ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Մարդ դէպի առաջ ոստնելու համար, նախ պահ մը կանգ կ՚առնէ, մի քանի քայլ ետ կ՚երթայ, իր ընդհանուր վիճակը աչքէ կ՚անցընէ, եւ յետոյ կ՚ոստնու դէպի առաջ։ Կեանքի մէջ ալ տեսարանը գրեթէ նո՛յնն է. մարդ երբ նոր կեանքի մը, նոր ապրելակերպի մը պիտի սկսի, կանգ կ՚առնէ, իր հին սովորութիւններէն ձերբազատելու համար իր նախկին կեանքը, ապրումները աչքէ կ՚անցընէ, հին կեանքէն պահեր, դրուագներ կը վերապրի, բաղդատութիւններ կ՚ընէ, անցեալը վերջին անգամ, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կ՚ապրի, եւ երբ այլեւս ինքզինք պատրա՛ստ զգայ՝ իր նոր կեանքին կը սկսի։ Մարդ ասիկա կ՚ընէ՝ որպէսզի իր նոր կեանքին մէջ տարակոյսներ չունենայ եւ չզղջայ, որ նոր կեանքի մը, նոր ապրելակերպի մը սկսած է։ Կերպով մը, այդ ետդարձը ապահովութիւն կը ներշնչէ իր ապագայի նոր կեանքին, նոր ապրելակերպին համար։

Ահաւասի՛կ, «Բուն Բարեկենդան»ն ալ, եթէ ոչ էապէս, բայց երեւութապէս այս ապրելակերպի փոփոխութեան ատեն կատարուած գործին կը նմանի։ Նոր շրջանի մը սկիզբին՝ վերջին անգամ «հին»ը յիշել, «հին»ը ապրիլ եւ հանգիստ սրտով, վստահութեամբ, առանց որեւէ վարանումի կամ տարակուսանքի նոր եւ բոլորովին «տարբեր» շրջանի մը սկսելու թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ մտապէս եւ թէ հոգեպէս պատրա՛ստ ըլլալ…։

Արդարեւ, մարդ միշտ կը ձգտի կատարելութեան։ Եւ կատարելութեան հասնելու ամենէն ապահով միջոցն է ապրելակերպերու միջեւ բաղդատութիւններ ընել յաճախ։

Մարդ էակին կեանքի նպատակն է կատարելութիւնը, կատարելութեան հասնելու համար ան ամէն միջոց կը գործածէ, յաճախ անցեալը ապրելով՝ թերութիւնները, տկարութիւնները եւ անկատարութիւնները տեսնել, անոնց անդրադառնալ եւ ըստ այնմ անոնք սրբագրել եւ այդ ճամբով կատարելութեան հասնիլ՝ մարդ էակին առաջնակարգ նպատա՛կն է։

Մարդ կրնայ «ունայնութիւն ունայնութեանց» համարել ամէն ինչ եւ ինքզինք՝ չնչին մասնիկ մը անհո՜ւն տիեզերքի անսահմանութեան մէջ։ Բայց մարդուն հաւատքը, յոյսը կը ներշնչեն ճիշդ ըմբռնումը ինքնաճանաչման, կատարեալին ձգտելու իմացութեան։

Բարեկենդանի զուարթ տօնակատարութեան կը յաջորդեն Մեծ պահքի լռութեան եւ խոկումի օրերը։ Մարդկային կեանքը ընդհանրապէս կ՚ընթանայ փոփոխութիւններով եւ վայրիվերումներով. կեանքը երբեք միօրինակ ընթացք մը չէ, հոգեկան մակընթացութեան եւ տեղատուութեան իրերայաջորդ փուլերով, անսանձ կրքի փոթորկումներու կը յաջորդեն զգաստութեան խաղա՜ղ պահերը։

