ՇՊԱՐՈՒՄ

Պատուհանէս այն կողմ, կամ պատշգամէս, փողոցի միւս ափին` Ստալինեան կառուցուածքով շէնք մը կայ։ Ճիշդ կրկնապատկերը մերինին։ Մինչդեռ առաւօտուն ուղիղ կը զարնէ արեւը մեր շէնքին, շողերը ներս կը նետէ մեր տուներ, ընդամէնը կը հպի միայն դիմացինին. եւ այնքան կողմնակի, որ գրեթէ մութ կը մնան տուները ներսի, ու պատշգամներու շուքերը կ՚երկարին, կը յօրանջեն ու քաշուին, գրեթէ մէկզմէկու կը հասնին։ Հին սովետական շէնքը դէմքը կը յարդարէ, կը փորձէ տաքուկ ու ջերմ երեւալ, ու նախանձով, երեւի, մեր շէնքին կը նայի։

Սուրճս կը պատրաստեմ, կտոր մը տուրմ կ՚առնեմ ափիս մէջ կամ քաղցր սուճուխ, ու տաք բաժակը միւս ձեռքի մատներէս կախուած կը մօտենամ պատշգամ, կը բանամ դուռը, կը նստիմ աթոռակին ու առաւօտեայ արեւը գրկաբաց կ՚ընդունիմ։ Տուրմը կը նետեմ բերանս, կամ սուճուխէն խածիկ մը կ՚առնեմ, եւ կը սպասեմ։

Գիտեմ, որ ուր որ է դիմացի պատուհաններէն մէկուն մէջ բան մը պիտի շարժի, մէկը պիտի գայ, կին մը, մէկն այդ միքանիէն, որ ամէնօրեայ աւանդական այդ ծէսին ձեռնարկէ։ Ոչ միայն շէնքը, արդարեւ, այլ անոր բնակիչ տիկնայք եւս ամէն առաւօտ կը շպարուին, այդ ալ այնքան հետաքրքրական դիրքաւորումով, որ ամէնօրեայ շարժապատկերի նիստ-ցուցադրութիւն մը կը գոյանայ սուրճիս ժամուս, տուրմիս հետ։

Տան մէջ զուրկ բնական լոյսէ՝ ստիպուած բոլորն ալ կը մօտենան շէնքի փողոցամերձ երեսին, կը կանգնին պատուհանին առաւելագոյնս մօտիկ, ու փոքր հայելի մը ձեռքերնին առած, կը սկսին ներկեր քսել իրենց այտերուն, կոպերուն, կամ բերանին։

Այսօր ձախ թեւի երկրորդ յարկի տիկինն է ամենէն առաջ դիրքաւորուողը։ Դեղին-սպիտակ մազերը լաւ մը ետեւ քաշած, բամպակով կը սկսի ճակատը ներկել, հոս-հոն տարիքի դրոշմած ծակտիկները փակելու մարմաջով։ Տեսնես անունը ի՞նչ է. ինչո՞վ կը զբաղի. ինչո՞ւ եւ որո՞ւն համար կը շպարուի. ո՞ւր պիտի երթայ։

Յետոյ աջ թեւի ամենէն վերի պատուհանի վարագոյրը կը քաշուի, բնական սեւ մազերով երիտասարդուհի մը կը նայի պատուհանին, բայց ոչ անկէ դուրս, այլ ներս անկէ, ինքն իր վրան, պատուհանի ապակին իսկ օգտագործելով որպէս հայելի։ Մատիտ մը բռնած մատներուն մէջ, որոնք բարակ ըլլալու են, այդպէս կ՚երեւակայեմ, կը շրջանակէ աչքերը, կը ժպտայ ինքն իրեն, արագ կը համբուրէ ապակին ու կ՚անհետի մութին մէջ։ Տեսնես ո՞վ է. ինչո՞վ կը զբաղի. ի՞նչ կեանք է ապրածն իր։

Ճիշդ դիմացս ահա դանդաղ քայլերով կը մօտենայ վաթսունն անց տիկին մը պատուհանին։ Ոտաւոր փոքր հայելի մը կը զետեղէ լոյսի տակ ինկող ցած պահարանին, եւ կողմնակի կանգնած կը սկսի ներկով ծածկել ձախ այտը։ Յետոյ կը դառնայ միւս կողմ, հայելին կը բռնէ ձեռքին, ու աջ այտին լոյս սփռած՝ անոր գունաւորման կ՚անցնի։ Տեսնես ո՞ւր պիտի երթայ. որո՞ւն համար կը քսուի։

Սուրճի բաժակս դատարկուեր է արդէն մասնակի. մէկ երրորդն է մնացեր։ Ոչ տուրմ ունիմ, ոչ քաղցր սուճուխ, որոնցմով սպասող սուրճի լեղին հաւասարակշռել փորձեմ։ Երթամ, կտրեմ քիչ մը սուճուխէն, կամ հատեմ կտոր մը տուրմէն, ու վերադառնամ։ Տեսնեմ ո՞վ, ո՞ր պատուհանին, ի՞նչ ունի պատմելիք։

ԵՐԱՄ

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020