ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Արդեօք երկիւղին եւ նուիրականին զգացումները քրիստոնեա՞յ զգացումներ են։ Ո՛չ ոք կարող է տրամաբանօրէն տարակուսիլ այս մասին։ Այս զգացումները մենք բարձրագոյն չափով պիտի զգայինք, եթէ Աստուծոյ վսեմութեան տեսութիւնը ունենայինք։ Այս զգացումները, մենք պիտի զգայինք, եթէ -կարենայինք- անոր ներկայութիւնը մեզի տեսանելի եւ շօշափելի դարձնել։ Մենք զանոնք զգալու ենք, ո՛ր չափով որ կը հաւատանք, թէ Աստուած ներկայ է։ Այդ զգացումները չունենալ, կը նշանակէ ամենեւին չգիտակցիլ, ամենեւին չհաւատալ, թէ Ան ներկա՛յ է», կ՚ըսէ Ճոն Հենրի Նիուման։

Արդարեւ, առանձնութենէն վախնալ կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը չզգալ, որ թէեւ անտեսանելի է, բայց միշտ ներկա՛յ մարդուս ամբողջ կեանքին մէջ։

Առանձնութիւնը կենսավիճակ մըն է, որ անժխտելիօրէ կը պատկանի հոգեւոր կեանքին եւ անոր սրբութեան։ Ուստի առանձնութիւնը կ՚ըմբռնէ ողջախոհութիւն, աղքատութիւն եւ հնազանդութիւն։ Առանձնութիւնը, այս իմաստով կ՚ենթադրէ «նուիրական կեանք», որ աստուածճանաչութեան յատկանի՛շն է։

Ուստի առանձնութիւնը «նուիրեալ կենսավիճակ» մըն է, որ այնուհետեւ կը ներկայանայ իբրեւ «աւելի մտերիմ» նուիրում մը ճանչնալու կերպերէն մէկը՝ որ կը սկըզբ-նաւորուի Մկրտութեան խորհուրդին մէջ եւ ամբողջովին Աստուծոյ կ՚ընծայուի։

Առանձնութեան այս «նուիրեալ կեանք»ին մէջ, Քրիստոսի հաւատացեալները Սուրբ Հոգիին մղումով կ՚առաջնորդեն աւելի մօտէն հետեւիլ Քրիստոսի, իրենք զիրենք տալ ամէն բանէ վեր սիրուած Աստուծոյ եւ հետամուտ ըլլալով սիրոյ կատարելութեան ի սպաս Արքայութեան՝ նշել եւ աւետել առանձնութեան մէջ գալիք աշխարհի փառքը։

Յիսուս կ՚ըսէ. «Ով որ կրնայ ընդունիլ իմ հաստատումս, թող կատարէ զայն» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 12)։

Իրաւ է, որ մարդ ընկերային արարած մըն է, եւ մարդ կոչուած է իրերօգնութեան, բայց ահաւասիկ այս պատճառով է, որ առանձնութիւնը «նուիրական կենսավիճակ» մըն է անուանուած եւ բացառութիւն կը կազմէ բնականոն կեանքին եւ այդ իսկ պատճառով է, որ Յիսուս կ՚ըսէ՝ թէ «ով որ կրնայ ընդունիլ թող կատարէ զայն…»։

Առանձնութենէ կը վախնան շատեր, սակայն կան անձեր ալ՝ որոնք կը նախընտրեն զայն։

Պատմական-ընկերաբանական տեսանկիւնէ դիտելով առանձնութիւնը պատիժի կերպ մըն էր. հին ատեններ մարդը պատժելու մէկ կերպն էր զայն առանձնացնել եւ հեռացնել ընկերային կեանքէն։ Զոր օրինակ, յոյները «խեցեվճռի օրէնք»ին կ՚ենթարկէին այն՝ որ ընկերութեան դէմ մեղանչած էր, ի սպառ զրկելով զայն ընկերային յարաբերութիւններէ։ Թերեւս այս սովորութեան շարունակութիւնն է, որ նոյնիսկ այսօր ոճրագործները կը բանտարկուին խցիկի մը մէջ՝ զրկելով զայն բոլոր արտաքին յարաբերութիւններէ։ Մարդիկ յաճախ առանձնութեան մէջ կ՚անդրադառնան իրենց սխալներուն։ Եւ դարձեալ, մարդիկ շատ անգամ առանձնութեան մէջ մելամաղձոտութեան կը մղուին եւ բոլորովին կը փոխուի իրենց կեանքը։