Մեծ պահքի շրջանին, հաւատացեալներ կը հրաւիրուին խոկումի, աղօթքի, լռութեան եւ խորհրդաւոր «առանձնութեան»։ Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, Մեծ պահքի շրջանը, որ կը յաջորդէ Բարեկենդանի տօնակատարութեան, «ինքնամփոփման շրջան» մըն է կոչուած։

Մարդ որպէսզի ա՛լ աւելի կարողանայ ճանչնալ ինքզինք, որպէսզի կարենայ հասկնալ իր ներաշխարհը եւ «ներքին մարդ»էն ծնունդ առած զգացումները, կ՚առանձնանայ՝ ինքն իր մէջ կ՚ամփոփուի։

Առանձնութիւնը մարդուս համար ինքն իրեն դառնալու եւ ինքզինք ճանչնալու միջոցն է։ Առանձնութեան մէջ է, որ մարդ կը զգայ իր շուրջի գեղեցկութիւնները եւ վեհութիւնները, կ՚անդրադառնայ, թէ կա՛ն նաեւ իր նմանները՝ «ուրիշ»ներ, եւ հետզհետէ կը սկսի սիրել զանոնք, նուիրուիլ անոնց եւ նոյնիսկ դիմել եւ յանձն առնել զոհողութիւնը։

Յիսուս Իր առաքելութեան սկսելէ առաջ քառասնօրեայ առանձնութեան, պատրաստութեան շրջան մը անցուց։ Իսկ իր առաքելութեան շրջանին յաճախ կ՚առանձնանար՝ աղօթելու՝ երկնային Հօրմէն ո՛ւժ ստանալու համար։

Չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը էական պայմաններն են բարւոք կեանքի մը՝ առողջութեան եւ յաջողութեան։ Արդարեւ, կրօնքն ալ, բանականութիւնն ալ, բարոյականն ալ այս կը պահանջեն՝ չափաւորութիւն եւ պարզութիւն։ Ուստի, մարդու ընդհանուր բնախօսական կազմուածքը չափաւոր եւ պարզ սնունդի մը իւրացումով աւելի՛ կորովի, աւելի՛ պինդ, աւելի՛ յարմար է ծառայութեան։ Զեղխութիւնը եւ անժուժկալութիւնը կերուխումի մէջ, կը թունաւորեն կազմուածքը, վավախտարակ կ՚ընեն մարդը եւ անընդունակ՝ ազնիւ եւ բարձրագոյն մտածութիւններու եւ գործերու։ Աւելորդ է ծանրանալ կերակուրի տեսակին վրայ. պահքի նկատմամբ որքան խստապահանջ, նոյնքան ալ պէտք է ըլլալ ողջամի՛տ։ Այս իմաստով, զուտ կերակուրի տեսակէտէն, յարաբերական արժէք մը ունի պահքը։ Ուստի Պօղոս առաքեալի համաձայն, ուտողը պէտք չէ անգոստնէ չուտողը, չուտողն ալ պէտք չէ դատապարտէ ուտողը։ Մէկը որ ըստ օրէ ծոմ կը պահէ, մէկն ալ ամէն օր ծոմ կը պահէ. իւրաքանչիւրը իր միտքը թող հաճեցնէ։ Ահաւասիկ «ողջամիտ տեսութեան» մը բանաւոր բացատրութիւնը պահքի մասին։ Արդարեւ, Աստուծոյ արքայութիւնը ո՛չ ուտելիք է եւ ոչ ալ խմելիք, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութի՛ւն։

Ուստի, կերակուրի համար Աստուծոյ գործը պէտք չէ՛ ընդհատել կամ կասեցնել. կերակուրի համար կ՚արժէ՞ եղբայր մը տրտմեցնել, վշտացնել… սիրոյ ընթացք մը չէ ասիկա, կերակուրի պատճառով եղբայր մը կորսնցնել ներհա՛կ է աստուածային սիրոյ։ Սէրը կը գերազանցէ ամէն զգացում եւ ամէն վարմունք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 15, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2020