ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Գերմանիա։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին՝ Պերլինի մէջ այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Նիկոլ Փաշինեան կը տեսակցի նաեւ Պունտեստակի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ։ Փաշինեան գերմանական գիտական ու փորձագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ ալ հանդիպում մը կ՚ունենայ «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնարկէն ներս, որ կը գործէ Գերմանիոյ Սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Պերլինի մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Մերքէլ կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը ու կը մեկնաբանեն բանակցութիւններու արդիւնքները զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։

Աւարտելով Պերլինի շփումները՝ Նիկոլ Փաշինեան վաղը կ՚անցնի Միւնիխ։ Ան կը մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան։ Համաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած են Նիկոլ Փաշինեանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։

Նիկոլ Փաշինեան միջոց մը առաջ յայտնած էր, որ չի բացառուիր Միւնիխի մէջ իր հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս հաւանականութեան վերաբերեալ ցայսօր յաւելեալ որեւէ տեղեկութիւն չէ փոխանցուած պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020