Առանձնութիւնը սակայն յաճախ փնտռուած եւ նախընտրուած է իմաստուն անհատներու կողմէ, իբրեւ սքանչելի՜ պատեհութիւն, ինքնամփոփ եւ խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ ապրելու, եւ իրենց միտքը կեդրոնացնելու բարձր խորհուրդներու վրայ։

Պատութեան գլուխ գործոցներէն շատեր առանձնութեան մէջ արտադրուած են։

Առանձնութեան մէջ միայն օրհնաբեր աղօթքներ երկինք կը բարձրանան։ Քրիստոս «40 օր» լեռը բարձրացաւ եւ մարդկային բոլոր տկարութիւնները եւ փորձութիւնները յաղթելով վար իջաւ տոգորուած հոգեկան անիմանալի կորովով եւ յաղթութեամբ մղեց պայքարը ժամանակի նախապաշարումներուն եւ անարդարութիւններուն դէմ, տալով մարդկութեան «Մեծ Աւետիս»ը։ Կան բազմաթիւ օրինակներ նաեւ։

Եւ Մովսէս լեռ բարձրացաւ եւ հոն մնաց առանձին, եւ ներշնչուած՝ Տասնաբանեայ Պատուիրանները հրեայ յուսահատած եւ վատասերած ժողովուրդին։

Թովմաս Էտիսըն որ խուլ էր, եւ զերծ արտաքին թոհուբոհէն, շատ անգամ կ՚առանձնանար գիշերուան երկար ժամերուն, այդպէս էր որ անիկա հրաշալի՜ գիւտերով մեծ ծառայութիւններ եւ օգտակարութիւններ մատուց քաղաքակրթութեան։

Միլտոնի կուրութեան կը վերագրուի իր «Դրախտ Կորուստեալ» դասական հսկայ գործին արտադրութիւնը. կուրութիւնը տեսակ մը առանձնութիւն եւ ամփոփման մթնոլորտ ստեղծած էր անոր։

Արդարեւ, վանքերու դրութիւնն ալ սկզբնաւորութեան մէջ որոշ նպատակ մը ունէր. մտացի եւ կարող երիտասարդներ վանքերը քաշելով կրօնաբարոյական ուսումնասիրութեամբ կը զբաղէին։ Պէտք է ընդունիլ, որ անոնք գեղարուեստական եւ դասական գրականութիւնը մշակեցին որոշ յաջողութեամբ։ Առանձնութեան մէջ հասած միտքերէ եւ հոգիներէ գլուխ գործոցներ արտադրուած են, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը բազմաթիւ օրինակներով…։

Արդարեւ, կ՚արժէ փորձել առանձնանալ գոնէ կարճ ժամանակի մը համար եւ տեսնել առանձնութեան բարիքները։

Սիրելի՜ բարեկամներ, երբեք փորձա՞ծ էք միջոցի մը համար առանձնանալ եւ խոկալ՝ աշխարհի ժխորէն հեռո՜ւ երկնային լուռ մեղեդիներու քաղցր ձայնը ունկնդրել։ Երբեք դիտա՞ծ էք հրաշալի՜ երկնակամարը առանձին, մայր բնութիւնը անսահման, ուր անհամար աստղեր Աստուծոյ փառքը կը պատմեն եւ հոն զգալի կը դառնայ մանաւանդ Աստուծոյ մշտնջենաւոր ներկայութիւնը. հոն է որ ձեր ներհայեցողութիւնը պիտի խորանայ, հոն պիտի հասնիք հաւատքի բարձրութեան, հոն ձեր հոգիի բարձունքէն պիտի տեսնէք մարդիկ եւ աշխարհը շատ փոքր, շատ ճղճիմ, ինչպէս եւ անոնց աննպատակ վազքը տղայական։

Որովհետեւ այդ պահուն, համայն տիեզերքի մէջ դո՛ւք էք միայն որ Անհունին հետ յարաբերութեան կրնաք գալ…։

Առանձնութեան մէջ կը ստեղծեն մարդիկ իրենց գլուխ գործոցները եւ կեանքը կը ստանայ իր իսկական իմաստը։ Առանձնութենէ կը նեղուին անոնք՝ որ խորհելու վարժ չեն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 12, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020