ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Հարպիյէի «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ ներկայիս բացուած է շահեկան ու եզակի ցուցահանդէս մը, որ լոյս կը սփռէ օսմանա-եւրոպական յարաբերութիւններուն վրայ։ «Փարիզի մէջ սուլթան մը, Իսթանպուլի մէջ կայսրուհի մը (1867-1869)» խորագրեալ այս ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ անցեալ երեքշաբթի երեկոյեան կազմակերպուած ընդունելութիւնով մը։ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթերի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը։ Մինչեւ մարտի 14-ը բաց պիտի մնայ ցուցահանդէսը, որու տանտէրը կը հանդիսանան «Նոթրը Տամ տը Սիոն» լիսէի տնօրէն Եան տը Լանսալիւ եւ փոխ-տնօրէնուհի Սուզան Սեւկի։ Քաղաքիս Ֆրանսական կաճառը եւ İSİS հրատարակչութիւնն ալ աջակցութիւն բերած են այս նախագծին։

Ցուցահանդէսը կազմակերպած կոմիսարներն են՝ պատմաբան Այլին Գօչունեան եւ հրատարակիչ Սինան Քուներալփ, որ օսմանեան արքունիքի շառաւիղներէն մին է։ Այս ցուցահանդէսը Օսմանեան կայսրութեան եւ Ֆրանսայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ փոխանակուած՝ իրարմէ տարբեր, սակայն զիրար ամբողջացնող այցելութիւններու առանցքին շուրջ շատ հետաքրքրական հանգամանքներ կը ցոլացնէ։ Սուլթան Ապտիւլազիզ, որ 1861 թուականին գահ բարձրացած է, եղած է այն առաջին օսմանեան սուլթանը, որ այցելած է Եւրոպա եւ ընդհանրապէս կայսրութեան սահմաններէն դուրս ուղեւորութիւն մը իրականացուցած է։ Մինչ այդ, սուլթանները միայն պատերազմներու կամ որսի համար մայրաքաղաքէն դուրս կու գային։ Սուլթան Ապտիւլազիզ 21 յունիս-7 օգոստոս 1867 թուականներուն շրջագայութիւն մը իրականացուցած է Եւրոպայի մէջ։ Ֆրանսայի առընթեր այդ ուղեւորութիւնը ընդգրկած է շարք մը երկիրներ. ինչպէս՝ Անգլիա, Պելժիա, Փրուսիա, Աւստրահունգարական կայսրութիւն։ Եւրոպական կառոյցներէ եւ իրադարձութիւններէ ներշնչուելով օսմանեան երկրէն ներս բարեփոխումներ կատարելու նպատակը կը հետապնդէր այս ուղեւորութիւնը։ Սուլթան Ապտիւլազիզ Փարիզի մէջ մասնակցութիւն բերած էր նաեւ 1867 թուականի Տիեզերական ցուցահանդէսին։ Ինչպէս միւս եւրոպացի մենատէրերը, սուլթան Ապտիւլազիզն ալ այդ ցուցահանդէսին մասնակցած էր Ֆրանսայի Նափոլէոն Գ. կայսրի հրաւէրով։ Միջազգային այդ մեծ ցուցահանդէսին Օսմանեան պետութիւնը բերած էր իր մասնակցութիւնը եւ այսպէսով ներգրաւուած «քաղաքակրթութիւններու» հանդիպման։ Ֆրանսայի մէջ երկրորդ կայսրութեան շրջանին կազմակերպուած ցուցահանդէսի ընդարձակ տարածքէն ներս Օսմանեան պետութիւնը ունէր հսկայ տաղաւար մը։ Ցուցահանդէսը այս բոլորին վրայ լոյս սփռելու առընթեր, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ նաեւ օսմանա-եգիպտական յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք այդ շրջանի միջազգային իրադրութեան տեսակէտէ կը ներկայացնէին հետաքրքրութիւն։ Սուլթանի ուղեւորութիւնը քաղաքական ու տնտեսական երեսակներով ներկայացուած է ցուցահանդէսին մէջ։

