ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ այսօր Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանի սկիզբին կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ՝ վարչական գետնի վրայ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը վերակազմակերպելու առաջադրութեամբ։ Այսօրուան ժողովի կարեւորութեան եւ նպատակներուն մասին Նորին Ամենապատուութիւնը անցեալ շաբաթ մանրամասն բացատրութիւններ տուած էր՝ թրքահայ մամուլին համար Պատրիարքարանի մէջ սարքած ասուլիսին ժամանակ։

Կրօնական ժողովի անդամներն ու համայնքային հաստատութիւններու ատենապետները կը մասնակցին այսօրուան ժողովին։ Լայնախարիսխ խորհրդակցութեան ընթացքին ջանք պիտի գործադրուի ենթագետին մը պատրաստելու համար «կեդրոնական սեղան»ի մը ստեղծման։ Նորին Ամենապատուութիւնը կը նախատեսէ այդ սեղանին շուրջ համախմբել վարժարան հովանաւորող հաստատութիւններու ատենապետները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը եւ վարժարան չունեցող երեք թաղի ատենապետը։ Այս մարմինը առաջին հերթին պիտի ըլլայ անպաշտօն եւ աշխատանք պիտի տարուի, որպէսզի ճանաչում ապահովուի անոր համար։ Հիմնական նպատակը համայնքի ընդհանուր միջոցներու արդար ու նպատակայարմար արժեւորումը պիտի ըլլայ։ Կեդրոնական սեղանին յարակից պիտի գործեն նաեւ այլ յանձնախումբեր։

Ուրեմն այսպիսի համակարգի մը ծնունդ տալու համար կազմակերպուած է այսօրուան խորհրդակցութիւնը։ Պատրիարքական ընտրութենէն առաջ, նախաձեռնարկ մարմինը կազմուած էր նման ձեւաչափի մէջ խորհրդակցութիւնով մը։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այդ նոյն ձեւաչափին մէջ նախատեսած է կեդրոնական սեղանի ստեղծման մեկնարկը։ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ պիտի ստեղծուի կեդրոնական սեղանը, որուն շուրջ Պատրիարքարանը պիտի ներկայացնեն Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Միւս կողմէ, այսօրուան ժողովին ընդառաջ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ այցելեց Պատրիարքարան։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020