ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՈՒ ՅԱՄԱՌ ՔԱՅԼԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին հեր­թա­կան նիս­տը։ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու օ­րա­կար­գի վրայ էին սու­րիա­հա­յե­րու տրա­մադ­րուած բժշկա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­ներն ու առ­կայ խնդիր­նե­րը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ զե­կոյ­ցով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան փոխ-նա­խա­րար Վա­հան Պօ­ղո­սեան։ Հարկ է նշել, որ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը անվ­ճար կ՚ա­պա­հո­վէ սու­րիա­հա­յե­րու դար­մա­նու­մը։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­յա­ցուած տուեալ­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ ներ­կայ տա­րուան ա­ռա­ջին ե­ռամ­սեա­կին նա­խորդ տա­րուան բաղ­դատ­մամբ անվ­ճար բժշկա­կան օգ­նու­թիւն ստա­ցած­նե­րուն թի­ւը գրե­թէ կրկնա­պատ­կուած է։ Ուս­տի, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ ամ­բողջ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­կար­գին, ո­րոնց ջան­քե­րով բար­դու­թիւն­ներ չեն յա­ռա­ջա­նար ու կը կա­տա­րուի մեծ գործ մը։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց նաեւ սու­րիա­հայ բժիշկ­նե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնք ա­մէն շա­բաթ Սուրի­ա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րո­նէն ներս կ՚ըն­դու­նին հի­ւանդ­ներ եւ անվ­ճար խորհր­դա­տուու­թիւն կը տրա­մադ­րեն։ Ըստ նա­խա­րա­րին, բարձր գնա­հա­տե­լի այս կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը թե­թեւց­նէ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան հա­մա­կար­գին բե­ռը։

Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին ըն­թաց­քին զե­կու­ցում մըն ալ ներ­կա­յա­ցուց Հայ­կա­կան Կար­միր խա­չի ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­նա Ե­ղիա­զա­րեան, որ եւս ներ­կա­յա­ցուց սու­րիա­հա­յոց հա­մար ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թեան շուրջ տուեալ­ներ, նաեւ կանգ ա­ռաւ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րուն վրայ։ Ըստ ի­րեն, աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին հա­շուի առ­նե­լով նաեւ սու­րիա­հա­յոց հոս­քը եւ ա­նոնց խնդիր­նե­րուն ար­ձա­գան­գե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կեան­քի կը կո­չուին Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, ՄԱԿ-ի փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կին եւ այլ պե­տա­կան կամ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Այս զե­կոյ­ցէն վերջ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մատ­նան­շեց նաեւ յատ­կա­պէս հաշ­ման­դամ սու­րիա­հա­յե­րու խնդիր­նե­րը։ Նա­խա­րա­րին դի­տար­կում­նե­րով հաշ­ման­դամ սու­րիա­հա­յե­րու հա­շուա­ռու­մը, զա­նա­զան տա­րի­քա­յին խում­բե­րէ ե­րա­խա­նե­րու հար­ցե­րուն տար­բե­րա­կու­մը եւ հո­գե­բա­նա­կան բարձ­րո­րակ խորհր­դա­տուու­թեան մա­տու­ցու­մը ա­ռանց­քա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րուին այս ամ­բող­ջին մէջ։

Նոյն ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին զե­կու­ցու­մով մը հան­դէս ե­կաւ նաեւ «Քե­սապ» հայ­րե­նակ­ցա­կան միա­ւոր­ման նա­խա­գահ Գե­ղամ Սար­մա­զեան։ Այս հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ մշա­կուած ծրագ­րե­րուն շուրջ բա­ցատ­րու­թիւն­ներն ալ ա­ռար­կայ դար­ձան ժո­ղո­վա­կան­նե­րու քննարկ­ման։

Ամ­փո­փե­լով աշ­խա­տան­քը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ան ը­սաւ, թէ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը ա­մէն ինչ կ՚ը­նեն սու­րիա­հա­յոց զօ­րակ­ցե­լու ճա­նա­պար­հին։ Ըստ Յա­կո­բեա­նի, ցան­կա­լի պի­տի ըլ­լար, որ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­ներն ալ ա­ւե­լի աշ­խոյժ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան մէջ ըլ­լա­յին։ Հուսկ, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան խնդրեց, որ­պէս­զի բո­լո­րը ա­ռանձ­նա­պէս նրբան­կատ եւ յա­տուկ վե­րա­բեր­մունք մը ցու­ցա­բե­րեն՝ սու­րիա­հա­յոց, ի­րա­քա­հա­յոց եւ ուք­րա­նա­հա­յոց նկատ­մամբ։ 

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015