մին է «չարախօսութիւն»ը։ Արդարեւ, բարի դիտաւորութիւն մը, զոր օրինակ, մերձաւորին օգնելը, ո՛չ բարի ո՛չ ալ գէշ կը դարձնէ վերաբերմունք մը՝ որ յինքեան անբարեկարգ է, ինչպէս՝ սուտը եւ չարախօսութիւնը։ Վախճանը չ՚արդարացներ միջոցները։
«Մարդոց համբաւին յարգանք»ը դէ՛մ է ամէն կեցուածքի եւ խօսքի, որոնք անոնց անարդար-անիրաւ վնաս մը կրնան հասցնել. իր «չարախօսութեամբ», առանց առարկայականօրէն վաւեր պատճառի, ուրիշին թերութիւնները, տկարութիւնները եւ մինչեւ իսկ յանցանքները կը յայտնէ զանոնք անգիտացող անձերու. (ՍԻՐ. ԻԱ 28)։ Նոյնպէս «զրպարտութեամբ», երբ ճշմարտութեան ներհակ խօսքերով վնա՛ս կը պատճառէ ուրիշներու համբաւին, վարկին եւ առիթ կու տայ թիւր դատողութիւններու անոնց մասին։ Ուստի խուսափելու համար յանդուգն դատողութիւններէ, իւրաքանչիւր անձ զգո՛յշ ըլլալու է, որքան կարելի է նպաստաւոր իմաստով մեկնաբանելու իր մերձաւորին մտածումները, խօսքերը եւ գործերը։
Չարախօսութիւն եւ բամբասանք կը կործանեն մարդուս վարկը եւ պատիւը։ Արդարեւ, պատիւը «ընկերային վկայութիւն»ն է, ընծայուած մարդկային արժանապատուութեան եւ ամէն մարդ բնական իրաւունք մը կը վայելէ իր անունին վարկին, իր համբաւին եւ յարգանքին։
Չարախօսութիւնը եւ բամբասանքը կը վիրաւորեն «արդարութեան» եւ «սիրոյ» առաքինութիւնները։
Չարախօսութեան տեսակ մըն է նաեւ ստախօսութիւնը։ «Սուտ»ը կը կայանայ սխա՛լ բան մը ըսելու մէջ, խաբելու դիտաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Տէրը սուտին մէջ կը մատնանշէ սատանայական, այսինքն «չար» գործ մը. «Դուք ձեր հօրմէն՝ սատանայէն էք… անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ, ան երբ սուտ խօսի, իր խորքէն կը խօսի, վասնզի ստախօ՛ս է եւ հայր ստախօսութեան» (ՅՈՎՀ. Ը 44)։
Սուտը ճշմարտութեան դէմ ամենէն ուղղակի՛ թշնամանքն է։ Ստելը՝ ճշմարտութեան դէմ խօսիլ կամ գործել կը նշանակէ՝ մարդս սխալի տանելու չա՛ր նպատակով։
Ճշմարտութեան եւ մերձաւորին հետ մարդուն յարաբերութիւնը վիրաւորելով՝ սուտը մարդուն եւ անոր խօսքին Տիրոջ հետ ունեցած հիմնաւոր յարաբերութեան դէմ կը մեղանչէ։ Իր բնութեամբ իսկ սուտը եւ ընդհանրապէս չարախօսութիւնը դատապատելի՛ են…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 7, 2020, Իսթանպուլ