ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ
Իտլիպի իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն բնորոշել Անգարայի օրակարգը։ Սուրիոյ տագնապի սկսած շրջանէն ի վեր, ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ տեսակէտէ այսքան ահազանգային կացութիւն մը չէր ստեղծուած։ Բացի առկայ հարցերու Թուրքիոյ վերաբերեալ երեսակներէն, ընդհանրապէս ալ Սուրիոյ հիւսիսին կացութիւնը բաւական լարուած է։ Իտլիպի մօտակայքին երէկ քիթ-քիթի եկան Սուրիոյ բանակի, Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերը։ Ինն տարուան ճգնաժամի ամբողջին մէջ շատ հազուագիւտ, կամ գրեթէ աննախընթաց պահ մըն էր այս մէկը եւ իսկապէս աշխարհ մտահոգութեամբ հետեւեցաւ այս վտանգաւոր իրադարձութեան։ Դէպքը պատահեցաւ Գամիշլիի գիւղերէն մէկուն մէջ։
Այս ծանր իրավիճակին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ յամառօրէն յառաջ տանիլ իր անզիջող քաղաքականութիւնը՝ միշտ իրեն ուղղեալ վտանգները չէզոքացնելու առաջադրութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը՝ անդրադառնալով Սուրիոյ ներկայ իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս հաղորդած էինք, սա բաւական խիստ ելոյթ մըն էր։ Էրտողան այս ելոյթին մէջ պատգամները բանաձեւեց չորս հիմնական ուղղութիւնով։ Ռուսաստանի պարագային նախագահը շեշտեց, որ ցայսօր տրուած խոստումներն ու համաձայնութիւնները չեն յարգուած։ Ուստի, Թուրքիա այլեւս պիտի առաջնորդուի՝ հաշուի առնելով առկայ իրողութիւնները։ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ուղղուած պատգամին մէջ Էրտողան յստակօրէն նշեց, որ եթէ թուրք զինուորները դոյզն իսկ վնաս մը կրեն, ապա Սուրիոյ կառավարական զօրքերը ամէնուրեք թիրախ պիտի դառնան։ Սուրիոյ ընդդիմադիրներու պարագային ալ Էրտողան հասցէագրեց ազդարարութիւններ։ Թուրքիա այլեւս անզիջող պիտի ըլլայ քմահաճ վարուողներու դէմ ու երբեք պիտի չհանդուրժէ խափանարարութիւններուն։ Միջազգային հանրութեան ուղղեալ պատգամին մէջ ալ նախագահը յիշեցուց, որ Անգարա վճռած է մինչեւ ամսավերջ Սուրիոյ կառավարական զօրքերը ետ մղել այն շրջաններէն, ուր տեղակայուած են թրքական զօրքերու դիտարկման յենակէտերը։
Էրտողան երէկ օրուայ սկիզբին կատարած այս կարեւոր յայտարարութիւններէն վերջ, օրուան տեւողութեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նախագահը տեղեկացուց, որ իր ռուս պաշտօնակցին հետ արժեւորումի ենթարկած են Իտլիպի գործընթացը։ Երկու ղեկավարները համաձայնած են, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններէն, Պաշտպանութեան նախարարութիւններէն եւ լրաքաղութեան ծառայութիւններէն պատուիրակութիւններ Մոսկուայի մէջ վարեն բանակցութիւններ։ Այդ շփումները պիտի սկսին շուտով։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, յառաջիկայ օրերուն Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան պիտի ուղեւորուին Մոսկուա։ Նախագահը շեշտեց, որ ներկայ փուլին Թուրքիա որեւէ ետքայլ պիտի չկատարէ։ Ներկայիս հաւանական կը նկատուի նաեւ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռախօսազրոյց մը։
Անգարա-Մոսկուա առանցքի այս խտացեալ շփումներուն զուգահեռ՝ Թուրքիա երէկ հիւրընկալեց նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամի գծով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրին։ Ան տեսակցեցաւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի, ինչպէս նաեւ նախագահ Էրտողանի բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի հետ։ Թէեւ Սպիտակ տունը երէկ տեղեկացուց, որ չի պատրաստուիր ռազմական որեւէ միջամտութեան Իտլիպի իրադարձութիւններու պարագային, սակայն ամերիկեան կողմին հետ վարուած բանակցութիւնները յամենայնդէպս կարեւոր էին։ Թրքական կողմը ներկայիս կ՚ընդգծէ միջազգային հանրութեան զօրակցութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի Սուրիայէ ներս քաղաքական լուծման գործընթացը բանի, կառավարական զօրքերու յարձակումները կանգ առնեն եւ նոր սահմանադրութեան մշակման կոմիտէի աշխատանքները թափ ստանան։ Այս բոլորը կարեւոր են արդար ու ազատ ընտրութեան մը մթնոլորտը ստեղծելու առումով։
Միւս կողմէ, Իտլիպի իրադարձութիւնները երէկ օրակարգի վրայ եկան նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին ժամանակ։ Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հուլուսի Աքար, որ նիստերէն առաջ տեսակցութիւն մըն ալ ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Մարք Էսփըրի հետ։ Իր կարգին, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի Ռուսաստանի կողմէ պաշտպանուած Սուրիոյ կառավարական ուժերը կասեցնեն յարձակումները Իտլիպի մէջ։ Դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ ՆԱԹՕ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Թուրքիոյ։