ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՌԱՋՆԱՅԻՆ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԸ՝ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հանդիպում մը ունեցած էին Ժընեւի մէջ։ Հայաստանէն եւ Արցախէն յայտնի ընդդիմադիր գործիչներ՝ Դաւիթ Շահնազարեան եւ Վիթալի Բալասանեան այդ հանդիպման ժամանակ օրակարգի վրայ բերած էին շարք մը ուշագրաւ պնդումներ, որոնք կը վերաբերէին նաեւ Շուշիի շրջանի հայերով եւ ազէրիներով վերաբնակեցման եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համապատասխան նախաձեռնութիւններուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկու անգամ հերքած էր այդ պնդումները։ Իսկ երէկ, Նիկոլ Փաշինեան բացառեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ խօսուած է որեւէ բանի շուրջ եւ այդ մասին ինք հրապարակային յայտարարութեան մէջ չէ նշած։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս Նիկոլ Փաշինեան երէկ պատասխանեց անկախ պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի հարցումին։ Խորհրդարան-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ինչ պէտք է խօսուէր եւ ինչ խօսուած է. ես մինչեւ այդ խօսակցութիւնը այս ամպիոնէն քանի մը անգամ ներկայացուցած եմ։ Բացառուած է, որ որեւէ աւելի բան խօսուի՝ քան մեր հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ ըսուած է։ Մենք հռչակած ենք, թէ ի՛նչ օրակարգ ունինք եւ ինչի մասին պիտի ըլլայ մեր խօսակցութիւնը»։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքօ յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՚աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ փոխզիջումներու հասնելու կողմերու պատրաստակամութեան։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան կարգաւորումը Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններու շարքին կը գտնուի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Ռասիա Սեկոտնիա» միջազգային լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ռուս փոխ-նախարարը ըսաւ. «Ռուսաստան միշտ կը կատարէ միջնորդի իր աշխոյժ դերը։ Ձգձգեալ այդ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ կողմերու հետ աշխատանքը մեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններու շարքին է։ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Ռուսաստանի նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի։ Սա առաւել կ՚ընդգծէ միջնորդական ջանքերու կարեւորութիւնը, կ՚աւելցնէ ուշադրութիւնը արդիւնքներու նկատմամբ»։
Մոսկուայի անմիջական ներգրաւուածութեամբ ստորագրուած փաստաթուղթերու շարքին է 1994 թուականի հրադադարի համաձայնագիրը, որ խաղաղութեան պահպանման հիմնական փաստաթուղթն է ցայսօր։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը միջնորդական առաքելութեան կարեւոր փուլ մը որակեց նաեւ 2008 թուականին Մոսկուայի մէջ ընդունուած հռչակագիրը, ուր կը խօսուի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման մասին։ «Ինչպէս գիտէք, Ռուսաստան որոշիչ դեր խաղացած է 2016 թուականի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման համար՝ Մոսկուա հրաւիրելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահները։ Կ՚իրականացնենք մեր միջնորդական առաքելութիւնը՝ ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութեամբ», ըսաւ ան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Անտրէյ Ուտենքօ շեշտեց Մոսկուայի դերակատարութիւնը հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կայունացման, բանակցային գործընթացի վերարթնացման, ինչպէս նաեւ կողմերու տարածքներէն ներս ձերբակալուած անձերու իրավիճակի մեղմացման ուղղութեամբ։
«Համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցերու համար։ Այդ պայմանաւորուածութիւններուն մէկ մասը կեանքի կոչուած է։ Սահմանին ու շփման գծին վրայ իրավիճակը յարաբերականօրէն հանգիստ է։ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կը գործէ ուղիղ կապ, տեղի ունեցած է լրագրողներու փոխադարձ այցը։ Վերադարձուած են Զաւէն Կարապետեանն ու Իլվին Իպրահիմովը, որոնք կողմերուն մօտ կը պահուէին։ Կը շարունակուի նաեւ միւս ձերբակալեալներու պարագային աշխատանքը, որուն միացած է նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն։ Կը կարծենք, թէ սա կը վկայէ հասարակութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ յստակ քայլերու ձեռնարկելու կողմերու մտադրութիւններուն մասին։ Այս մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները մասնաւորապէս խօսած են վերջերս Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ։ Կողմերը կը յայտարարեն փոխադարձ զիջումներու հասնելու պատրաստակամութեան մասին։ Կը սատարենք այդ տրամադրութեան։ Հիմք գոյութիւն ունի աշխատանքի շարունակման համար. գլխաւորն է՝ ցուցաբերել քաղաքական կամք», եզրափակեց Ուտենքօ։