ԵՄ-ի հետ նոր որակով կապեր

Հայաստան ինքզինք կը համարէ եւրոպական, արեւմտեան մշակոյթի, քաղաքակրթութեան կրող երկիր մը՝ թէեւ կը գտնուի Արեւելքի հետ խաչմերուկի վրայ։ Պատմական զանազան եղելութիւններու բերումով Հայաստանի կրած մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան մէջ զգալի է նաեւ արեւելեան ազդեցութիւնը։

Անկախութենէն ի վեր Հայաստան ձգտած է զարգացնել իր համագործակցութիւնը Եւրոմիութեան եւ Եւրոպայի երկիրներուն հետ։ Հայկական դիւանագիտութիւնը վերջին երեք տասնամեակի տեւողութեան ատեն-ատեն նոյնիսկ սուր երկընտրանքներու առջեւ մնացած է, սակայն սկզբունքօրէն երբեք չէ շեղած եւրոպական ուղղութենէն։ Դէպի Եւրոպա բացուելու որոնումներուն մէջ Հայաստան, հիմ-նական գործընկեր համարած է Ֆրանսան, որ ԵՄ-ի շարժիչ ուժերէն մին է։ Ֆրանսայի առընթեր Հայաստանը խրախուսող դեր ունեցած են նաեւ՝ Յունաստանը եւ Իտալիան։ Հայկական դիւանագիտութիւնը յամառ ջանքերով ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները կայուն հունի մը մէջ դրած է, յստակ բանաձեւումներով փաստաթուղթի մը ստորագրման հասած է, մինչ մասնակիցն է նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին։ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու կայունացման ժամանակաշրջանը դժբախտաբար համընկնած է բարդ փուլի մը։ Այսօր ԵՄ-ի դերը որոշ չափով տկարացած է միջազգային գետնի վրայ՝ BREXIT-ով հանդերձ։ Բայց, Եւրոպան կը մնայ Եւրոպա։ Թէեւ եւրոպական երկիրները ընդհանուր կամք մը կը ցուցաբերեն ԵՄ-ի պահպանման ուղղութեամբ, սակայն միջազգային գործընթացները այնպէս մը կ՚ընթանան, որ իւրաքանչիւրը շատ աւելի ընդգծեալ ձեւով կը ջանայ իր գլխուն ճարը նայիլ։

Այս համայնապատկերին վրայ Երեւանի եւ Պեր-լինի միջեւ զարգացող յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են։ ԵՄ-ի հիմնական շարժիչ ուժերը կը շարունակեն մնալ Փարիզն ու Պերլինը։ Ուստի, Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները Հայաստան կը լրամշակէ Գերմանիոյ հետ կապերով։ 

Ներկայիս Հայաստան Եւրոպայի հետ նոր որակով կապեր կը հաստատէ, ինչ որ կրնայ պայմանաւորել իր միջազգային կշիռը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2020