Ապտիւլազիզի Փարիզ այցելութեան չափ հետաքրքրական է Նափոլէոն Գ. կայսրի կողակցին՝ Էօժենի կայսրուհիի Իսթանպուլ այցելութիւնը, որ այս ցուցահանդէսի միւս հիմնական առանցքը կը հանդիսանայ։ 11-19 հոկտեմբեր 1869 թուականներուն կայսրուհին շաբաթ մը հիւրընկալուած է օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ։ Այդ շրջանին Սուեզի ջրանցքի բացումը դէմ յանդիման բերած էր սուլթան Ապտիւլազիզն ու Օսմանեան կայրութեան տարածք հանդիսացող Եգիպտոսի խիտիւը՝ Իսմայիլ փաշան։ Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ մրցակցութիւնն ալ այդ համայնապատկերին վրայ ունէր մասնաւոր տեղ մը։ Ուստի, Էօժենի կայսրուհիի Իսթանպուլ այցելութիւնը այս բոլոր երեսակներով մատուցուած է ցուցահանդէսին մէջ։ Այդ այցելութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տեսակէտէ ալ նոր տարրեր կը բովանդակէր։ Արդարեւ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ օսմանեան սուլթանի այցելութեան կը փութար անձնաւորութիւն մը, որ թագ կը կրէր եւ կը պատկանէր իգական սեռին։ Շաբթուան մը տեւողութեան իրարու կը յաջորդեն ընդունելութիւններ, խրախճանքներ եւ կալաներ։ Սուլթանի այս շքեղ հիւրընկալութիւնը թէեւ որոշ չափով ստուերի տակ պիտի մնար քանի մը շաբաթ անց՝ Սուեզի ջրանցքի բացումով, սակայն Էօժենի կայսրուհին պիտի շարունակէր սրտին մէջ կրել Վոսփորի ափին անցուցած օրերու յիշատակը եւ աւելի քան երեսուն տարի վերջ երկու անգամ եւս պիտի այցելէր Իսթանպուլ՝ գահընկէց կայսրուհիի կարգավիճակով։

Ցուցահանդէսը այցելուներուն կը ներկայանայ շրջանի վերաբերեալ պաստառներով, կրավիւրներով, լուսանկարներով, մամուլէ մէջբերումներով եւ արխիւային առարկաներով, որոնք համադրուած են գեղարուեստական բարձր ճաշակով։ Ցուցահանդէսի որակը կ՚ապահովէ, որ մատուցուած նիւթին ներթափանցելու առընթեր այցելուները կարենան հմայուիլ Փարիզի եւ Իսթանպուլի գեղեցկութիւնով։

Սուլթան Ապտիւլազիզի այցելութիւնը իսկապէս ունեցած էր պատմական նշանակութիւն՝ այն աստիճան, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահներէն Շարլ տը Կոլ 1968 թուականին Թուրքիա կատարած պետական այցելութեան ժամանակ անդրադարձած էր այդ ուղեւորութեան դարադարձին։ Թրքական եւ ֆրանսական պետութիւններու յիշողութեան մէջ հետք թողած այդ այցելութենէն հարիւր տարի անց զօրավար Տը Կոլ սուլթան Ապտիւլազիզի ուղեւորութեան պիտի անդրադառնար Կալաթասարայ լիսէին մէջ, որովհետեւ այդ կրթական հաստատութիւնն ալ եղած էր Ապտիւլազիզի ուղեւորութեան ի շարունակութիւն ապահովուած արդիւնքներէն մին։ Սուլթանի մասնակցած Տիեզերական ցուցահանդէսը Փարիզի մէջ այդ ժամանակ համախմբած էր բազմաթիւ ազգեր եւ պետութիւններ։ Ֆրանսական մայրաքաղաքի Շամ-տը-Մարս կոչուած հատուածէն ներս էր ցուցահանդէսի տարածքը։ Մասնակից բոլոր երկիրներու տաղաւարին մէջ տեղ տրուած էին նաեւ խորհրդանշական ճարտարապետական կառոյցներու, որոնք կը ցոլացնէին իւրաքանչիւրի աւանդութիւններն ու կենցաղը՝ գեղարուեստական կամ արդիւնաբերական արտադրութեան առընթեր։

Ցուցահանդէսի բացման ընդունելութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Պերթրան Պիւշվալթեր, Եան տը Լանսալիւ, Այլին Գօչունեան եւ այլք։ Ներկաներու շարքին էին Շիշլիի գաւառապետ Ալի Ֆուաթ Թիւրքէլ, կրթական տնօրէնը, այլ պաշտօնատարներ, կրթական մշակներ եւ գեղարուեստասէրներ։

Միւս կողմէ, այս ցուցահանդէսի բացման առթիւ վաղն ալ խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ։ Գիտական այս հաւաքոյթը պիտի վարէ Էրիք Անսօ։ Կլոր սեղանի ձեւաչափով նախատեսուած գիտական հաւաքոյթի ժամանակ զեկուցումներ պիտի ներկայացնեն՝ Այլին Գօչունեան, Սինան Քուներալփ, Իվ Պրիւլէ եւ Ֆիլիփ Մանսել։ Խորհրդաժողովի եզրափակիչ փուլը պիտի զուգորդուի նուագահանդէսով մը։ Այսպէս, Էմրէ Արաճը պիտի ներկայացնէ սուլթան Ապտիւլազիզի Լոնտոն կատարած այցելութեան ամենահետաքրքրական երեսակներէն մին։ Արդարեւ, ան Լոնտոնի մէջ 1600 երաժիշտներէ բաղկացեալ երգչախումբի մը համերգին մասնակցած էր՝ ունկնդրելով օսմանական տաղը։ Դաշնակահար Թորոս Ճանն ալ նուագներով մասնակցութիւն պիտի բերէ յայտագրի այս փուլին։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020